Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Մահագրական. Մահ Սերոբ Աբոյեանի

Վաստակաւոր եւ նուիրեալ մտաւորական, ուսուցիչ եւ գրականագէտ մը եղաւ Սերոբ Աբոյեան։ Մելգոնեան Կրթական Հասատութիւնը աւարտելէ ետք իր ամբողջական ծառայութիւնը բերաւ լիբանանահայ գաղութին՝ իր կեանքը նուիրելով համայնքին, հայ գիրին ու գրականութեան, իր աշակերտներուն, գաղափարի ընկերներուն, ազգին,  հայրենիքին եւ նոր սերունդին մէջ ներառելով ազատասիրութեան եւ պահանջատիրութեան ոգին։

Ս. Աբոյեան մաքուր նկարագրով, հանդարտ բնաւորութեամբ, փայլուն միտքով եւ իւրայատուկ գրիչով հրապարակ իջաւ Լիբանանի հայութեան վերջին վաթսուն տարիներու ընթացքին՝ անշեղ հայրենասիրութիւն եւ հայրենանուիրում քարոզելով նոր սերունդին։ Ակնառու էին իր հետեւողական բծախնդրութիւնը Հայոց լեզուի մաքրութեան եւ խորունկ ուսումնասիրութեան դաշտերէն ներս, ունէր բացառիկ վերլուծական միտք եւ այս բոլորը բարութեան ու հեզութեան մը զուգահեռ։

 

Յարգանք եւ խունկ իր յիշատակին։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ