Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Թէքէեան Մշակութային Միութիւն. Յուշահանդէս Փայլակ Ահարոնեանի Մահուան Ա. Տարելիցին Առիթով

Կիրակի 19 Յունուարին, ողբացեալին Ա. Տարելիցի հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք, միութենական բարեկամներ եւ ընտանեկան հարազատներ եկած էին ներկայ գտնուելու Թէքէեան Մշակութային Միութեան կազմակերպած Յուշահանդէսին՝ Փայլակ Ահարոնեանի մահուան Ա. Տարելիցին նուիրուած:

                Ձեռնարկի կոկիկ պատրաստուած յայտագրին բացումը կատարեց ԹՄՄ Փասատինա-Կլէնտէյլի վարչական նախկին անդամ եւ »Նոր Օր« շաբաթաթերթի խմբագրական կազմի անդամ Յակոբ Մարտիրոսեանը:

Հակիրճ ներկայացում կատարելէ ետք ողբացեալի կեանքի հանգրուաններուն, Մարտիրոսեան անդրադարձաւ Փայլակ Ահարոնեանի երկարամեայ ազգային-հասարակական ու կրթական, ինչպէս նաեւ հրապարակագրական բեղուն գործունէութեան շուրջ:

Ապա հերթով բեմ հրաւիրուեցան Յուշահանդէսին իրենց սրտի խօսքը ըսելու՝ Լոս Անճելըսի ԹՄՄ-ի ատենապետ Բարսեղ Գարթալեանը, ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝ Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեանը եւ ԹՄՄ Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ Գէորգ Քէօշկէրեանը:

Բոլոր խօսք առնողները անդրադարձան Փայլակ Ահարոնեանի հետ իրենց ունեցած միութենական սերտութեան մասին, դրուատելով Ահարոնեանի հրապարակագրական բեղուն մասնակցութիւնը, ինչպէս նաեւ իր անվերապահ նպաստը՝ ԹՄՄ Պէշկէօթիւրեան Կեդրոնէն ներս ծաւալած գործունէութեան:

 Յայտագրին ասմունքով հանդէս եկաւ Արմինէ Շաքլեանը, որ ապրումով մեկնաբանեց հանգուցեալի նախընտրած երկու քերթուածները:

          Յուշահանդէսը իր աւարտին հասաւ ծանօթ եւ արհեստավարժ սրնգահար Սալբի Քերքոնեանի «Կռունկ»ի, «Երազ»ի եւ «Զինուորի Երգ»ի ճարտար մեկնաբանութեամբ: Յուշահանդէսի աւարտին տեղի ունեցաւ աւանդական հոգեճաշի սպասարկութիւնը:

 

                                                                                                                     Թղթակից 


  

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ