Թուրքիոյ մէջ ոչ իսլամ փոքրամասնութիւններու հիւանդանոցներէն հայկականը միակն է, որ ներգրաւուած է «Քորոնա» ժահրի համաճարակին դէմ պայքարին մէջ, կը հաղորդէ Պոլսոյ «Ժամանակ» թերթը։
Արդարեւ, Սուրբ Փրկիչ ազգային հիւանդանոցը ծառայութիւններ կը մատուցէ անխտիր, բոլոր դիմողներուն: