Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

ԳՈՅԺ Ոչ եւս է երախտաւոր Ընկ. Նահապետ Նահապետեանը

 

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութիւնը սրտի դառն կսկիծով կը գուժէ մահը Ընկ. Նահապետ Նահապետեանի, որ պատահեցաւ 11 Փետրուար 2020-ին, Պուէնոս Այրեսի մէջ:

Ընկ. Նահապետեան եղած է երկարամեայ հաւատաւոր անդամ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան եւ մինչ օրս ալ, ան կը համալրէր Կեդրոնական վարչութեան պատուոյ անդամներու փառաւոր շարքը:

Իբրեւ Ռամկավար ղեկավար՝ ընկ. Նահապետեան երկար տարիներ ծառայած է Պուէնոս Այրէսի համայնքային կեանքէն ներս: Եղած է «Սարդարապատ» շաբաթաթերթի հիմնադիրը, որ մինչեւ օրս լոյս կը տեսնէ:

Ան նաեւ նշանակալի մասնակցութիւն ունեցած է Արժանթինի շրջանին մէջ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան կառոյցի հզօրացման աշխատանքներուն:

Խունկ ու մոմ` անթառամ յիշատակին:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ