Գանատաբնակ ընկեր Անտրէ Չատրճեան իր մահկանացուն կնքեց 9 Յունուար 2020ին, 89 տարեկան հասակին, որպէս հետեւանք երկարատեւ եւ անողոք հիւանդութեան:
Ընկեր Չատրճեան եղած էր երկարմեայ հաւատաւոր Ռամկավար Ազատական կուսակցական եւ ծառայած անոր գաղափարախօսութեան: Ան վարած էր ղեկավար պաշտօններ իր շրջանակին մեջ:
Յաւերժ հանգիստ իր աճիւններուն:
Խորին գաւակցութիւններ իր ընտանիքին եւ հարազատներուն:
ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութիւն
«Նոր Օր» Շաբաթաթերթի խմբագրութիւն եւ տնօրինութիւն