Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Տիկին Մայտա Քիւրեճեան Նորանշանակ Վարիչ Քարտուղարուհի ԹՄՄի Գալիֆորնիոյ Շրջանակին

Գոհունակութեամբ կը հաղորդենք որ այս տարուան սկիզբէն Թէքէեան Մշակութային Միութեան Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Կեդրոնական Վարչութիւնը Գալիֆորնիոյ հայահոծ գաղութէն ներս վարիչ քարտուղարի  պաշտօնին կոչած է Տիկին Մայտա Քիւրեճեանը, որ երիտասարդ տարիքէն սկսեալ բոլորանուէր մասնակցութիւն բերած է մեր կազմակերպութիւններէն՝ ՌԱԿի, ԹՄՄի եւ ՀԲԸՄի կեանքէն ներս, վարելով կարեւոր պաշտօններ: Շրջան մը իր աշխատակցութիւնը բերած է Պէյրութի «Զարթօնք» օրաթերթին:

            Տիկին Մ. Քիւրեճեան շրջանաւարտ է Պէյրութի Հայկազեան Համալսարանէն ուրկէ 1982ին ստացած է պսակաւոր արուեստից երկու կոչումներ՝առեւտրական եւ  քաղաքական գիտութիւններու մէջ:

            1980ին փոխադրուելով Պոստոն. շրջան մը ստանձնած է ԹՄՄի վարիչ քարտուղարի պաշտօնը եւ ապա՝ ՀԲԸՄի քարտուղարութեան պաշտօնը Նիւ Ինկլընտի շրջանակին համար մինչեւ 1990 թուականը եւ այնուհետեւ հիմնած է իր անձնական առեւտրական հաստատութիւնը մինչեւ իր վերադարձը Պէյրութ, ուր կազմած է իր ընտանեկան բոյնը:

            Պէյրութի մէջ ան պաշտօնավարած է Հայկազեան Համալսարանէն ներս. 2014-2015ին եղած է վարիչը համալսարանի 60րդ տարեդարձի յանձնախումբին:  Լիբանանի մէջ ան շարունակած է բերել իր ծառայութիւնները մեր կազմակերպութիւններէն ներս մանաւա՛նդ սկաուտական շարժումի մէջ:

            Իր այս նոր պատասխանատու պաշտօնով վստահաբար Տիկին Մ. Քիւրեճեան պիտի ունենայ բեղմնաւոր գործունէութիւն աշխուժացնելով արդէն իսկ գործող մեր երեք մասնաճիւղերը: 

 

ԹԷՔԷԵԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ