Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Գրական – Մշակութային Նոր Հրատարակութիւններ

 

– Ալպոյաճեան Արշակ, «Պատմութիւն Մալաթիոյ հայոց – Աշխարհագրութիւն, պատմութիւն, ազգագրութիւն», հայերէնէ թարգմանեց Սիրվարդ Մալխասեան, խմբագիրներ՝ Ռոպերթ Քոփթաշ եւ Օնուր Քոչեիղիթ, «Արաս» հրատարակչութիւն, Սթամպուլ, նոյեմբեր 2019, 480 էջ (16 x 24 սմ.) (1961-ին Պէյրութի «Սեւան» տպարանէն լոյս տեսած հատորին թարգմանութիւնը, լուսանկարներ) (թրքերէն): Հրատարակուած է Մալաթիացի հայոց միութեան աջակցութեամբ:

– Դուրեան Ղեւոնդ վարդապետ, «Մկրտութեան խորհուրդը», վերահրատարակութեան խմբագիր՝ Վաղարշակ սարկաւագ Սերովբեան, Սթամպուլ, 2018, 88 էջ:

– Թէքէեան Վահան, «Հայու հոգին», վերահրատարակութիւն աբեղեանական գրելաձեւով՝ «բացառութեան կարգով», կազմող եւ յառաջաբանի հեղինակ՝ Սուրէն Դանիէլեան, խմբագիր՝ Քնարիկ Աբրահամեան, «Տիգրան Մեծ» հրատարակչութեան տպարան, Երեւան, 2019, 460 էջ (բանաստեղծութիւններ): Լոյս տեսած է Թէքէեան Մշակութային Միութեան Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Կեդրոնական վարչութեան հովանաւորութեամբ ու նուիրուած է Բանաստեղծութեան իշխանի ծննդեան 140-ամեակին:

– «Իկոր Մուրատեան», կազմող եւ խմբագիր՝ Նայիրա Հայրումեան, հրատարակիչ՝ «Արցախի զբօսաշրջութեան եւ մշակոյթի զարգացման գործակալութիւն» հասարակական կազմակերպութիւն, Ստեփանակերտ, դեկտեմբեր 2019, 600 էջէ աւելի (ռուսերէն) (Արցախեան Շարժումի հիմնադիր եւ առաջնորդ Իկոր Մուրատեանի (1957-2018)՝ 1990-ականներու վերջէն մինչեւ մահը լոյս տեսած 100-է աւելի հրապարակումներ ու անոր հետ կատարուած հարցազրոյցներ): Հրատարակութեան նպաստած են նաեւ «Լրագիր» էլեքթրոնային պարբերականի խմբագրութիւնն ու «Ռազմավարական եւ ազգային հետազօտութիւնների հայկական կենտրոն»ը:

– Իփեկեան-Ազատեան Նորա, «Յուշեր Միհրան Տամատեանի մասին», խմբագիր՝ Սուրէն Սարգսեան, հրատարակութիւն Թեէեան մշակութային միութեան Ամերիկայի շրջանակի, Երեւան, 2019, 72 էջ (թոռնուհիին յուշերը հնչակեան, ապա ռամկավար ազատական գործիչ մեծ հօր մասին):

– «Հայկական որմնանկարչութիւն», կազմող եւ խմբագիր՝ Կարէն Մաթեւոսեան, Երեւան, 2019 (հայկական որմնանկարչութեան պատմութիւնը հնագոյն ժամանակներէն մինչեւ մեր օրերը.  19 հեղինակներու 18 յօդուած, 200 լուսանկար): Հատորը լոյս տեսած է Հին ձեռագրերի հիմնարկ – Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի Գիտական խորհուրդին որոշումով, «Վիքթորիա» միջազգային բարեգործական հիմնադրամին աջակցութեամբ:

– Պարսամեան Հայրապետ, «Բաբերդէն Մարսէյ աքսորուած երեխայի մը յուշերը», յառաջաբանը՝ Ռեմոն Գէորգեանի, հայերէնէ թարգմանեց եւ ծանօթագրեց Արաքսի Պարսամեան-Աճեմեան, «Գիրք փապլիշինկ» հրատարակչութիւն, Ֆրանսա, հոկտեմբեր 2019, 145 էջ (Բաբերդի Կիվ գիւղացի, 1902-ին ծնած հեղինակին ինքնակենսագրութիւնը՝ աքսորումը 1915-ին, բռնի իսլամացումը, յայտնուիլը Սեբաստիոյ որբանոցներէն մէկուն մէջ, հոնկէ Սթամպուլ տեղափոխումը, այնուհետեւ Մարսէյ հաստատուիլը) (երկլեզու՝ հայերէն եւ ֆրանսերէն):

– Սարգիսեան-Չեսնաթ Էլլեն, «Մենք՝ հայերս՝ վերապրեցանք – Մարաշի 1920-ի պատերազմը», Ա. Մ. Ն., 2019 (ֆրանսացիներու դաւաճանութեան պատճառով Մարաշի հայոց 1920-ի սկիզբի ողբերգութիւնը, վերապրողներու վկայութիւններ) (անգլերէն):

-«Վերջին օծում եւ թաղման կարգ երանաշնորհ Տէր Մեսրոպ Բ. պատրիարքի (21-11-1998 – 08-03-2019), Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճար, Գումգաբու – Ստանպուլ, 17 մարտ 2019», հրատարակութեան պատրաստեց Վաղարշակ սարկաւագ Սերովբեան, Սթամպուլ, 2019, 40 էջ:

– (Օրմանեան) Մաղաքիա պատրիարք, «Հայոց Եկեղեցին (եւ իւր պատմութիւնը, վարդապետութիւնը, վարչութիւնը, բարեկարգութիւնը, արարողութիւնը, գրականութիւնը ու ներկայ կացութիւնը), հրատարակութեան պատրաստեց Վաղարշակ սարկաւագ Սերովբեան,Սթամպուլ, 2018, 288 էջ:

 

 Պատրաստեց` ԳԷՈՐԳ ԵԱԶԸՃԵԱՆ

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ