Կիրակի, Նոյեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայց. Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմ. Ն. Ս. Օ. Տ. Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻՆ ՇՆՈՐՀԵԼԻՔ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ԱՌԹԻՒ ԳԵՐԱԳՈՅՆ

Հայց. Եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի բարեխնամ առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի եւ Թեմական խորհուրդի հրաւէրով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Թեմիս 90ամեակին առթիւ Հոկտեմբեր 25-30 Հովուապետական այցելութիւն պիտի շնորհէ Թեմիս։

            Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 26ի երեկոյեան Նորին Սրբութիւնը Սարկաւագներու, Թեմիս Հոգեւորականներու եւ հիւր Հոգեւորականներու թափօրով եւ երգչախումբի կողմէ երգուած «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ, մուտք պիտի գործէ Առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարէն ներս, ուր Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հոգեկան ցնծութեամբ Վեհափառ Հայրապետին բարի գալուստ պիտի մաղթէ եւ զինք ներկայացնէ հաւատացեալներուն։ Նորին Սրբութիւնը այս առթիւ իր անդրանիկ հոգեւոր պատգամը եւ օրհնութիւնները պիտի փոխանցէ հաւատացեալներուն։

            Կիրակի, Հոկտեմբեր 29ին Վեհափառ Հայրապետը հանդիսաւոր կերպով պիտի Պատարագէ եւ քարոզէ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ։ Արարողութեան պիտի մասնակցին բարձրաստիճան հոգեւորականներ։ Սուրբ Պատարագի երգեցողութիւնը պիտի կատարէ Խաչատուրեան երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ Բրշ. Ստեփան Սրկ. Կէօզիւմեանի։ Ողջոյնի եւ բարի գալստեան խօսքով անգամ մը եւս Նորին Սուրբ Օծութիւնը հաւատացեալներուն պիտի ներկայացնէ Թեմակալ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը։

            Վեհափառ Հայրապետի Օծման եւ Գահակալութեան 18րդ Տարեդարձին առթիւ պիտի կատարուի «Մաղթանք Հայրապետական»։ Իսկ Սուրբ Պատարագի աւարտին Առաջնորդարանի Թրբանճեան հրապարակին վրայ տեղի պիտի ունենայ մատաղի օրհնութիւն՝ ձօնուած Թեմիս վախճանեալ հոգեւորական եւ աշխարհական հիմնադիրներուն, ինչպէս նաեւ զոհուած հայ ազատամարտիկներու յիշատակին։

 

***

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԵՔՍԻՔՕ ՍԻԹԻԻ ՀԱՅՑ. ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ 

ԵՒ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ 

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 30ի առաւօտ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը՝ ընկերակցութեամբ Թեմակալ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Թեմական խորհուրդի ատենապետ՝ իրաւաբան Տիար Ժոզէֆ Կանիմեանի, ՀԲԸ Միութեան Կեդրոնական վարչութեան փոխ ատենապետ՝ Տիար Սինան Սինանեանի եւ շքախումբի կարգ մը անդամներու, պիտի մեկնի Մեքսիքօ Սիթի, ուր պիտի կատարուի Միջ-Եկեղեցական յատուկ արարողութիւն՝ նուիրուած երկրաշարժի զոհերուն։ Նորին Սրբութիւնը եւ իրեն ընկերացողները նոյն օրը ուշ գիշերին պիտի վերադառնան Լոս Անճելըս։

***

ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ 

ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ 

Ուրախ ենք յայտարարելու, թէ Թեմիս պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Բարձր Նախագահութեամբ՝ 1-3 Նոյեմբեր 2017ին, Առաջնորդարանի մէջ պիտի գումարուի Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի Ժողովը, որուն պիտի մասնակցին նաեւ Թեմական Խորհուրդի անդամները։ Առ ի գիտութիւն, վերջին շրջանին Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրի Ժողով գումարուեցաւ Արցախի թեմէն ներս, Նոր Նախիջեւանի եւ Ռուսաստանի Հայոց թեմէն ներս եւ Հայց. Եկեղեցւոյ Արեւելեան թեմէն ներս՝ Նիւ Եորք։ Պատմական այս ժողովը թեմիս կառոյցէն ներս առաւել խանդավառութիւն պիտի ստեղծէ։

            Սոյն ժողովին պիտի մասնակցին Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի հետեւեալ հոգեւորական եւ աշխարհական անդամները։

            Գերշ. Տ. Աւագ արքեպիսկոպոս Ասատուրեան՝ Իրաքի Հայոց թեմի առաջնորդ, Գերշ. Տ. Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան՝ Արցախի թեմի առաջնորդ, Գերշ. Տ. Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեան՝ ԱՄՆ Հայոց Արեւելեան թեմի առաջնորդ, Գերշ. Տ. Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան՝ ԱՄՆ Հայոց Արեւմտեան թեմի առաջնորդ, Գերշ. Տ. Նաւասարդ արքեպիսկոպոս Կճոյեան՝ Արարատեան Հայրապետական թեմի առաջնորդական փոխանորդ, Գերշ. Տ. Սեպուհ արքեպիսկոպոս Չուլճեան՝ Գուգարաց թեմի առաջնորդ, Գերշ. Տ. Աբրահամ արքեպիսկոպոս Մկրտչեան՝ Վայոց Ձորի թեմի առաջնորդ, Գերշ. Տ. Եզրաս Արքեպիսկոպոս Ներսիսեան՝ Նոր Նախիջեւանի եւ Ռուսաստանի Հայոց թեմի առաջնորդ, Գերշ. Տ. Վազգէն եպիսկոպոս Միրզախանեան՝ Վիրահայոց թեմի առաջնորդ, Գերշ. Տ. Արշակ եպիսկոպոս Խաչատրեան՝ Մայր Աթոռի դիւանապետ, Գերշ. Տ. Բագրատ եպիսկոպոս Գալստանեան՝ Տաւուշի թեմի առաջնորդ, Գերշ. Տ. Մուշեղ եպիսկոպոս Բաբայեան՝ Մայր Աթոռի Վարչա-տնտեսական բաժնի տնօրէն, Գերշ. Տ. Վահան եպիսկոպոս Յովհաննիսեան՝ Ֆրանսայի Հայոց թեմի առաջնորդ, Տիար Թագւոր Բոյաճեան՝ ԳՀԽի անդամ, Տիար Գէորգ Դանիէլեան՝ ԳՀԽի անդամ, Տիար Վահան Տէր-Ղեւոնդեան՝ ԳՀԽի անդամ, Տիար Ժոզէֆ Կանիմեան՝ ԳՀԽի անդամ եւ Հոգշ. Տ. Զաքարիա Ծ. Վրդ. Բաղումեան՝ Եկկեղեցական-ժողովական կառոյցների գրասենեակի տնօրէն։

 

            Վստահ ենք, Նորին Սրբութեան պատմական Հովուապետական Այցելութիւնը հոգեկան խանդավառութիւն պիտի ստեղծէ եւ բոլորս ալ պիտի արժանանանք իր օրհնութիւններուն։

 

ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

Պրպէնք

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ