Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Հանդիպում Արեւմտեան Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանի Հետ

Արեւմտեան թեմի Առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցաւ խիստ շահեկան հանդիպում մը, Արեւմտեան թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի եւ ՌԱԿ-ի Արեւմտեան Շրջանի Շրջանային վարչութեան պատուիրակութեան հետ, գլխաւորութեամբ Շրջանայինի ատենապետ, ՌԱԿ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենադպիր՝ Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեանի։

ՌԱԿ-ի ներկայացուցիչները նախ Նորին Սրբազնութեան փոխանցեցին մեր շրջանակի տօնական օրերու շնորհաւորութիւնները, եւ Սրբազան հօր ներկայացուցին կուսակցութեանս յառաջիկայ երկու տարիներու ծրագրուած ձեռնարկները։

Սրբազան Հայրը եւս իր հերթին հակիրճ ձեւով ներկայացուց Առաջնորդարանէն ներս արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող աշխատանքները եւ ապագային համար ծրագրուած վիթխարի աշխատանքները։

Նմանապէս Սրբազան Հայրը խօսեցաւ Լուսոյ խորան Ս. Էջմիածինի Մայր Տաճարի նորոգութեան հսկայ աշխատանքներուն մասին։

ՌԱԿ-ի մեր ընկերները, ինչպէս միշտ այս անգամ ալ Առաջնորդ Սրբազան Հօր յայտնեցին մեր կազմակերպութեան անվերապահ զօրակցութիւնը թեմիս Առաջնորդին եւ Առաջնորդարանի բոլոր ծրագիրներուն եւ տարուան աշխատանքներուն։

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ