Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Վարդանանց

Այս տարի Փետրուար 20-ին Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին կը նշէ  Վարդան Մամիկոնեանի եւ 1036 նահատակներու   տօնը ։

451ի Մայիսին, Աւարայրի ճակատամարտին մէջ, հայրենիքին, հայ եկեղեցիին եւ քրիստոնէական հաւատքի պահպանման համար նահատակուած Վարդանանց զօրավարներն ու 1036 մարտիրոսները Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցուոյ մեծագոյն սուրբերէն են:

Իրենց նահատակութեամբ անոնք հաստատեցին հայ ժողովուրդի ապրելու կամքը եւ գոյատեւութեան իրաւունքը: Սուրբ Վարդանանց հերոսամարտը քրիստոնեայ աշխարհի առաջին պատերազմն էր յանուն հաւատքի: 449 ին պարսից արքայ Յազկերտը հրովարտակ կը ղրկէ Հայ նախարարներուն, առաջարկելով ուրանալ ազգային՝ քրիստոնէական կրօնը եւ ընդունիլ զրադաշտութիւնը: Հրովարտակին պատասխանելու համար Արտաշատի մէջ Յովսէփ Ա. կաթողիկոսի եւ Հայոց բանակի սպարապետ Վարդան Մամիկոնեանի գլխաւորութեամբ ժողովի կը հրաւիրուին հայոց աշխարհի նախարարներն ու  հոգեւորականները: Ժողովի մասնակիցները պատասխան նամակով կը մերժեն Յազկերտի պահանջը, գիտակցելով, որ թիւով շատ աւելի քիչ են  եւ որ պատերազմի պարագային ոչ թէ կենաց, այլ՝ մահու պիտի կռուին։   451-ի գարնան պարսկական 200 հազարանոց բանակը մտաւ Հայաստան:

 

Այսպէս  սկսաւ է հայ ժողովուրդի պայքարը յանուն հաւատքի, յանուն հայրենիքի:
Հայոց զօրքը թիւով երեք անգամ քիչ էր պարսկական զօրքէն, սակայն այդ չէր խանգարեր  հայորդիներուն՝ կեանքի գինով պաշտպանել իրենց հաւատքը, կրօնքը, հայրենիքն ու ազգային ինքնութիւնը: Այս ճակատամարտը անոնց համար գիտակցուած մահ էր, որ հաւասարազօր է անմահութեան: Հայոց զօրքի կողքին էր նաեւ հայ հոգեւորականութիւնը՝ Ղեւոնդ Երէցի եւ Յովսէփ Կաթողիկոսի գլխաւորութեամբ: Հոգեւորականները կը մկրտէին բոլոր չմկրտուածները, ամբողջ գիշերը անոնք կ՛աղօթէին, իսկ առաւօտուն Սուրբ Պատարագ  մատուցեցին:

Մայիս 26-ին Տղմուտ գետի ափին Աւարայրի դաշտին վրայ սկսաւ անհաւասար   ճակատամարտը, ուր հայրենիքի եւ հաւատքի անսասանութեան համար իրենց կեանքը զոհեցին վարդանանց քաջերը:

 

 Դարեր անցած են: Այսօր ալ  մերօրեայ  վարդանները կը պայքարին յանուն հայրենիքին, ազատութեան եւ հաւատքին: Յանուն արժանապատիւ անկախութեան եւ անսասան պետականութեան։ Քրիստոնէութիւնը, ինչպէս եւ խիզախ կամքը, հայրենիքի հանդէպ ինքնամոռաց սէրը, յանուն հայրենիքի  ոչ մէկ վայրկեան չվարանելով կեանքը  զոհելը  մեր ինքնութիւնն ու մաշկի գոյնն են, որոնք հնարաւոր չէ  փոխել ոչ՛ սուրով, ոչ՛ հուրով, ոչ ալ՝ կամք պարտադրելով։

 

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ  

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ