Փետրուար 4 2020ի առաւօտեան մեծ հետաքրքրութեամբ եւ խանդավառութեամբ հայ Քոյրերու Վարժարանի 8րդ դասարանի աշակերտները իրենց ծնողներով, հայերէնաւանդ ուսուցիչներու եւ վարժարանիս ընդհանուր պատասխանատու քոյր Լուսիայի ընկերակցութեամբ դիմեցին դէպի «Արարատ Տուն»:
Հետաքրքիր էր աշակերտներուն, տեսնել համայնքի մէջ իր վարկն ու յատուկ տեղը ունեցող տարեցներու տունը, ուր մամիկներ եւ պապիկներ հոգատարութիւն կը վայելէին եւ կը փորձէին իրենց կեանքը շարունակել խաղաղ եւ հոգատար ձեռքերու մէջ: նոյնչափ ալ հետաքրքիր էր տարեց պատսպարեալներուն հանդիպիլ մեր պատանիներուն եւ տեսնել անոնց ներշնչումը՝ հայ մշակոյթով եւ հայերէն լեզուով ու աճումը՝ հայրենասիրութեամբ:
Հետեւաբար, Փետրուարեան այդ պայծառ առաւօտը ոգեւորիչ էր երկուստեք, Արարատ Տան ամսական ճաշկերոյթի գեղարուեստական յայտագիրը կը ներկայացնէին Հայ Քոյրերու Վարժարանի ութերորդ կարգի աշակերտները իրենց խմբային արտասանութիւններով եւ պարերով, որոնք աւելի գեղեցկացան եւ դարձան ամբողջական նախակրթարանէն երեք աշակերտներու յայտագրին մասնակցութեամբ՝ ասմունքով եւ պարերով: Յայտագիրը բծախնդրօրէն պատրաստուած էր եւ նուիրուած Քալիֆորնիոյ Հայ Քոյրերու Վարժարանի հիմնադրութեան 35 ամեայ յաղթական երթին:
Սրահը գեղեցկօրէն զարդարուած էր, ամէն կողմ կը տիրէր Փետրուար ամիսը խորհրդանշող զարդեր, սրտիկներ, ինչպէս մթնոլորտին մէջ առկայ էր սիրոյ եւ գուրգուրանքի շունչը:
Ցերեկոյթը սկսաւ ճիշդ ժամուն, մեծ թիւով ներկաներ անհամբեր կը սպասէին յայտագրի գործադրման, Տիկին Ալիս Գաւալճեանի հակիրճ բացման խօսքէն ետք, բեմ հրաւիրուեցան վարժարանիս ընդհանուր պատասխանատու Առաքինազարդ Քոյր Լուսիա եւ Քահանայ հայրը. Ան օրհնեց սեղանները եւ Քոյր Լուսիա առաջնորդեց Տէրունական աղօթքը, ապա սկսաւ ճաշկերոյթը տեղւոյն խոհանոցի կողմէ պատրաստուած համադամ ճաշերով, միաժամանակ աշակերտներուն հրամցուեցաւ ախորժաբեր ուտելիքներ:
Ճաշի միջոցին յայտագրի գործադրութիւնը սկսաւ երբ Տիկին Ֆիմի Գրաճեան ներկաներուն մատուցեց դաշնամուրի վրայ հանրածանօթ եւ խանդավառող հայկական եւ օտար երաժշտական դասականներ, ինչ որ խանդավառեց հիւրերը եւ յատկապէս մամիկներն ու պապիկները, որոնք հիացմունքով կը հետեւէին վարժ մատներով ներկայացուող երաժշտութեան:
Յայտագիրը շարունակուեցաւ Ութերորդ դասարանի աշակերտներու մատուցած խմբային արտասանութիւններով, անոնք ներկայացուցին Եղիշէ Չարենցի «Գովք Հայաստանի» եւ Գէորգ Էմինի «Սասունցիների Պարը» սիրուած ու ճանչցուած ոտանաւորները, անոնք իրենց ապրումով եւ հպարտ ասմունքով ոչ միայն բոլոր ներկաներու ուշադրութիւնը կլանեցին այլ պարտադրեցին որ միանան իրենց եւ խրոխտօրէն գոչեն «Արարատի նման ճերմակ ճակատ չկայ» եւ յաջորդաբար բեմ բարձրացան չորրորդ դասարանէն երկու աշակերտուհիներ եւ ներկայացուցին « Հերոսներ Աւարայրի», միջոցին ութերորդ դասարանէն խումբ մը աշակերտներ պարեցին խանդավառ Շալախոյ պարը , նախակրթարանէն երկու աշակերտներ ներկայացուցին զոյգ պար, ապա մենապար մը եւ հանդիսութիւնը վերջ գտաւ «Հայոց աշխարհ» երգի դիւթիչ երաժշտութեան ներքեւ խմբապարով մը, որուն աւարտին աշակերտները յաղթական վեր բարձրացուցին Հայ Քոյրերու վարժարանի նշանակը հպարտութեամբ եւ երախտագիտութեամբ:
Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասած էր, ծնողներ, ուսուցիչներ, ներկաներ, հիւրեր բոլորը գոհունակ եւ հպարտութեան, հայրենասիրութեան եւ հիացմունքի զգացումներով զեղուն կը շնորհաւորէին զիրար:
Հայու Ոգին ու կամքն էր, որ կը տիրապետէր այդ պահուն մթնոլորտին մէջ, բուռ մը հայեր կրցած էին Արարատի ներկայութիւնը զգալ Արարատ տան մէջ:
Այս առիթով մենք շնորհակալութեան խօսքը կ’ուղղենք Արարատ Տան հոգաբարձութեան յարգելի անդամներուն, յատկապէս Դոկտ. Սիլվա Գարայեանին, Քալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդաց միութեան Պարախումբի յանձնախումբին, մասնակցող աշակերտներու ծնողներուն, հայերէն դասաւանդող ուսուցչուհիներուն եւ վերջապէս աշակերտներուն, որոնք մեծ ուրախութեամբ իրագործեցին իրենց վստահուած այս աշխատանքը:
ԼԻՆՏԱ ԳԱՆՏԻԼԵԱՆ