Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային հերոս Էտուարտօ Էռնէկեան 250.000 տոլարի օգնութիւն պիտի տրամադրէ Հայաստանի կառավարութեան` «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարի համար: Այս մասին կը յայտնէ «Զուարթնոց» օդակայանի ֆէյսպուքեան էջը։
Արժանթինահայ գործարար Էտուարտօ Էռնէկեան Հարաւային Ամերիկայի ամենահարուստներէն է: 2017 թուականի Սեպտեմբեր 21-ին անոր շնորհուած է ՀՀ ազգային հերոսի կոչում: