Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Էս Ի՞նչ «Հալի» Ընկանք

 

Չուզեցի հայերէն «վիճակ» բառը գործածել «հալ»-ի փոխարէն, պարզապէս Միացեալ Նահանգներու եւ ի մասնաւորին՝ Լոս Անճելըսի ժողովուրդին մատնուած վիճակը նկարագրելու համար, այդ պարսկական բառը աւելի յարմար եւ ժողովուրդին հոգեկանին իսկական իմաստը նկարագրող բառ մը ըլլալուն համար, գործածեցի զայն:

Անմահն Չարենցի «ամբոխները խելագարած»-ները այժմ այստեղ են: Խուճապ մըն էր որ փրթաւ Միացեալ Նահանգներու մէջ, մասնաւորապէս՝ Ուաշինկթըն եւ Գալիֆորնիա նահանգները արգելափակուելէ ետք, ըստ նախագահ Թրամփի հրահանգին: Այս երկու նահանգները ամենամեծ տարողութեամբ «քորոնա» կոչուած ժահրով (virus) վարակուած նահանգներ ըլլալուն պատճառով: Երկիր մը ամբողջ մեկուսացուած է աշխարհէն, օդային թռիչքները արգիլուած, ծովային ճամբորդութիւնները նոյնպէս, ճանապարհային ճամբորդութիւնները խիստ քննութեան ենթարկուած, հասարակական ելոյթները, համախմբումները, հաւաքոյթները, բոլոր միջոցառումները չեղեալ նկատուած, առաւել եւս՝ տարեցներուն թելադրուած է իրենց բնակարաններէն դուրս չգալ, անախորժ, անհանգիստ կարգավիճակ մը ստեղծելով երկրին մէջ:

Կարծէք կամաւոր բանտարկեալներ ըլլայինք:

Ժահրի տարածման լուրի առաջին նշոյլին, մեր զաւակները մեզ ապահոված էին արդէն տան կենցաղային անհրաժեշտ ուտելիքներով եւ առողջապահական պէտքերով: Բայց… անոնք չեն «գիտեր» մեր կերածը: Ուստի, ես ու տիկինս յաջորդ առաւօտ ճամբայ ելանք «այս կամ այն» պակաս ուտելիքը կամ «պէտք» եղածը գնելու համար…շուկայէն: «Չես գիտեր, ի՞նչ կ՝ըլլայ ի՞նչ չըլլար» կամ՝ «ասիկա որքա՞ն պիտի տեւէ» ըսելով:

Ես անձամբ ականատես եղած եմ 1990-ի (Ռատնի Քինկի) դէպքերուն, ուր ոչինչէն փոթորիկ ստեղծուեցաւ Լոս Անճելըսի մէջ: Պահեստանոցներ, նպարավաճառի խանութներ եւ խռովարարներու ճամբուն վրայ գտնուած բոլոր վաճառատուներն ու խանութները համաճարակ կողոպուտի ենթարկուեցան: Նոյնիսկ՝ կահ կարասիներու խանութները: Հաւատալի՞ք տեսարան էր արդեօք: Կահ կարասին շալկած կիներ ու այրեր, մրջիւններու շարանի նման իրենց բնակարանները կը կրէին այդ աւարը:

Ուրեմն՝ սիրելի ընթերցող, երեւակայէ այդ տեսարանը առանց կողոպուտի:

Լոս Անճելըսի մէջ ունինք, շատ հաւանաբար այլ քաղաքներու եւ նահանգներու մէջ եւս ունին նոյն հսկայական նպարեղէնի եւ այլ պիտոյքներու վաճառատուներ ինչպէս՝  (Costco, Smart & Final, Wallmart) եւ անշուշտ ուտեստեղէններու այլ վաճառատուներ կամ՝ «մարքէթներ» եւս, որոնք կը տարուբերին ըստ յաճախորդներու մակարդակի քմայքին:

Փորձեցինք երթալ մեզի մօտակայ առաջին մեծ վաճառատունը:

Եթէ այս քաղաքին մէջ, այս վաճառատուները գիշեր ցերեկ կը ջանան այս ժողովուրդին փորը կշտացնել իրենց ճաշարաններով եւ նպարեղէնի վաճառատուներով, որոնք միշտ բերնէ բերան թխմուած ուտեստեղէն կ՝ամբարեն իրենց դարակներու վրայ,  Աստուած մի արասցէ ուրեմն, որ Լոս Անճելըսի մէջ ուտեստեղէնի տագնապ ստեղծուի:

Ներս մտանք մօտ կէս ժամ ետք: Մեր մուտքը տեւեց այսքան երկար, արտաքին դռնէն մինչեւ վաճառատան մէջ: Հազիւ հազ կառք մը ճարած՝ ուզեցինք ուտեստեղէնի շարքը անցնիլ: Կարծէք սովէն փրկուած մարդիկ ըլլային: Զիրար հրմշտկող, իրար ձեռքէ յափշտակող  եւ իրենց կառքերը մինչեւ բերանը ուտելիքներով, թուղթէ անձեռոցներով, զուգարանի պիտոյքներով, հականեխիչ եւ մաքրող դեղորայքի սրուակներով  լեցուն մարդկային ամբոխ մը, որ ո՛չ ծայր ունէր եւ ո՛չ ալ վերջ:

Անել վիճակի մատնուած, մեր օրը այնտեղ չվատնելու բերումով, ստիպուած հեռացանք այդ վաճառատունէն, մէկ այլը երթալու համար:

Կարծէք Փոխադարձ համաձայնութիւն էր  այդ վաճառատուներուն միջեւ: Նոյն տեսարանը կը կրկնուէր այնտեղ եւս: Ճարահատ, որոշեցինք երեկոյեան վերադառնալ, այն մտովին թէ՝ խճողումը թեթեւցած պէտք էր ըլլար:

Երեկոյեան ուշ ժամին, գացինք այն նոյն վաճառատունը: Նոյն ամբոխը չէր այնտեղ: Ըսինք լաւ է, գոնէ հանդարտօրէն կ՝ընենք մեր գնումները: Ներս մտանք: Ի զարմանս մեզի, վաճառատան վերեւի նշուած պիտոյքներու դարակները պարապ էին: Բաւականին ման գալէն ետք, յուսահատ, միւս վաճառատունը ըսինք փորձենք: Նոյն պարագան էր այնտեղ եւ յաջորդը նոյնիսկ:

Շուարած՝ հարց տուի վաճառորդի մը թէ՝ ուտելիքի եւ մաքրութեան պիտոյքներու ամբարումը հասկնալի է, բայց սա թուղթէ անձեռոցիկները եւ զուգարանի թուղթերուն պարագան ի՞նչ է:  Ծիծաղելով ըսաւ. «ասոնք խենթեցած են, իսկ մնացեա՞լը, պիզնես կ՝ընեն»: Ինչպէ՞ս ըսի: «Ան լայն (առ ցանց) կը ծախեն այս ապրանքները կրկին եւ աւելի արժէքով» ըսաւ:

Վա՜յ քեզ վաշխառու ժողովուրդ: Մարդկային դժբախտութեան մէջ հարստահարութեան առիթներ որոնող թշուառականներ, որոնք պղտոր ջուրի մէջ ձուկ որսացողներ են:  Բայց… այս կացութիւնը արդե՞օք միայն այս երկրին մէջ է:

Կը յիշեմ Լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի օրերը: Նոյն պարագան այնտեղ չէ՞ր:

Կամ մէկ այլ երկիր, իսկ ինչու չէ, ո՞ր երկրին մէջ նոյնը պիտի չպատահէր:

Երկիրը չէ մարդկային հոգին կերտողը: Մարդկային ստոր ոգին է որ կը ծառանայ մարդուն մէջ երբ գտնուի նեղ ու անձուկ պարագաներու մէջ:

Գալով մեզ տանջող  «քորոնա» կոչուած «վայրըսի»ն, ժահրին, թոյնին:

Անհաւատալիօրէն չափազանցուած, ընդլայնուած, բացատրական զանազան միջոցներու եւ անհատներու դիմած մեր լրատուական ընկերութիւններու մէկ մասը, որոնք քաղաքական ասպարէզի ապակայունացումով իրենց կիրքերը աւելի կը բորբոքին, աշխարհի մէջ թոյն ու աւեր թափելու, աշխարհի տէր տիրական դառնալու տենչանքով, կը հրահրեն իրենց խօսնակները օրն ի բուն բարբանջելու եւ ստախօսութիւններով ժողովուրդ մը ամբողջ ոտքի հանելու, իրարանցում ստեղծելու եւ խառնաշփոթ վիճակ ստեղծելու համար: Իսկ այդ բոլորը… վասն փառքի ու տիրակալութեան:

Գաւաթ մը ջուրի մէջ փոթորիկ ստեղծուած այս դրութիւնը համեմատուած է այլ մասնագէտներու կողմէ, որպէս հարբուխի, ֆլուի կամ էնֆլուէնզայի մէկ այլ տեսակը:

Իսկ  ինչո՞ւ մեր «գիտունները» այս «քորոնայի» ժահրէն բժշկման դեղը չեն գտած մինչեւ այսօր, քաջ իմանալով որ այս ժահրը գոյութիւն ունէր 1980-ական թուականներէն ի վեր:

Հայկական առածը կ՝ըսէ: «Ամէն քարի տակ գաղտնիք մը կայ թաքնուած: Երբ վերցնես այդ քարը, այն ժամանակ ի յայտ պիտի գայ ան»:

 

ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ