ԱՒՍՏՐԻԱ. Երկրին խորհրդարանական ընտրութիւններուն յաղթական տարաւ պահպանողական Ժողովրդական կուսակցութիւնը իր 31ամեայ պարագլուխով, որ կը կոչուի Սեպասթիան Քուրզ։ Ան այսպիսով կը դարձաւ աշխարհի ամենակրտսեր ղեկավարը։
ՈՒՔՐԱՆԻԱ. 2019ին կայանալիք նախագահական ընտրութիւններուն, ուքրանական «Պաթքիվշինա» կուսակցութեան ղեկավար Եուլիա Թիմոշենքոն յայտարարած է իր թեկնածութիւնը։ Ան գործող նախագահ Փիոթր Փորոշենքոն մեղադրած է դրամի լուացման եւ բանակի մատակարարման կեղծ պայմանագրի մէջ։
ԱՄՆ. Նախագահ Թրամփ կոշտ քննադատութեան ենթարկած է 2015ին նախագահ Օպամայի եւ Իրանի միջեւ ստորագրուած միջուկային համաձայնութիւնը։ Թրամփ մեղադրած է Իրանը, որ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ կ՚աջակցի ծայրայեղական խումբերու։ Ան Իրանը մեղադրած է նաեւ Սուրիոյ, Իրաքի եւ Եմէնի մէջ իրավիճակը ապակայունացնելու մէջ…
ԱՄՆ. ԱՄՆի քոնկրէսին մէջ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մասին ներկայացուած է բանաձեւ մը, ուր չի յիշուիր Հայոց Ցեղասպանութեան մասին։ Փաստաթուղթը ներկայացուած է Ցեղասպանութեան ճանաչումին դէմ եղող քոնկրէսականներ Սթայվերսի, Քոէնի եւ Սեշընի կողմէ։
ՂՐՂԶՍՏԱՆ. Հոկտեմբեր 15 տեղի ունեցած նախագահական ընտրութեան ընթացքին յաղթանակած է իշխանութեան թեկնածու Սորոնպայ Ժենպեքովը։
ՍՈՄԱԼԻ. Մայրաքաղաք Մոկատիշոյի մէջ Շաբաթ օր տեղի ունեցած հզօր պայթիւնի հետեւանքով զոհուածներուն թիւը անցած է 230ը. կան շուրջ 300 վիրաւորներ։ Երկրին նախագահը յայտարարած էր եռօրեայ սուգ։ Կը մեղադրուէր «Էլ Շապապ» ծայրայեղական խումբը, սակայն անոնք չեն ստանձնած պատասխանատուութիւնը։
ԽՐԻՄ. Թուրքիոյ իշխանութիւնները արգիլած են Խրիմէն ժամանող նաւերը մուտք գործեն իրենց նաւահանգիստները։ Արգելքը կը վերաբերի որեւէ դրօշակի տակ նաւարկող նաւերու, նշուած է պաշտօնական յայտարարութեան մէջ։
ՍՊԱՆԻԱ.Սպանիոյ կառավարութիւնը կը հրաժարի Թուրքիոյ յանձնել Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող թուրք-գերմանացի գրող, 60ամեայ Տողան Աքանլին։ Էրտողանի կառավարութիւնը կը պահանջէ իրեն յանձնել, մեղադրելով զայն ահաբեկիչներու հետ ենթադրեալ կապերու մէջ։
ՎԵՆԵԶՈՒԵԼԱ. Իշխող ընկերվարական կուսակցութիւնը շահեցաւ ընտրութիւնները գրաւելով կառավարական 23 աթոռներէն 17։ Ընդդիմութիւնը չ՚ընդունիր արդիւնքներուն վաւերականութիւնը։