Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

ՍԻԼՎԱ ԿԱՊՈՒՏԻԿԵԱՆԻ 100-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.-

ԴՈԿՏ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

 

            1966, Պէյրութի Խալիլ Պատաուի թաղ, Ս. Վարդան փողոց, հեղինակիս տունին պատշգամին ճիշդ տակը: Երեկոյեան ժամերուն էր եւ մարդիկ տուն կը վերադառնային գործէն, իսկ ես կը պատրաստուէի գործիս երթալ քաղաքամէջի ակումբներէն (գլըպ) մէկուն մէջ նուագելու: Տրամադրութիւնս այդ երեկոյ բացառաբար լաւ էր, որովհետեւ քանի մը օր առաջ hայրենիքի մէջ բարձրագոյն ուսումս շարունակելու դիմումս ներկայացուցեր էի եւ պատասխան կը սպասէի հայրենիքէն կամ Խորհրդային դեսպանատունէն: Չէ՞ որ ի վերջոյ պիտի իրականանար իմ եւ բոլոր հարազատներուս սրբազան փափաքը՝ գերդաստանի առաջին թոռնիկը պիտի ուսանէր հայրենիքի մէջ՝ շրջապատուած ներգաղթած հարազատներով:

            Հազիւ մուտքի դուռէն դուրս եկած էի, երբ ինծի մօտեցան հօրեղբօրս կուսակիցներէն մարդիկ, որոնք զիս գիտէին ծնած օրէս:

            – Վայրկեան մը Պրն. Մինաս,– ըսաւ անոնցմէ ամէնէն կարճահասակը, որ յայտնի էր որպէս շրջանի Համայնավար կուսակցութեան մտաւորականներէն եւ գործիչներէն մէկը.– Հայաստա՞ն դիմած ես ուսանելու, հա՞, այս քու վերջին կեցուածքներէդ ետք տակաւին յոյս ունիս Հայաստա՞ն երթալու: Ծոծրակդ կը տեսնես Հայաստանի երեսը չես տեսներ…

            Ձնհալի ջուր մը թափեցաւ գլուխէս վար, ապա քրտինք մը պատեց ամբողջ մարմինս, նոյնիսկ ինծի թուաց թէ գետին պիտի փռուէի:

            – Բայց ի՞նչ կայ, ի՞նչ ըրեր եմ ընկեր Եփրեմ,– հազիւ կրցայ ըսել եւ գլուխս վար առի:

            – Ի՞նչ մը կայ, դուն միացեր ես Լիբանանի Համայնավար կուսակցութենէն վռնտուածներուն՝ Աղպաշեանին եւ այդ Տէրտէրեանին կողմը, դուն եւ քեզի պէս ուրիշ երիտասարդներ ալ գացեր միացեր էք այդ դաւաճաններուն եւ ինկեր էք ամերիկեան իմպէրիալիզմին գիրկը:

            Վիճելը աւելորդ էր: Ճակատագիրս որոշուեր էր, որովհետեւ այս «հաւատարիմ ընկերները»  ԽՍՀՄ դեսպանութեան մօտ յաւուր պատշաճի ներկայացուցեր զիս եւ մի քանի ուրիշ երիտասարդներ, որպէս անցանկալի եւ վտանգաւոր տարրեր:

            Այդ երեկոյ ես որոշեցի վրէժ լուծել իրենցմէ ալ կուսակցութենէն ալ ի՛մ հասկցած ձեւով: Յաջորդող ամիսներուն Լիբանանի տնտեսական կացութեան վատթարացման պատճառով չկրցայ կայուն աշխատանք մը գտնել եւ որոշեցի երկրէն հեռանալ՝ ինչ ուղղութեամբ որ պատահի եւ որ մէկը որ նախ պատահի:

            Այդ առիթը չուշացաւ եւ դժգոյն յոյս մը ծագեցաւ Փարիզէն, ուր ժամանակաւորապէս ձեւարարութեան դասընթացքներու մեկնած էր դաշնակցական ընկերներէս մէկը՝  Յովհաննէսը: Նամակ գրեցի, անյոյս վիճակս բացատրեցի եւ թէ այս կացութենէն դուրս գալու միակ միջոցը մնացեր էր բախտս ու ճակատագիրս այլուր գտնելը:

            Եւ այսպէս ձմրան կէսին ցուրտ օր մը նաւ նստեցայ եւ մեկնեցայ Մարսէյ, անկէ ալ Փարիզ՝ Լիոնի կայարանը (Gare de Lion):

            Փարիզի մէջ իմ վրաս մանանա չթափուեցաւ եւ ոչ ալ փարիզուհիները վարդ ու մեխակներով դիմաւորեցին, այլ՝ մանր փաթիլներով ձիւն մը, որ կը ծակծկէր դէմքս:

            Այնուհետեւ մինչեւ երանելի օր մը՝ կեանքս տանջանք մըն էր, նաեւ ինքնահաստատման յամառ պայքար մը:

            Մարտ-Ապրիլ ամիսներուն էր, երբ լուր տարածուեցաւ մեր հանրակացարանին մէջ, թէ հայրենի մեծանուն բանաստեղծուհի Սիլվա Կապուտիկեան Փարիզ կը գտնուի եւ կը փափաքի հայ երիտասադութեան եւ ուսանողութեան հետ հանդիպում ունենալ մեր Հայ Ուսանողաց Մարի Նուպար Ոստանին մէջ: Քանի մը ընկերներով յանձնախումբ մը կազմեցինք իր այցելութիւնն ու հանդիպումը լաւագոյնս կազմակերպելու համար: Իմ պարտականութիւնս պիտի ըլլար ամբողջ օրը իրեն հետ զբաղիլ, Ուսանողական քաղաքը (Cite Universitair) պտըտցնել եւ երեկոյեան մեր Ոստանին գրադարանին մէջ բանախօսութիւն-հանդիպում մը կազմակերպել: Այդ տարի բանաստեղծուհիին 50-ամեակը կը նշուէր հայրենիքի թէ սփիւռքի մէջ:

            Ժամը տասի ատեն դեսպանութեան հայ կցորդ Մարատ Խարազեանը հասցուց Ոստան եւ ներողութիւն խնդրելով վերադարձաւ գործին՝ վստահեցնելով որ երեկոյեան անպայման ներկայ պիտի գտնուի:

            Այդ օրը ամբողջ ցերեկը ընկերոջ մը հետ պտտցուցինք Ուսքաղաքին զանազան երկիրներուն կառուցած կացարանները՝ մէկը միւսէն ինքնատիպ եւ ճարտարապետական ազգային ու արդիական լուծումներով: Հասանք Փորթուկալի ուսանողական տունը, որուն վրայ փակցուած էր Գալուստ Կիւլպէնկեանի քանդակը՝ որպէս հիմնադիր բարերարը շէնքին: Շքեղ եւ ամէնէն յարմարաւէտ ոստանն էր ան ամբողջ ուսքաղաքին մէջ: Այդ պահուն ես դառն խոհեր ունեցայ եւ զանոնք կիսեցի Կապուտիկեանին հետ: Բարկացած ըլլալս չէի կրնար թաքցնել եւ բանաստեղծուհիին հարցական նայուածքէն քաջալերուած առանց բառերը ծամծմելու ըսի.

            – Տիկ. Կապուտիկեան, ինչո՞ւ չզայրանամ, երբ մեր հայկական ճարտարապետութեամբ Ոստանին համար պէտք եղաւ օգնութիւն խնդրել ուսքաղաքի կառավարչութենէն, որպէսզի կարգ մը անհրաժեշտ նորոգութիւններ կատարուէին մեր Ոստանին վրայ,  ղեկավարութիւնը մերժեց, բայց բաւական «ազնիւ» գտնուեցաւ եւ բարիք մը ընելու տրամադրութեամբ մեզի ըսուեցաւ որ խօսինք ՀԲԸՄ-ի Փարիզի Շրջանային վարչութեան հետ, որ եթէ հինգ սենեակ տրամադրեն Ուսքաղաքի տնօրինութեան, կը խոստանան կարգադրութիւն մը ընել…

            Ի հարկէ Վարչութիւնը չհամաձայնեցաւ եւ այդպէս ալ մնաց երկար ատեն: Խօսքս աւարտելէ ետք ամպ մը անցաւ Կապուտիկեանի դէմքէն եւ հազիւ լսելի ձայնով ըսաւ. «Օտարները միշտ այսպէս են յայտնում իրենց երախտագիտութիւնը մեր ազգին»:

            Երեկոյեան ժամը եօթին սկսան ժամանել ուսանողները եւ քաղաքէն կարգ մը հետաքրքիրներ: Ժամանեց նաեւ Պրն. Մ. Խարազեանը… մեթրոյով: Կոկիկ հանդէս մը եղաւ, ներկայացուեցաւ բանաստեղծուհին եւ իր բերած խոր ազդեցութիւնը սփիւռքի աշակերտութեան հայեցի դաստիարակութեան վրայ: Արտասանուեցան իր բանաստեղծութիւններէն եւ արձակ գրութիւններէն: Կը յիշեմ որ ելոյթ ունեցողներուն մէջ էր նաեւ հայոց լեզուի անաղարտութեան քաջ զինուոր Օրդ. Հիլտա Գալֆայեանը, Վարդերես Գարակէօզեանը, ես եւ ուրիշ մի քանի անձեր, որոնց անունները ծածկուեցան տասնամեակներու մոռացութեան գիրկին մէջ:

            Հանդիպման աւարտին իրենց վերջին խօսքին մէջ թէ՛ Կապուտիկեանը եւ թէ՛ Մ. Խարազեանը անդրադարձան հայրենիքի մէջ բարձրագոյն ուսման հնարաւորութիւններուն մասին եւ կոչ ըրին մտածել նաեւ այդ ուղղութեամբ՝ յիշեցնելով թէ իրենց ուսումը աւարտելէն ետք կրնան իրենց դոկտորականները հայրենի բուհերու մէջ շարունակել առանց որեւէ կրթաթոշակ վճարելու, այլ կրթաթոշակ ստանալու…

            Երբ ներկաները կամաց-կամաց իրենց սենեակները քաշուեցան եւ քաղաքի քանի հայերն ալ մեկնեցան, Պրն. Մ. Խարազեան խնդրեց որ թաքսի մը պատուիրենք: Խնդրեցի որ մի քանի վայրկեան սպասեն մինչեւ կարգադրութիւն մը կատարենք, բայց ո՞վ պիտի վճարէր թաքսիին վարձքը…: Այդ պահուն յիշեցի թէ մեր ընկերներէն պոլսահայ Կարօ Էնֆիեճիօղլուն չորս անիւներու վրայ ընթացող Ռընօ մը ունի, որ կը հասցնէ մեզ ու կը վերադարձնէ: Խնդրանքս չմերժուեցաւ:

            Եւ այսպէս Կարօն, ես եւ մեր հիւրերը տեղաւորուեցանք այդ պստլիկ ինքնաշարժին մէջ: Ճամբուն ընթացքին զրոյց մը սկսաւ մեր միջեւ որ ճակատագրական պիտի ըլլար յետագային ինծի եւ Կարոյին համար:

            Բանաստեղծուհի Ս. Կապուտիկեան զարմանքը յայտնեց ըսելով թէ հայագիտութեան եւ բանասիրութեան համար ինչո՞ւ Երեւան չեմ գացած եւ թէ Կարօն ալ կրնար իր բժշկագիտութիւնը Երեւանի մէջ ստանալ, փոխանակ այս պաղ քաղաքին մէջ չարչարուելու:

            Կարօն ըսաւ թէ պէտք է խորհրդակցի ծնողքին հետ, որ ծրագրած են Պոլիսէն Փարիզ փոխադրուիլ: Իսկ ես քիչ քաշուելով ու ծամծմելով ըսի թէ Պէյրութ եղած ատենս դիմած էի եւ մերժուած  որպէս անցանկալի երիտասարդ: Հոս էր որ թէ՛ Սիլվան եւ թէ՛ Մարատը զարմացած, իսկ Կապուտիկեանը զայրացած աւելցուց. «Երիտասարդ, ի՞նչ ես արել, չլինի՞ թէ դաշնակների նման հակասովետական պրոպագանդ ես արել»: Ամէն ինչ պատմեցի, շեշտելով որ իմ եւ այլ ընկերներուս մասին զրպարտանքներ հասցուցած են դեսպանատուն եւ Կապի Կոմիտէ, մինչդեռ ես եւ իմ երէց ընկերները հարիւր առ հարիւր Խ. Հայաստանի ջատագովները եղած ենք, եղած ենք դեմոկրատ եւ չենք հանդուրժած ստալինեան շրջանէն մնացած ղեկավարման ձեւը, ընդհակառակը՝ մենք ենք իսկական հայրենասէրները եւ ոչ միայն ծափ տուողները…:

            – Երիտասա՛րդ, ես լաւ գիտեմ այդ բաները, ինձ գրել են այդ մասին: Դու էստեղ գործ չունես: Վաղն իսկ կը գաս դեսպանատուն եւ կը ներկայացնես դիմումդ, մնացեալը Ընկ. Խարազեանը կը տնօրինի:

            Յաջորդ օրը նշուած ժամուն ներկայացայ դեսպանատուն, անունս տուի ռուս պահակներուն եւ տեղեկացուցի, թէ Պրն. Խարազեան երէկ ինք անձամբ հրաւիրած էր դեսպանատուն: Քիչ ետք ներկայացաւ ան խիստ պաշտօնական զգեստով եւ սիրալիր կերպով ներս հրաւիրեց զիս:

– Շատ ուրախ եմ որ եկար, վերցրու այս դիմումնագիրը եւ միւս պահանջքները ամբողջացնելուց յետո ներկայացիր այստեղ եւ այս համարով էլ զանգ տուր գալուցդ մի օր առաջ:

            Ապա Մ. Խարազեան հետաքրքրուեցաւ ուսումնական կեանքովս եւ վստահեցուց թէ երբեք չմտահոգուիմ, ինք պէտք եղածը կը փոխանցէ Երեւան: Մեկնելէս առաջ վայրկեան մը սպասցնել տուաւ զիս եւ հեռաձայնով մէկու մը հետ խօսեցաւ եւ ինծի դիմելով ըսաւ. «Մի՛ շտապիր, նախ պէտք է շնորհաւորեմ քեզ…» խօսքը դեռ չէր աւարտած, երբ մատուցող մը մեր սեղանին վրայ դրաւ հայկական կոնեակ մը, ապա Մ. Խարազեան երկու բաժակները լեցուց, յաջողութիւն մաղթեց, կենացս խմեց, ես ալ խմեցի՝ մեծ դժուարութեամբ կուլ տալով հայկական առաջին կոնեակի բաժակը: 

            Ճամբու դրուելէս քանի մը րոպէ յետոյ զգացի որ հաճելի եւ մինչ այդ ինծի անծանօթ թեթեւութիւն կը զգայի եւ կարծես Փարիզի փողոցները կը դառնային շուրջս…

            Այնուհետեւ անցան օրեր, շաբաթներ ու ամիսներ եւ ես ընտելացայ Փարիզի կեանքիս, ուսանողական առօրեայիս, աշխատանքի անցայ հայ պատուական հնագրավաճառի մը մօտ, միացայ ուսանողական յառաջդիմական շարժումներուն եւ մաս կազմեցի 1968-ի Մայիսին Փարիզի Սէն Միշէլ հրապարակի եւ փողոցի մէջ ընդհարումներուն ոստիկանութեան հետ, զիս ընտրեցին ուսանողական շարժման օտարերկրացի ուսանողներու բաժանմունքի  ղեկավար մինչեւ այն օրը, երբ ինծի պէս հազարաւորներու համար յստակ դարձաւ որ սկսուած առողջ շարժումը առեւանգուեր է մեզմէ… միջազգային սիոնիզմի կողմէ:

            Ամբողջովին առօրեայէս դուրս ելած էր վիզա սպասելու եւ Երեւան մեկնելու երազը: Ամրան արձակուրդին ոչ միայն շարունակեցի աշխատիլ հնագրավաճառ Սարգիսի մօտ, այլեւ հետեւիլ ամառնային խտացեալ դասընթացքներու, իսկ շաբաթավերջերուն ուսանող ընկերներով յաճախ մեկնեցանք գաւառները եւ մասնակցեցանք խաղողի քաղման աշխատանքներուն Պորտոյի շրջանին մէջ:

            Սեպտեմբերի վերջերուն էր, երբ համալսարանէն վերադարձայ խիստ յոգնած ու պարտասած: Ոստանի իտալացի պահակը զիս տեսնելուն պէս ուրախ դէմքով ձայն տուաւ ինծի թէ հեռախօսազանգ մը եկած է Խորհրդային դեսպանատունէն եւ հեռաձայնի թիւ մը տրուած է որպէսզի անմիջապէս կապ հաստատեմ իրենց հետ:

            Սկիզբը շփոթութեան մէջ ինկայ: Ես ի՛նչ կապ ունէի դեսպանութեան հետ, ան ալ՝ Խորհրդային…

            Յաջորդ օրը հեռաձայնեցի եւ հազիւ կրցայ հասկցնել թէ ինչո՞ւ կը հեռաձայնեմ: Վայրկեան մը ետք միւս կողմէն յստակ հայերէնով ինծի ծանօթ ձայն մը ուրախ տրամադրութեամբ մը յայտնեց. «Ընկեր Գոճայեան, շնորհաւորում եմ, հայրենիքում սովորելու արտօնագիրդ հասել է, անմիջապէս գնա՛ բժիշկից վկայագիր բեր որ առողջ ես եւ պատրաստուիր Փարիզ-Մոսկուա տոմս ապահովելու: Երբոր վերջացնես էս նոյն համարով զանգ տուր վիզադ յանձնեմ: Շո՛ւտ արա՛, դասերը վաղուց սկսուել են…»:

            Վայրկեանի մէջ աչքիս առջեւ եկան Սիլվա Կապուտիկեանն ու մեր խօսակցութիւնը վերադարձի Ոստանէն պանդոկ ճամբուն վրայ: Ուրեմն Սիլվան եւ Մարատը ջրելով բոլոր արգելքները «անունս մաքրեր են»: Ինկայ լուրջ մտահոգութիւններու մէջ: Երթա՞լ, թէ՞ չերթալ: Ինչո՞ւ կէս ձգել իմ կտրած ճամբաս ու հայրենիքի մէջ եւ ոչինչէն սկսիլ նորէն, կ’արժէ՞ր…

            Առաջին լուրջ խորհուրդը եկաւ Սարգիսէն՝ իմ «պոս»էս:

            – Մէկ վայրկեան իսկ մի՛ սպասեր: Ես քեզի կ՚օգնեմ: Օ՛ն, գնա՛ նկարուէ՛, քննուէ՛ եւ տոմսակդ ապահովէ…

 

                                                                       ***

 

            Նոյեմբերեան Երկուշաբթի օր մը ոտք դրի հայկական հողի վրայ, ճիշդ այն օրը, որուն նախօրեակին ամբողջ հայութիւնը նշեր էր Երեւանի 2750-ամեակը: Միս մինակ հասայ Երեւան եւ հարցուփորձերով գտայ Պէյրութի դասընկերներս:

            Հայրենիքի մէջ գտայ բոլոր հարազատներս ու լիբանանահայ դասընկերներս, որոնց օգնութեամբ ներկայացայ բարերարուհիիս՝ մեծագոյն բանաստեղծուհի Սիլվա Կապուտիկեանին:

             Այսօր ուղիղ յիսունմէկ տարի անցած է այդ երջանիկ թուականէն: Այնուհետեւ շատ առիթներով հանդիպեցայ մեծ գրողին եւ ամէն անգամ ալ յիշեցուցի իր ճակատագրական դերը կեանքիս վրայ: Այսօր ինչ որ եմ որպէս երկարամեայ ուսուցիչ, դասախօս, հասարակական գործիչ, հրապարակագիր, ընտանիքի տէր մարդ՝ կը պարտիմ հարիւրամեայ իմ Բարերարուհիիս, որուն շնորհիւ ես ծոծրակս ալ տեսայ եւ բան մըն ալ աւելին:

 

Լոս Անճելըս

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ