Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Յարութեան Խորհուրդը Հրաշալի Է

 

Իւրաքանչիւր հաւատացեալ քրիստոնեայ Յարութեան տօնը աւելի կը սպասէ, քան տարուայ մէջ մէկ այլ եկեղեցական տօնին։ Յարութիւնը մեղքերու թողութեան, բուժման, վերածնունդի օր է , որուն կը նախորդեն պահեցողութեան օրերը, որ հոգեւոր մեկուսացման, հրաժարումներու, խոկման եւ աղօթքի 40 օրեր են։ Պահք պահող քրիստոնեան հոգեպէս կը մեկուսանայ աշխարհիկ կեանքէն, վայելքներէն, խրախճանքներէն, գինարբուքներէն, շռայլութիւններէն, ամեն տեսակ ճոխութիւններէն եւ հաճոյքներէն։ Ան աղօթքով, խոկումով, հրաժարումներով ինքզինք մաքրելով եւ հոգեպէս կը վերածնի  պահքի աւարտին՝ Յարութեան տօնին։

Վերջին մի քանի ամիսներուն քորոնա ժահրը տուներուն մէջ փակեց ողջ աշխարհը, ստիպելով մեկուսանալ, հեռանալ աշխարհէն, հնարաւորութիւն չձգելով գինարբուքներու եւ զուարճանքներու։  Մարդիկ ակամայ յայտնուեցան «պահեցողութեան» մէջ։ Փակուելով տան մէջ, կտրուելով աշխարհէն, շատ մը  մարդիկ սկսան մտածել կեանքի, աշխարհի, մարդկային յարաբերութիւններուն, իրենց անձին ապրած կեանքին եւ վարած կենցաղին, երկի կացութեան, մոլորակին պատած համընդհանուր ցաւին  եւ շատ մը այլ կարեւոր միտքերու շուրջ։ Համավարակը  տառացիօրէն ստիպեց մարդոց գլխիվար շրջել  իրենց կեանքը։ Շատ շատերը այս իրադրութենէն  իրենց դասերը քաղեցին, կարեւորութիւններու   եւ առաջնահերթութիւններու ցուցակը նորոգեցին, հոգեւոր  վերարժեւորումներ ունեցան, մարդկային յարաբերութիւններու մէջ ճեղքերը բուժեցին։ Համավարակը ստիպողաբար  մեզի բերաւ հոգեւոր այնպիսի վիճակի մը, ուր ամէնքս այլեւս տարբեր ենք ու  այս բանին աւարտին վերածնուած, հինէն բոլորովին տարբեր մարդիկ պիտի ըլլանք։ Ու չես գիտեր ինչո՞ւ եւ  ո՞ր  նախախնամութեամբ քրիստոնեայ երկիրներու մէջ վարակի եւ մեկուսացման օրերը  զուգադիպեցան Յարութեան նախորդող ապաշխարհութեան օրերուն։

          Քրիստոս խաչուեցաւ եւ Յարութիւն առաւ՝ փրկելով մարդկութիւնը։ Այս սահմռկեցուցիչ օրերուն աւելի սուր է այս երեւոյթի գիտակցումը։ Աւելի, քան տեղին  ու կարեւոր են  աղօթքը, ապաշխարհութիւնը, մեղքերու թողութիւնը, մաքրումն ու հոգեւոր վերածնունդը․․․

          Քրիստոսի Յարութեամբ հաւատանք  փրկութեան, աշխարհի մօտալուտ առողջացման, մարդկանց շուտափոյթ ապաքինման, երկի վերածնունդին, մարդկութեան զարթօնքին եւ միասնաբար մեր աղօթքը ուղղենք առ Աստուած, հաւատքով, որ աղօթքի ուժը զօրավիգ կ՛ըլլայ հայ ազգին։

 

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ