Հինգշաբթի, Մարտ 28, 2024

Շաբաթաթերթ

Մեր Գաղափարն Ու Գործը. Անդրադարձ «Նոր Օր»ի Անցեալէն Խմբագրականներու Շարք «Նոր Օր»ի 23 Հոկտ. 1951 – 15 Յունուար 1952

Գ.- ՎԵՐԱԿԱԶՄԵԱԼ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒՒԹԻՒՆ

            Հայ յեղափոխութիւնը զուտ ազգային եւ ազատագրական նպատակին ուղղելու ձգտումն էր, որ ծնաւ Վերակազմեալ Հնչակեան շարժումը 1896-ին: Անոր ղեկավարները կը հանդիսանային արեւմտահայ ականաւոր յեղափոխականներ ու հանրային առաջնորդներ,- Միհրան Տամատեան ու Մխօ Շահէն, Արփիար Արփիարեան, Գարեգին Չիթճեան, Միհրան Սվազլը, Սուրէն Սուրէնեան, Լեւոն Մկրտիչեան եւ անոնց գաղափարները: Հնչակեան կուսակցութեան այդ բաժանումը 55 տարիներ առաջ՝ դժբախտ, նոյնիսկ աղէտալի հետեւանքներ ունեցաւ արեւմտահայութեան մարտական պայքարներուն ու քաղաքական կեդրոնացեալ գործունէութեան համար: Եւ տակաւին մինչեւ այսօր, երբ պառակտումին պատճառները սրբուեր ու անհետացեր են հայ կեանքէն՝ Ռամկ. Ազատական ու Հնչական քոյր կազմակերպութիւնները դեռ կը դժուարանան սերտօրէն համերաշխ գործակցութիւն մը մարմնացնել, նոյն հիմնական, նոյն հասարակաց նպատակներու հետապնդումին համար, որոնք կ’ընդգրկեն Սովետահայ պետութեան զօրացումը, Հայաստանի բարգաւաճումն ու ընդարձակումը, հայ ժողովուրդի ապահովութիւնն ու ազգահաւաքումը մայր երկրին մէջ, գաղութահայոց ազգային-մշակութային ինքնապահպանումը եւ դիմագրաւումը արտաքին ու ներքին թշնամիներու դաւերուն ու յարձակումներուն:

            Վերակազմեալ Հնչակեան վարիչները ծներ ու մեծցեր էին հայկական գաւառներուն մէջ. անոնք տասնամեակներով ապրեր, պայքարեր, մարտնչեր էին թուրք ու քիւրտ պետերու, զինուորներու եւ ամբոխին հետ ու խորապէս կը ճանչնային անոնց յափշտակիչ ու ջարդարար բնազդներն ու ծրագիրները: Եւ Նազարբէկի գլխաւորած հատուածին հետ անոնց հակամարտութիւնը կը ներշնչուէր իրենց այդ փորձառական գիտակցութենէն: Ընկերավարութեան սկզբունքներուն ընկերային ու բարեշրջական էութիւնը չէր որ կ’ուրանային կամ կը մերժէին անոնք. այլ  կը յայտարարէին, թէ այդ վարդապետութիւնը անըմբռնելի ու անգործադրելի էր Օսմանեան Կայսրութեան բնակչութեան կողմէ եւ անոր անմիջական հետապնդումը վճռականօրէն պիտի տկարացնէր հայ յեղափոխութեան կազմակերպումը, անոր ղեկավարները հատուածական նախասիրութեանց ու բախումներու մղելով, որոնք հայկական արդէն սահմանափակ ու թանկագին ուժերու վատնումին պիտի յանգէին:

            Առարկայական, աննախապաշար վերագնահատում մը՝ ամբողջովին պիտի արդարացնէր ու հաստատէր Վերակազմեալ Հնչակեան շարժումին պարագլուխներուն տեսակէտները: Անոնց ցուցաբերած իրատեսութեան ու իմաստութեան արժանիքը աւելի կը շեշտուի, որովհետեւ այդ համոզումները կը պարզուէին նախատեսուած դէպքերէն առաջ, եւ ոչ թէ յետադարձ ակնարկի նպաստով: ճիշտ է, Փարամազի համբաւաւոր ճառը, վսեմ զգացումներու յանդուգն ու սրտայոյզ վաւերաթուղթ մըն է: Բայց, պատմութիւնն եղերական խուժդուժութեամբ վաւերացուց Վերակազմեալ Հնչակեան պատճառաբանութիւնը եւ այսօր՝ 55 տարիներ վերջ, հայկական արիւնազանգ ջարդերէն, արեւմտաՀայաստանի հիմնայատակ կործանումէն ու ամայացումէն, Ռուսական մեծ յեղափոխութենէն ու Քէմալական «տեմոկրատիկ» յեղաշրջումէն յետոյ՝ դեռ Թուրքական կը մնայ ամենէն դաժան բռնակալութուններէն մէկը, ուր ընկերվարական գաղափարը մահացու թոյն իբր՝ կը հալածուի եւ որուն միակ արտայայտիչը՝ բանաստեղծ Նազըմ Հիքմէթ՝ աքսորական մըն է իր երկրէն:

            Հիմնականապէս տարբեր էին պայմանները Ռուսաստանի մէջ: Հոն, արեւելահայ կարգ մը հասարակական գործիչներ,- ինչպէս Շահումեան, Սբէնտարեան, Միասնիկեան, Միկոյեան, Տէրեան եւ ուրիշներ՝ փարեր էին արմատական սկզբունքներու ու գործունէութեան: Բայց անոնք՝ հայկական կազմակերպութեան մը միջոցաւ չէր, որ ընկերվարութիւն կը քարոզէին ռուս անգրագէտ զանգուածներուն, այլ որպէս առաջաւոր մտաւորականներ կը գործակցէին: Ռուս Բանուորական կուսակցութեան յեղափոխական պայքարին: Այդ ընդվզումի շարժումը կը ներշնչուէր ազատութեան ախոյեան հանճարեղ գրագէտներու սերմանած իտէալներէն ու կը սնէր գիտակից աշխատաւորութեան մը Ֆիզիքական ու գաղափարական զօրութենէն: Մինչ Թուրքիոյ մէջ ամբողջապէս կը բացակայէին այդ բախտորոշ հիմունքները:

            Քաղաքական իրատեսութեան այս առաքինութեան հետ՝ Վերակազմեալ Հնչակեան կուսակցութիւնը կը միացնէր գործելակերպի պայթուցիկ խիզախութիւն մը եւ մարտականութեան աննուաճելի ոգի մը: Անոնք ալ, Արմենականներու նման՝ հայ յեղափոխութիւնը կը դաւանէին որպէս ազգային ազատագրական շարժում մը, զոր անհրաժեշտ էր ծրագրել, մշակել ու հասցնել ռազմական պատրաստութեան մակարդակի մը, ուր ընդհանուր ապստամբութիւն մը պիտի կրնար պաշտպաներ հայ ժողովուրդին գոյութիւնը, անոր ազատութիւնը շահելու զուգընթաց: Մասնակի, ցուցարարական դէպքերը վնասակար ու աղէտալի համարելով՝ անոնք նուիրուեր էին հեռահաս, տեսլապաշտական ծրագրի մը իրականացման, որ կ’ընդգրկէր նաեւ կիլիկիոյ ազատագրումը:

            Ինքնապաշտպանութեան հերոսական կռիւները, Տէօրթ Եոլէն մինչեւ Արարա ու Կիլիկիա՝ ապացուցաներ էին թէ վերակազմեալներ, մարտական աւանդութեամբ ու իրագործումներով՝ կը հաւասարէին իրենց առաջնորդած առաքելութեան: Եւ  անոնց վարած ազգային-քաղաքական գաղափարախօսութիւնը, իր հատու, տրամաբանական ու վարակիչ ուժգնութեամբ՝ զանոնք արժանի ու ընդունակ կը դարձնէր այդպիսի յանդուգն տեսիլքի մը հետապնդումին: Եւ եթէ Կիլիկիան հայկական Հայկական ազատ Հայրենիք մը դարձնելու նպատակը չիրագործուեցաւ, հակառակ Տամատեանի, Չանգալեանի ու անոնց անձնուէր գործակիցներու պայքարներուն ու զոհողութեանց՝ միա’կ պատճառը, անոնց կողմէ որեւէ սայթաքումէ չէր գար, այլ այն իրողութենէն՝ որ Կիլիկիոյ մօտ չկա’ր Ռուս բարեկամ ժողովուրդին նման փրկարար ազդեցութիւն մը:

 

Միհրան Տամատեան

            Յեղափոխական-ազատագրական իրենց ծրագրին մարմնացումը հետապնդելու եռանդն ու նախաձայուզութիւնը՝ երբեմն բուռն արարքներու մղեց Վերակազմեալ Հնչակեան ղեկավարներէն ոմանց: Եւ առաջացան ներքին տարակարծութիւններ ու բաժանումներ, ոչ թէ նշանակէտի՝ այլ անոր դիմելու կերպերուն շուրջ: Բայց ուղիներու միջեւ լայնցած անջրպետը սեղմուեցաւ հետզհետէ ու միախառնուեցաւ օր մը, Ռամկ. Ազատ. Կուսակցութեան մէջ: Քառորդ դարու իր անջատ գոյութեան ընթացքին՝ Վերակազմեալ Հնչակեան հոսանքը՝ թրքական բռնութեան դէմ ըմբոստութեան մարտնշունչ ու աննուաճելի ոգիի մը, քաղաքական յանդուգն իրատեսութեան մը եւ ընկերային ազատական սկզբունքներու թանկագին յատկութիւնները կը բերէր Ռամկ. Ազատ. Կուսակցութեան, երբ կը ձուլուէր անոր մէջ 1921-ին իրագործուած միութեամբ:

 

Դէպի Հարիւրամեակ (ՌԱԿի Հիմնադրութիւն 1921 – 2021)

Վերակազմեալ Հնչակեան հոսանքը՝ թրքական բռնութեան դէմ ըմբոստութեան մարտնշունչ ու աննուաճելի ոգիի մը, քաղաքական յանդուգն իրատեսութիւն մը եւ ընկերային ազատական սկզբունքներու թանկագին յատկութիւնները կը բերէր Ռամկ. Ազատ. Կուսակցութեան, երբ կը ձուլուէր անոր մէջ 1921-ին իրագործուած միութեամբ:

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ