Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայեցի Դաստիարակութի՞ւն, Թէ Օտարամոլութիւն

Դարեր ի վեր ժամանակները թելադրած են իրենց պահանջները, իրենց կարեւորութիւններն ու իրենց առաջնահերթութիւնները։ Կային ժամանակներ, երբ ազգային մշակոյթի առանձնայատկութիւններն ու ազգային բարքերը ունէին յստակ տարանջատում։ Արեւելեան եւ արեւմտեան բարքերը ունէին ինչքան ընդհանուր, այնքան ալ  բազմաթիւ անգամ աւելի իրարմէ տարբեր գիծեր։ Այսօր համաշխարհայնացումը համընդհանուր համաճարակ է, որ անյայտ է, թէ ուրկէ՞ եւ ե՞րբ դարձաւ մարդկութեան թիւ մէկ խնդիրը։ Կարելի չէ, զայն  որոշակի երկրի մը կամ մշակոյթի մը վերագրել, բայց կարելի է փաստել, որ տնտեսական, քաղաքական, մշակութային  ընդհանրութիւններու ընդլայնումն  ու ամրապնդումը անոր  հետեւանքն է ։

Եթէ դիտարկենք այս ամէնը համաշխարհային պատմութեան , տնտեսութեան եւ գիտութեան զարգացման  տեսանկիւնէն, թերեւս դրական գիծերը տեսակարար կշիռ կը կազմեն, սակայն եթէ պիտի այս ամէնը վերարտադրենք եւ վերարտացոլացնենք հայեցի դաստիարակութեան եւ բարքերու վրայ, ապա  մշակութային եւ ազգային արժէքներու բախում պիտի լինի, որ անշուշտ առկայ է։  Իւրաքանչիւր յաջորդ սերնդափոխութեան հետ կը թուլանայ այս խնդրի սուրութիւնն ու արդիականութիւնը։ Իրարմէ յստակ կը տարբերին  եւ փոխադարձաբար կը  հակասեն աւագ  եւ կրտսեր սերունդներու կարծիքներն ու տեսակէտները ։ Եթէ երիտասարդ սերունդը այսօր կը համարէ, որ արեւմտեան բարքերը նմանակելը կամ անոնց կենսակերպը դէպի մեր իրականութիւն  ներմուծելը կը դիւրացնէ կեանքը, ապա աւագ սերունդը,   հակառակը կը կարծէ: Ան կը կարծէ, որ ազգային արժէքներու պահպանումը ազգային դիմագիծի   կարեւորագոյն մասերէն մէկն է։  Այստեղ է, որ կարծիքներու, արժէքներու եւ շահերու բախում կը յառաջանայ։ Հայեցի դաստիարակութեան մէջ միշտ  յստակօրէն տարանջատուած է եւ առաջնահերթութիւն ունեցած է ազգային արժէքներու պահպանումը, ազգային ծէսերու եւ տօներու յիշատակումն ու անդրադարձը, յարգանքը՝ արուեստի նկատմամբ, մշակոյթի, գիրքի, եկեղեցիին, ծնողին, ընտանիքին, տարեցին․․․ կարելի է շատ երկարել այս ցանկը։

Վերջին տարիներուն նկատելիօրէն խախտուած են այս արժէքներու կշիռները։ Այն ինչ, որ կարեւոր էր քիչ-քիչ սկսած է մղուիլ ետ կամ սկսած է ընդհանրանալ  համաշխարհային պահանջներու յորձանուտին մէջ։ Խնդիրը աւելի ծանր կերպով սկսած է  անդրադառնալ սփիւռքի մէջ ապրող հայ ընտանիքներուն վրայ, ուր դաստիարակութեան երկու իրար հակասող տեսակ կայ։ Մէկին մէջ  առաջնահերթային  է  ազգային արժէքներով հայեցի դաստիարակութիւնը՝ անկախ իրենց բնակութեան շրջանին յառաջացուցած խնդիրներուն եւ դժուարութիւններէն, իսկ միւսին՝ ոչ հեռու անցեալին հայաստանէն արտագաղթած ընտանքիներու  օտարներուն արագ նմանուելու եւ անոնց միջավայրին մէջ տեղացի դառնալու դառնալու կարճ եւ դիւրին  ճանապարհի մոլուցքն  է։

Ուրեմն, ո՞րն է հայ ազգի աւելի մեծ ու կարեւոր խնդիրը։ Մնայուն ազգային արժէքներով առանձնացող հնամենի ա՞զգ մնալ, թէ դառնալ  համաշխարհայնացման մեծ գործընթացի անդամ, օտարանալով ու հեռանալով ազգային արմատներէն։

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ    

                                                                                             

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ