Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Կեանքը Կը Սկսի Ձեզմէ Եւ Կը Շարունակուի Ձեզմով. Արմէն Սարգսեանի Շնորհաւորական ուղերձը` Մայրութեան եւ Գեղեցկութեան Տօնին Առթիւ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Մայրութեան եւ գեղեցկութեան տօնի առթիւ։ Ուղերձին մէջ, մասնաւորապէս, ըսուած է․

«Սիրելի կանայք,

Այս տարի յատուկ ջերմութեամբ եւ սիրով կը շնորհաւորեմ ձեզ՝ Մայրութեան եւ գեղեցկութեան տօնին առթիւ:

Առանձնակի շնորհաւորանքներս, բարեմաղթանքի ու շնորհակալութեան խօսքերս բժիշկ եւ բուժաշխատող կանանց, որոնք միշտ եւ յատկապէս այս դժուարին օրերուն զօր ու գիշեր, բժշկական օգնութեան հետ մէկտեղ հարազատի հոգատարութիւն ու խնամք կը ցուցաբերեն բուժհաստատութիւններու մէջ գտնուող հիւանդներուն հանդէպ:

Երախտագիտութիւնս նաեւ բոլոր այն կանանց` ոստիկան թէ զինուորական, փրկարար թէ ծառայող, որոնք աշխատանքի, մասնագիտութեան բերումով եւ հոգիի կանչով այս օրերուն կը վտանգեն իրենց կեանքն ու առողջութիւնը բոլորիս համար, այն կանանց, որոնց ամուսիններն այս օրերուն հիւանդանոցներէն, ծառայութենէն ու աշխատավայրէն գրեթէ տուն չեն գար` իրենց պարտքը կատարելով․․․:

Սիրելիներս,

Գարունը միշտ սպասումներով ու յոյսերով է լի: Այս տարուան տօնական շնորհաւորանքներուն մէջ թերեւս արտաքին փայլն ու ձեւը քիչ մը աւելի զուսպ են: Սակայն հաւատացէք, որ մեր սէրն ու երախտագիտութիւնը ձեզի հանդէպ երբեք չեն փոխուիր․․․․Որովհետեւ, սիրելի կանայք, կեանքը կը սկսի ձեզմէ եւ կը շարունակուի ձեզմով:

Պահպանեցէք ձեզ, եղէք առողջ, եղէք երջանիկ, ապրեցէք երկար»:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ