Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Շքանշանի Տուչութիւն՝ «Նոր Մարմարա»ի Երկար Տարիներու Խմբագրապետ Ռոպէր Հատտէճեանին

«Մարմարա» օրաթերթը հրապարակած է թղթակցութիւն մը երկար տարիներու իր խմբագրապետ Ռոպէր Հատտէճեանին շնորհուած շքանշանի տուչութեան ձեռնարկին մասին։ «Երէկ յետմիջօրէին փառաւոր երեկոյթի մը ականատեսները դարձան բոլոր անոնք, որոնք բերնէ բերան լեցուցած էին Ֆերիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահը եւ որոնք եկած էին իրենց յարգանքն ու սէրը փոխանցելու «Մարմարա» օրաթերթի կէսդարեայ բազմավաստակ խմբագիր Ռոպէր Հատտէճեանին, այն մեծանուն հրապարակագիրին, գրագէտին, թատերագիրին, մտաւորականին ու գրիչի մշակին, որ իր համակ կեանքը նուիրեց պոլսահայ մշակոյթին ու համայնքին ծառայելու վեհ նպատակին, որ հայ մշակոյթի անդաստանին մէջ բացաւ իւրայատուկ աշխարհ մը ու իր ստեղծագործութիւններով պանծացուց պոլսահայու անունը», կը գրէ «Մարմարա»ն ու կը շարունակէ ըսելով. «Գրական-գեղարուեստական շատ բարձրամակարդակ ու անմոռանալի հանդիսութիւն մըն է, որ նոյն յարկին տակ ժամադրեց մեր համայնքէն ընտիր բազմութիւն մը ու զանոնք դարձուց մէկմէկ վկաները մեծարանքի բացառիկ այս երեկոյթին։

 

Փառաբանուեցան հայ մշակոյթը, հայ գիրն ու գրականութիւնը եւ այս կարեւոր արժէքներուն ընդմէջէն փառաբանուեցաւ նաեւ մեր խմբագրապետը՝ իր լեռնակուտակ վաստակով ու բազմասեռ գրականութեամբ։ Հիանալի միջոցառում մը մեզի ապրեցուցին Կաթողիկէ համայնքի վիճակաւոր՝ Լեւոն Արք. Զէքիեանի գլխաւորութեամբ կարգադիր մարմինի անդամները եւ բոլոր այն բանախօսներն ու արուեստագէտները, որոնք իրենց ելոյթներով խօսեցան մեր սիրտին եւ միտքին, պատուեցին մեծարեալը եւ այն ընտիր հասարակութիւնը, որ հաւաքուած էր Ֆերիգիւղի մէջ։ Բառերը քիչ կու գան նկարագրելու այն մթնոլորտը, որ կը տիրէր սրահին մէջ ու կը հմայէր բոլոր ներկաները, կը խայտային հոգիները հայ գրականութեան այն փառաւոր դէմքերու, որոնք նոյնպէս իրենց կեանքի նպատակը դարձուցած էին հայ մշակոյթին նուիրուելու հրամայականը։ Գաղտնիք չէ որ Սփիւռքը կ՛արժեւորուի իր ծնունդ տուած տաղանդներով, իր նուիրեալ զաւակներուն նկատմամբ տածած յարգանքով ու մեծարանքով, եւ ուրեմն երէկ կը մեծարուէր այդ զաւակներէն՝ Ռ. Հատտէճեանը»։

 

Հանդիսութեան կը նախագահէր կաթողիկէ համայնքի վիճակաւոր Լեւոն Արք. Զէքիեան։ Իրենց ներկայութիւնը բերած էին Պէյօղլուի նախկին քաղաքապետ եւ այժմ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարի օգնական Ահմետ Միսպահ Տէմիրճան, պետական աւագանիի ներկայացուցիչներ, Արամ Արք. Աթէշեան, Մխիթարեան Հայրեր եւ այլ հոգեւոր հայրեր, Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան, համայնքային հաստատութիւններու պատասխանատուներ, ազգային բարերարներ, «Մարմարա»ի ջերմ համակիրներ եւ խմբագրապետ Ռ. Հատտէճեանի ընտանիքը եւ անոր գրականութեան սիրահար ընտիր հասարակութիւն մը։          Ներկայացուեցան օրուան մեծարեալի կենսագրական գիծերը։ Էսայեան վարժարանի հայերէնի ուսուցչուհի, պատմաբան, պատմական գիտութիւններու դոկտ. Արմաւենի Միրօղլու համապարփակ ձեւով կարդաց Ռ. Հատտէճեանի կենսագրական գիծերը, թուելով անոր արժանիքները։ Յայտագիրին բանախօսներէն մէկն էր թուրք գրականագէտ Սերտար Քորուճու, որ խօսեցաւ մասնաւորաբար «Առաստաղ» վէպի թրքերէն թարգմանութեան մասին ու վերլուծեց անդամալոյծ գլխաւոր հերոսին կերպարը։      

 

Սերտար Քորուճուի ելոյթին յաջորդեց «Առաստաղ»ի թրքերէն թարգմանութենէն շատ ազդեցիկ դրուագ մը, զոր կարդաց Պօղոս Չալկըճըօղլու եւ ներկայացուց հիւանդասենեակի առաստաղին վրայ պտըտկող ճանճի մը մասին անդամալոյծ հերոսին մտածումները։  Յայտագիրը շարունակուեցաւ երգչուհի Թաթիանա Պօսթանի ելոյթով։    

 

«Օրուան բանախօսներէն մէկն ալ Կեդրոնական ու Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանի հայերէնի երիտասարդ ուսուցիչ Արաս Սարըչօպանն էր, որ պատրաստած էր խղճամիտ ուսումնասիրութիւն մը, որ յայտնութիւն մը դարձաւ ներկաներէն շատերուն համար։ Իր ելոյթով ներկաներուն բաւական մեծ զարմանք պատճառեց «Շեհիր» համալսարանի դասախօսներէն Ֆաթիհ Մեհմետ Ուսլու, որ սրտախօսիկ պատգամներ փոխանցեց։ Այս արժէքաւոր անձը, որ հայերէն սորված է ու մօտէն կը հետաքրքրուի հայ գրականութեամբ, ներկաները իսկապէս զարմացուց, երբ սկսաւ խօսիլ կանոնաւոր հայերէնով մը։  Հանդիսավար Ասլին Տիշճի այնուհետեւ կարդաց «Հէ.Տէ.Փէ»ցի երեսփոխան Կարօ Փայլանի կողմէ ուղարկուած հեռագիրը»։

 

Յաջորդ ելոյթ ունեցողն էր յայտնի դերասանուհի, բեմադրիչ եւ գրող Պերճուհի Պէրպէրեան, որ կարդաց Ռ. Հատտէճեանի գրական գործունէութեան 40ամեակի առիթով պատրաստուած գիրքի մը մէջէն իր ողբացեալ ամուսնոյն՝ Արթօ Պէրպէրեանի կողմէ գրուած գրութիւն մը։

 

Նախարարի տեղակալի ելոյթէն ու մետալի տուչութենէն առաջ խօսք տրուեցաւ Ռ. Հատտէճեանին։

 

«Մեր խմբագրապետը դիտել տուաւ, որ իր կեանքի ամէնէն երջանիկ օրերէն մէկը կ՛ապրի։ Օր մը՝ որ Աստուծոյ օրհնութեամբ կու գար իրեն եւ զինք կը գտնէր այն շրջանին, երբ արդէն կը կարծէր, թէ կամաց-կամաց սկսած էր կորսնցնել իր ուժերը, պէտք է քաշուէր հրապարակէն եւ անկիւն մը նստելով հանգիստ ընէր», կը պատմէ «Մարմարա»ն։

 

«Հիմա կ՛անդրադառնամ, որ տակաւին իրաւունք չունիմ, տակաւին ինծի համար միշտ ամէնէն կարեւորը այն է, որ կու գայ ամէնէն վերջը…։»

 

Կոնդակի ընթերցումէն ու մետալի տուչութենէն առաջ, վերջին ելոյթ ունեցողն էր մշակոյթի նախարարի տեղակալ, Պէյօղլուի նախկին քաղաքապետ Ահմետ Միսպահ Տէմիրճան։

 

Այնուհետեւ բեմ հրաւիրուեցան հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հայրեր Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան եւ Միքայէլ Ուչար, որոնք հայերէնով ու թրքերէնով կարդացին Լեւոն Արք. Զէքիեանի կոնդակը։ Կոնդակի ընթերցումէն ետք մեծարեալ Ռ. Հատտէճեան ներկաներուն ծափերուն ընդմէջէն ստացաւ իր պարգեւը։ Լեւոն Արք. Զէքիեան հանդիսաւորապէս անոր կուրծքը զարդարեց «Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան» մետալով եւ արտասանեց հաւաքոյթին հուսկ բանքը։

 

***

 

Այս առիթով, Նոր Օր»ի խմբագրական ամբողջ անձնակազմը իր եւ իր ընթերցողներուն անունով սրտանց կը շնորհաւորէ նոր ժամանակներու ամէնէն բեղուն խմբագիրներէն մէկը՝ Տիար Ռոպէր Հատտէճեանը , որ միաժամանակ Պոլսահայ եւ առհասարակ սփիւռքահայ գրականութիւնը ճոխացուցած է իր բազմահատոր երկերով, գրականագիտական արժէքաւոր գրութիւններով ու փորձագրութիւններով։ (Խմբ.)

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ