Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Մեծ Պահոց Միջինք 2020 Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի «Քննող Գաղտնեաց» եւ «Հուր Սիրոյ» Աղերսանքը

 

 

Միջինք       

            Այսօր Չորեքշաբթի Մարտ 18, Միջինքն է Մեծ Պահոց, եւ հաւատացեալներ իրենց պահքի ներշնչման առիթ կը նկատեն զայն ու կրօնաշունչ ոգիով հաւատարմօրէն կը համախմբուին, նոյնիսկ եթէ ընկերային սովորութեամբ, շեշտելով անշուշտ Քառասնօրեայ Մեծ Պահոց ներկայութիւնը իրենց առօրեայ կեանքէն ներս։ Նկատելի կ՛ըլլայ նաեւ այս շրջանին համախմբուիլ առանձնացումի կեդրոններէն ներս որ իսկապէս կը զօրացնէ խոկումի եւ ներքին պատրաստութեան առիթն ու գործնական կերպը, յիշելով որ Միջինքը Մեծ Պահքի ճամբուն կէսը աւարտած ցոյց տալով, կը թելադրէ վերականգնել մեր ճիգերը վերանորոգման մեր ճամբուն վրայ։ Չմոռնանք որ անցնող տասը դարերու ընթացքին հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ մեծագոյն հրաշքներէն եղան Հայ Եկեղեցւոյ յատուկ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի եւ Ս. Ներսէս Շնորհալիի զոյգ պարգեւները, առանց որոնց քրիստոնեայ հայ ժողովուրդը պիտի մնար նկուն չդիմանալու աստիճան զինք շրջապատող չարաղէտ հոսանքներուն ու անվերջ հալածանքներուն։

 

«Քննող Գաղտնեաց»        

 

                                                                                                                      

            Շնորհալի Հայրապետի «Հաւատով խոստովանիմ» ամենաժողովրդական աղօթքը, գրուած անձնական առաջին դէմքով եւ օրուան 24 ժամերուն համար յատուկ նոյնքան հատուածներով, կը հանդիսանայ Հայ Եկեղեցւոյ սրտառուչ աղերսանքը Մեծ Պահոց ընթացքին զոր կը կարդանք անձնապէս եւ ոչ միասնաբար, կրաւորական եւ մանաւանդ ենթակայական դիրքով, շեշտելով անձին ու անոր մեղապարտ կեանքին ընթացքը, խնդրելով ամէն միջոց եւ կերպ մաքրուելու եւ Աստուծոյ մարդուս շնորհած «պատկերը» մասամբ վերականգնելու համար։ Քսանչորսէն մին «Քննող գաղտնեաց» տունն է, «գաղտնիքները քննող» Աստուծոյ ուղղեալ այս հատուածը, որմէ աղօթաւորը մեղաց թողութիւն կը խնդրէ անձնապէս։ Եւ սակայն ինչ բանն է «գաղտնի» եթէ ոչ նոյն ինքն մեղքը որ պէտքը ունի «քննուելու» Քրիստոսի կողմէ, որքան ատեն որ մարդիկ անտարբեր գտնուելով, գիտնալով հանդերձ մեղքերուն թիւն ու անոնց ծանրութիւնը չեն ուզեր քննել զանոնք, խնդրելով որ Քրիստոս ինք կատարէ լրումը մարդկային սխալներուն եւ արդարացնէ զիրենք։

 

«Հուր Սիրոյ»

            Այլուր նաեւ Շնորհալի Հայրապետ իր տարածուն շարականներուն եւ աղօթքներուն մէջ կուտայ կերպն ու դարմանը որոնցմով հաւատացեալը կարող պիտի ըլլայ իր մեղսալից կեանքէն մաքրուելու եւ Տիրոջ մօտենալու։ Հոս սակայն Հայրապետը կը պարտադրէ որ հաւատացեալը ինք գլխաւոր բաժինը առնէ իր մարդկային բնութեան սայթաքումները քննելով, «սիրոյ կրակը» վառ պահելով իր մէջ, եւ «գինը» վճարելով, այլապէս անօգուտ պիտի դառնար միայն ապաւինիլ Տիրոջ ողորմութեան եւ սպասել ձեռնածալ։ «Սիրոյ կրակը» այնքան ինքնատիպ կերպով գործածած է Ներսէս Շնորհալի երբ կ՛երգենք իր յօրինած «Նայեաց սիրով» երգին մէջ, կ՛արտասանենք «Հուր կենդանի Քրիստոս» հատուածը, եւ կամ «Նորաստեղծեալ» շարականի «Սիրոյ քո հուր» հոյակապ բաժնին մէջ։ Ամէնուրեք Հայրապետը կ՛ուզէ որ այդ նոյն ինքն «Քրիստոսի կրակը», մարդու հոգիին եւ մտքին մէջ բոյն դրած մեղքն ու չարիքը «այրէ եւ մաքրէ» իր իսկ խօսքերով, եւ այդ նոյն կրակով վերնան, խճմտանքը մաքրուի, եւ Քրիստոսի սէրը իրարու նկատմամբ տիրապետէ։

            Երբ զՔրիստոս «Հուր Կենդանի» կ՛անուանէ, մեր կեանքի ճրագը այդ կրակով կ՛ուզէ վառել, երկինքէն երկիր բերելով զայն, նկատի ունենալով որ միայն այդ կերպով, ինչպէս Առաքեալները Հոգեգալստեան օրը կրակի բոցերը ստացան եւ զօրացաննոյնպէս նաեւ Քրիստոսի հետեւողը մաքրուի եւ «լոյսի որդի» դառնայ, մնալով հանդերձ «այս աշխարհի որդին», եւ խորհրդանշականօրէն զգուշացնելով նաեւ մեզի ծանօթ ամենօրեայ կործանարար կրակէն որ կը խորտակէ ամէն ինչ հրդեհներու վերածուելով։ Քրիստոսի հուրով Հայրապետը առաջին «դեղագիր»ն է զոր կուտայ մեզի որուն շնորհիւ «ախտն ու աղտը, հիւանդութիւնն ու անմաքրութիւնը», ինչպէս ինք կը բնորոշէ, փարատին մարդոց մէջէն։

 

«Զհոգին մի՛ շիջուցանէք»

            Սիրոյ կրակը Շնորհալի Հայրապետին մօտ գերազանցօրէն սիրոյ աղբիւրն է՝ Սուրբ Հոգին, որ որպէս բոցեղէն զօրութիւն աշակերտները առաքեալներու վերածեց։ Անոր ակնարկելով Պօղոս Առաքեալ կը զգուշացնէ թէ այդ աստուածապարգեւ շնորհը «մի՛ մարէք», տրուած ձեզի ձրի կերպով Խաչի բարձունքէն, եւ սակայն մարդիկ կարող են զայն մարել վայրկեանի մը մէջ, ինչպէս մոմին բոցը, մնալով խաւարի եւ ցուրտի վտանգներուն ենթակայ, կորսնցնելով յոյսի եւ լոյսի, ջերմութեան եւ բերկրանքի քաղցրութեան վերանորոգ շնորհները։ Այս ալ երկրորդ «դեղագիրն» է տրուած մեզի Պօղոս Առաքեալէն։

 

«Գտող զիս արա»

            Կարողութիւն տուր ինծի որ կարենամ գտնել, կ՛ըսէ Հայրապետը «Առաւօտ լուսոյ» բոլորիս յայտնի առաւօտեան արշալոյսի երգին մէջ։ Ի՛նչն է կորսուածը զոր պէտք է գտնել։ Նոյն ինքն Քրիստոս՝ «ողորմութեան գանձը» որ շատ անգամ «ծածկուած» կ՛ըլլայ մեզմէ, մեր անփութութեան եւ անտարբերութեան պատճառով։ Մեր այլազան արարք¬ ներով կը հեռանանք Իրմէ եւ չենք կրնար տեսնել զինք՝ կքած մեր հաճոյքներու ծանրութեան տակ։ Այլապէս ի՛նչպէս Քրիստոս ինքզինք կը ծածկէ։ Այսօր սակայն աշխարհ տարբեր կը մտածէ, եւ կամ երբեք չի մտածեր, որո՞ւն հոգն է «ողորմութեան գանձը» տեսնել, փնտռել եւ գտնել, քանի որ միայն մեր տեսած աշխարհի գանձն է որ կը յագեցնէ մեզ, ու անով նոյնիսկ չենք գոհանար։ Ճիշդ այս է որ Հայրապետը կ՛երգէ «սիրոյ կրակը» վառ պահելով, եւ մեզի սրտաճմլիկ աղերսանք տալով որ «կարող դարձուր զիս քեզ գտնելու» որ մեր մեղքերուն պատճառաւ «ծածկուած ես»։

                        Ընդհակառակը, Քրիստոս ինք յայտնութիւնն իսկ է, եւ Իր բերած կրօնքը յայտնեալ կրօնքն է աշխարհին, եւ եթէ չենք տեսներ զինք, մեղքը մեր վզին, մենք կը մնանք պատասխանատուն։ Դէպի Իր ճակատագիրը մեկնող Տիրոջ ընդառաջ պիտի երթանք, Գանձը վերագտած ըլլալու հաստատ հաւատքով։ «Գանձը» նաեւ Աստուծոյ արարչագործութիւնն իսկ է ուրկէ համատարած բարիքն ու բարեգործութիւնը հասան մարդկութեան, հակառակ մեղքի յարատեւ մեքենայութիւններուն։ Աւագ Շաբթուն լծակից պարտինք ըլլալ Տիրոջ վերջին ճանապարհորդութեան՝ արժանի դառնալու համար Իր Յաղթական Լոյսին։ Ու զայն կատարելագործելու միակ կերպը, ըստ Ներսէս Շնորհալիի, սիրոյ կրակը վառ պահելն է ու գանձին տէրն ըլլալն է, փոխան անտարբերութեան եւ աշխարհիկ աւանդներու։

 

            Աւետարանը՝ Պատուանդան

                        Եթէ գաղտնիքներու քննողը «լոյսն ու կրակն» են, հաւատացեալք պիտի կանգնին միայն Աւետարանի պատուանդանին վրայ եւ անկէ ստանան անոնց «վառելանիւթը», քանզի եթէ որպէս սկիզբ եւ սկզբունք պատուանդան չկայ մեզ կանգուն պահող, եւ եթէ անաստուածներու ճամարտակութեամբ պիտի սկսին մեր քննութիւնները, եւ արդի մտածողութեան շռայլած անկրօն նախդիրներով պիտի շարունակուին մեր հետազօտութիւնները, մէկդի դրած կ՛ըլլանք Ս. Գիրքն ու Աւետարանը, ուրացած կ՛ըլլանք Աստուծոյ Թագաւորութեան ներգործութիւնը, հեռու կը մնանք Ս. Եկեղեցիէն, եւ մեր մտածումը կը թեքի դէպի նոյն ճամարտակութիւնները որուն զոհ գացած է այսօր աշխարհի հիւանդ մեծ զանգուածը։ Հաւասարակշռութիւնը ապահովաբար եւ փաստացի կերպով պահողը եղած է ու պէտք է ըլլայ ահա երկու հազար տարիներէ ի վեր Քրիստոսի Սուրբ Եկեղեցին։ Թող որ վայելենք անոր հովանին Քրիստոս Թագաւորի մշտանորոգ ներկայութեամբ։

                        Միջինքը ընկերային ու սովորական չմնան մեր մէջ։ Գնահատելի է համայնքներու եւ միութիւններու կատարած հաւաքոյթները Միջինքի առիթով։ Իսկապէս լուրջ ընթացք մը տրուած է անոր ամէն տարի որուն ականատեսն ու մասնակիցը եղած ենք տարիներէ ի վեր։ Հայ Եկեղեցւոյ դրոշմը կնքած է Միջինքի հոգեպարար առիթը։ Մեզի կը մնայ զայն անաղարտ պահել ու միշտ աստիճան մը բարձր պահել սովորականէն, ընկերայինէն ու պատահականէն։ Չմտածել ու կարեւորութիւնը ճաշատեսակին ու երբեմն ալ անհարկի ձայնաւոր գործիքներու աղմուկին ենթարկելով զայն։ Յիշելով միշտ թէ տակաւին Մեծ Պահքի մէջտեղն ենք ու զայն մաքրութեամբ, աղօթքով եւ Սուրբ Գրային դասերով լրացնելու պարտաւորութեան տակ կը գտնուինք։

 

 Դոկտ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ 

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ