Ի սրտէ կը շնորհաւորենք Նայիրի Նահապետեանը որ չորրորդ անգամ ըլլալով ընտրուեցաւ Կլէնտէյլի Միացեալ Դպրոցներու Ցանցի Ուսումնական Խորհուրդին անդամ։
Նայիրին արժանավայել դուստրն է Թէքէեան Մշակութային Միութեան Փասատինա-Կլէնտէյլ Մասնաճիւղի վարչութեան ժրաջան անդամ Խաչիկ Նահապետեանին։
Ասպարէզով, Նայիրին դաստիարակ է Գալիֆորնիոյ Լոս Անճելըսի նահանգային համալսարանին մէջ։ Ան կը դասաւանդէ ընկերային գիտութիւն։
Նայիրին կամաւոր կերպով քանիցս գացած է Երեւան ու հոն իր ամառնային արձակուրդի շրջանին՝ ի սպաս դնելով իր լայն փորձառութիւնը, օգտակար հանդիսացած է հայրենի ուսուցիչներուն, որ բարելաւեն իրենց դասաւանդութեան եղանակները։
Յաջողութեան մաղթանքներով,
ԹՄՄ, Փասատինա-Կլէնտէյլ
Մասնաճիւղի Վարչութիւն