Փասատինայի Հայ Կիլիկիա Աւետարանական Եկեղեցիի կազմակերպութեամբ, Շաբաթ, 15 Փետրուար 2020, երեկոյեան ժամը՝ 7:00 –ին, Եկեղեցւոյ Տէրեան սրահը լեցուած էր հաւատացեալներով, ուր տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ մը, որու ընթացքին ներկայացուեցաւ Միքայէլ Եղբ. Եուսուֆեանի վաթսունէ աւելի տարիներու նուիրական ծառայութիւնը Աստուծոյ եւ ազգին ու անոր գրչին՝ 7-րդ «Հոգիի Երգեր» գիրքին ներկայացումը։
Յայտագիրը սկսաւ Յոբելեարին թոռներուն՝ Ալեքսա Եուսուֆեանի եւ Ռուպի Շնօլի բացման աղօթքով։
Բացման խօսքը ըրաւ Կիլիկիա Եկեղեցւոյ Վարչութեան Ատենապետ՝ Արա Ասիլեան։
Յայտագիրը կ՚ ընդգրկեր.-
Տեսաերիզի Ցուցադրութիւն, ուր ցուցադրուեցաւ Միքայէլ Եղբ. hամարօտ բայց իմաստալից կեանքի ծառայութեամբ լեցուն հանգրուանները։
Գեղարուեստական բաժինով իրենց մասնակցութիւնը բերին.-
Մեներգ՝ Կարօ Սիւլահեան։
Մեներգ՝ Մարալ Բարսեղեան, դաշնակի ընկերակցութեամբ՝ Եսթեր Ասիլեանի։
Արտասանութիւն/ Խմբերգ՝ Սահակ Մեսրոպ Վարժարանի աշակերտները։
Ջութակի եւ Սրինգի վրայ նուագ՝ Սարին եւ Փաթիլ Տաղլեաններ։
Ասմունք՝ Թագուհի Արզումանեան։
Դաշնակ՝ Յոբելեարին թոռնիկը՝ Լիւքա Եուսուֆեան։
Դաշնակ եւ սրինգ՝ Յոբելեարին դուստրը՝ Ալին Աստրաճեան, ընկերակցութեամբ՝ Փաթիլ Տաղլեանի։
Տպաւորութիւններով հանդէս եկան՝ Վեր. Յովսէփ Մաթոսեան, Վեր. Վաչէ Էքմէքճեան եւ Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան։
Շնորհաւորագիրներուն մէջ եզակի տեղ գրաւեց Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Գործադիր Տնօրէն՝ Զաւէն Խանճեանի շնորհաւորագիրը։
«Հոգիի Երգեր» Արձակ եւ Բանաստեղծութիւններ գիրքը, նաեւ Յոբելեար հեղինակը՝ Միքայէլ Եղբ. Եուսուֆեանը ներկայացուց՝ Կիլիկիա Եկեղեցւոյ Աւագ Հովիւ՝ Վեր. Սերոբ Մկրտիչեան։
Վերապատուելին մանրամասնօրէն անդրադարձաւ գիրքին ուր շեշտը կը դրուէր Աստուածասիրութեան, Ազգասիրութեան եւ ծառայութեան, նաեւ ան վեր առաւ հեղինակին մատուցած նուիրական եւ անշահախնդիր ծառայութիւնները՝ Աստուծոյ, Եկեղեցիին, Հայ ազգին եւ յատկապէս Հայ Դպրոցին, ըլլայ՝ Պէյրութի մէջ եւ կամ Փասատինայի մէջ։
Ապա, գնահատելով Միքայէլ Եղբ. Եուսուֆեանի Վաթսունէ աւելի տարիներու նուիրական անշահախնդիր ծառայութիւնը Հայ Եկեղեցիին ու Հայ Դպրոցին մէջ, Հայ Կիլիկիա Աւետարանական Եկեղեցիի անունով եւ ներկաներուն յոտնկայս ծափողչիւններով պարգեւատրուեցաւ Միքայէլ Եղբ. Եուսուֆեանը, Հայ Կիլիկիա Եկեղեցիի «Խաչքար» գնահատանքով։
Հուսկ Յոբելեար՝ Միքայէլ Եղբ. Եուսուֆեան իր սրտի խօսքը ուղղեց ներկաներուն եւ շեշտեց ըսելով.«Նախ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Աստուծոյ եւ ապա Եկեղեցիին եւ գնահատանքը ու փառքը ինծի չէ այլ Տէր Յիսուս Քրիստոսի։»
Երեկոն վերջ գտաւ ժողովուրդի «Փառք եւ Պատիւ» Փառաբանական երգով, Տէրունական Աղօթքի երգեցողութեամբ եւ Վեր. Սերոբ Մկրտիչեանի Առաքելական Օրհնութեամբ։
Հայ Կիլիկիա Աւետարանական Եկեղեցի
Փասատինա