ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Նոյեմբերի 19-ին Լոս Անջելեսում ՀՀ Գլխաւոր հիւպատոս, դեսպան Արմէն Բայբուրդեանը ընդունելութիւն կազմակերպեց` ի պատիւ ՀՀ ԱԺ պատգամաւոր, «Իմ քայլը» խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար եւ Հայ-ամերիկեան բարեկամութեան խմբի նախագահ Լիլիթ Մակունցի: Ընդունելութեանը ներկայ էին համայնքային առաջնորդներ, հասարակական, քաղաքական, կրօնական կառոյցների ներկայացուցիչներ, տեղական պաշտօնեաներ: Ողջունելով բարձրաստիճան հիւրին` դեսպան Բայբուրդեանը շեշտեց խորհրդարանական դիւանագիտութեան կարեւորութիւնը: Այդ համատեքստում նա գնահատանքի խօսք ասաց Հայ-ամերիկեան բարեկամութեան խմբի շրջանակում տարուող աշխատանքի առիթով եւ շեշտեց, որ այդ աշխատանքը էլ աւելի կը խթանի ռազմավարական երկխօսութեան մակարդակի վրայ գտնուող հայ-ամերիկեան յարաբերութիւնները:
Լիլիթ Մակունցը ներկայացրեց ԱՄՆ Արեւմտեան ափ կատարած այցի ընթացքում ունեցած պաշտօնական հանդիպումների արդիւնքները: Նա շեշտեց, որ խորհրդարանական դիւանագիտութիւնը հայ-ամերիկեան յարաբերութիւնները զարգացելու արդիւնաւէտ հարթակներից է: «Հայ-ամերիկեան բարեկամական խմբում ընդգրկուած խորհրդարանականներով շատ որոշակի քայլերի եւ անելիքների առաջարկներով ենք հանդէս գալիս երկկողմ յարաբերութիւնները խորացնելու նպատակով», ասաց Լիլիթ Մակունցը: Խորհրդարանական մեծամասնութեան առաջնորդը յայտնեց նաեւ, որ յարաբերութիւնները խորացւում են տարբեր ուղղութիւններով` կիբերանվտանգութիւնից մինչեւ առեւտրի ոլորտ: Պատասխանելով ներկաների բազմաթիւ հարցերին` Լիլիթ Մակունցը ներկայացրեց նաեւ Հայաստանի նոր իրողութիւնները, ժողովրդավարական ինստիտուտների զարգացումը:
Հանդիպում Լիլիթ Մակունցի հետ
Կիրակի Նոյեմբեր 17-ի երեկոյեան, Լոս Անճելըսի Իրանահայ միութեան Կլենտէյլի կեդրոնի սրահէն ներս, զրոյց-հանդիպում մը կազմակերպուած էր Միացեալ Նահանգներ գտնուող Հայաստանի Ազգային ժողովի «Իմ քայլը» խմբակցութեան ղեկավար՝ Լիլիթ Մակունցի հետ։
Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան արտաքին յարաբերութեանց հրաւէրով, Ուաշինկթըն ժամանած էր Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայ-ամերիկեան բարեկամութեան խումբ»-ի չորս հոգինոց պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէր Մակունցը։ Ներկայ էին Հայաստանի Լոս Անճելըսի գլխաւոր հիւպատոսութեան ներկայացուցիչը, Կլենտէյլի քաղաքապետարանի անդամ՝ Պրն. Վարդան Կարապետեանի, ՌԱԿ Կեդրոնական եւ Շրջանային վարչութեանց ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ համայնքային ու միութենական միաւորներ։
Բացման խօսքը կատարեց հիւրընկալ միութեան անունով Պրն. Թոմիկ Ալեքսանեանը, ու ապա պատգամաւոր Լիլիթ Մակունց բեմ բարձրացաւ ու առաջին հերթին հակիրճ բացատրական տուաւ Ազգային ժողովի պատուիրակութեան Միացեալ Նահանգներ այցելութեան օրակարգին մասին։
Իր խօսքի աւարտին, Մակունց առիթը տուաւ սրահին մէջ գտնուող ներկաներուն, որպէսզի ուղղեն իրենց հարցումները։ Շուրջ երկտասնեակ հարցումներ եղան ընդգրկելով զանազան ոլորտներ, որոնց խմբակցութեան ղեկավարը լուսաբանեց յստակ պատասխաններով:
Նշենք, թէ Մակունցի երկրորդ այցելութիւնն էր այս Կլենտէյլի հայահոծ գաղութին. 2018-ին ան եկած էր որպէս Մշակոյթի նախարար։