Շաբաթ, Դեկտեմբեր 28, 2024

Շաբաթաթերթ

Լոս Անճելըս Գաւառը «Քորոնա» Ժահրի Քննութիւններու Նոր Կեդրոններ Կը Բանայ

Լոս Անճելըս գաւառի իշխանութիւններուն կողմէ օրական յաճախականութեամբ կատարուող «Քորոնա» ժահրին վերաբերող մամլոյ ասուլիսներէն մէկուն ընթացքին, 2 Ապրիլի յետմիջօրէին հաղորդուեցաւ, որ Լոս Անճելըս գաւառի տարածքին բացուած են «Քորոնա» ժահրի քննութիւններու նոր կեդրոններ, ուր նախապատուութիւն պիտի տրուի 65 տարիքը բոլորածներուն եւ առողջապահական բարդութիւններ ունեցողներուն։

Մանրամասնութիւններու համար այցելել coronavirus.lacity.org/Testing կայքէջը։

Կը հաղորդուի նաեւ, որ նախորդող 24 եւ 48 ժամերուն ընթացքին յաջորդաբար 534 եւ 1047 նոր վարակուողներ արձանագրուած են գաւառին տարածքին, ընդհանուր թիւը հասցնելով 4045ի։ Արձանագրուած են 13 նոր  զոհեր, ընդհանուր թիւը հասցնելով 78ի։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ