Կիրակի, Նոյեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Բառերու Խորհրդաւոր Աշխարհը. Մշուշ

Աստղիկ դիցուհին, անուշ գիշեր էր, լոգանք ստանալու համար իջաւ Մշոյ դաշտԱրածանի գետի ջուրերը, մերկացաւ, տարփաւոր կտրիճները լսեցին շրշիւնը, կրակ վառեցին մօտակայ բարձունքներու վրայ, որպէսզի հիանան անոր գեղեցկութեանԱստղիկը իր շուրջը պատեց թանձր, կապոյտ շերտով մը մշուշի ու մնաց աննշմար: Այնուհետեւ, քողարկող մշուշ էր ամէն գիշեր: Յետոյ՝ երկրամասը կոչուեցաւ Մուշ, դաշտը՝ Մշոյ դաշտ։

 

Ձեր ականջը, յարգելի ընթերցող, շոյեց հայրենի տեղանունի մը ստուգաբանութիւնը, ըստ հարազատ ժողովուրդի, առասպել մըն է ան, պարզ ու ջինջ: Ինչ որ կը մնայ պղտոր, մշուշոտ՝ «մշուշ» բառի ստուգաբանութիւնն է: Այսօր, երբ նոյնքան մշուշոտ է աշխարհի ընթացքը եւ ապագան, կ’առաջարկեմ գոնէ մշուշը հեռացնել «մշուշ» բառի վրայէն ու հիանալ, թէ ան ինչպէ’ս ոլորապտոյտ ծալքերով, դանդաղաշարժ, տարածուեր է հայկական գրական դաշտի վրայ ու քնքշօրէն ալ ծածկեր է զայն:

 

«Մշուշ»ը, նկարագիրով ժլատ եւ ծածկամիտ, ծնունդ տուեր է չորս՝ թոյզն թիւ՝ հայկական արմատ բառի մը համար, համաձայն եմ, բայց միայն չորս բառի. մշուշոտ, մշուշային, մշուշապատ եւ թանձրամշուշ: Բոլորն ալ պատկերաւոր են, կասկած չկայ: Բայց, մենք կ’ակնկալէինք, թէ ան յղանար աւելին,- արտօնեցէք առաջարկեմ տասը ածական. «մշուշաքայլ, մշուշաշունչ, մշուշածաւալ, մշուշաճեմ, մշուշազրաւ, մշուշամոյն, մշուշահեղձ, սեւամշուշ, խստամշուշ, խտամշուշ»-, ու այդ բառերով հայոց մայրենիի մշակները ստեղծէին խորհրդաւոր նկարագրութիւններ, գրական պատկերներ: Մենք, գոհանանք մեր ունեցածով, խարխափենք հայկական գրականութեան էջերը ու փորձենք յայտնաբերել, թէ «մշուշ»ը որքա’ն տարածուէր է:

 

«Մշուշ» բառը աւանդուած չէ հին մատենագրութեան մէջ, ոչ ալ ոսկեդարեան Աստուածաշունչի մէջ: Կը կարծուի, թէ ան ուշ մտած է Հայկական լեզուաշխարհ: Ծագո՞ւմը… Ինչպէս ըսինք՝ մշուշոտ է: Աճառեանը զայն համեմատեր է Միջագետքի հին լեզուներու նմանաձայն եւ նոյնիմաստ բառերու հետ, բայց մնացեր է անհաստատ: Գէթ, ունինք «Գլուխը մշուշ պատել» դարձուածքը, որ կը նշանակէ վիշտով, տխրութեամբ համակուիլ: Ան յատուկ է Միջին հայերէնի: Հետեւաբար, թերթենք ուշ-միջնադարու տաղարանները ու տեսնենք, թէ առաջին անգամ ո՞ր բանաստեղծին գլուխն է մշուշ պատեր… Այդ մէկը՝ Յովհաննէս Թլկուրանցին է, 14-15րդ դարերու բանաստեղծ, երգիչ եւ երգահան: Ականջ տանք անոր մթագնած քնարին.

Մաղձն սրտիս մշուշ կապեր,

արեան արցունքս կու ցօղայ:

 

Ապա եկաւ Խեւ Կաֆացին, 1600ներուն, անոր գլուխն ալ պատեց մշուշ մը՝ կարօտի տառապանքը.

Լեռներուն գլուխն է մշուշ ,
Ես զքեզ կու տեսնում յուշ-յուշ:

 

«Մշուշ» բառը բուն կը նշանակէ մառախուղ, շամանդաղ, մէգ: Բայց, ան երբ ստացաւ փոխաբերական իմաստներ, ինչպէս՝ մոռացման քօղ, տխրութիւն, աղօտ եւ ոչ պայծառ երեւոյթ՝ գրաւիչ դարձաւ 19րդ եւ 20րդ դարերու բանաստեղծներու համար, որոնց գրչափետուրէն հոսեցան հետեւեալ արտայայտութիւնները. «Կը ծածանի ճերմակ մշուշ մը, որ մեղմօրէն կը սարսռայ», «Մանկական անգիտակցութեան մշուշը», «Գոլորշիի նրբին մշուշ», Զապէլ Եսայեան, «Դամբաններուն վրայ դեղին մշուշ մը կ’իյնար», Տիգրան Չէօկիւրեան, «Վերջալուսային լուրթ մշուշ», Ժագ Սայապալեան: Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանը անոր հետ պատկերացուց տգիտութիւնը եւ ազգասէր մարդը. «Տեսնելով որ տգիտութեան թանձր մշուշը պաշարեր է իր ազգը ու խղդել կ’ուզէ զայն սոսկալի խաւարի մը մէջ՝… ամէն տեղ իմացութեան, գիտութեան ճրագները կը վառէ, կը փարատէ մշուշ խաւարը»: «Տգիտութեան մշուշը» ծանօթ էր Խրիմեան հայրիկի կենսագրութեան հեղինակ Խաչատուր Մալումեանին ալ. «Խրիմեան վճռել էր (Մշոյ) Ս. Կարապետի վանքում տպարան հիմնել, ուստի իր հետ վերցրեց Վարագի երկու մամուլից մինը… Ձիաներին բեռնած էին մամուլ, տառեր, թուղթ, մելան, գրքեր: Այս կարաւանը տանում էր Տարօն լոյս, ցրուելու համար այն խաւարը եւ թշուառութիւնը, որ դարերից ի վեր պատել էր Մուշը, ինչպէս մշուշ»: Պետրոս Դուրեանը նամակ մը գրի առաւ՝ Առ Մեծապատիւ Ա. Էֆենտի Լուսինեան, ու նկարագրեց իր ներաշխարհը. «Եղբայր իմ, Երկու տող բան չեմ կարող գրել, երեւակայութեանս մէջ ցուրտ մշուշ մը կայ թանձրացած, վայր ընկան գլխուս աստղերը, սեւ ամպերը ծանրացան հոն»:

 

Բառը նշուլեց նաեւ հայկական քերթողութեան եւ արձակ բանաստեղծութեան մէջ: Դանիէլ Վարուժանը անոր հետ նկարագրեց ձմեռը, «Երկինքը կը մթնէ. Անոր ճակտին մոխրագոյն մշուշ մը կը կառչի», Համօ Սահեանը՝ աշունը, «Մշուշների շղարշի տակ / Աշնան խաշամն է խշխշում», Նիկողոս Սարաֆեանը խօսեցաւ իր հոգեվիճակի մասին. «Աշուն է լուռ եւ մշուշ։ Խաղաղութեան անհուն ծով / Եւ տխրութիւն է խորունկ», Մատթէոս Զարիֆեանը մեզի տուաւ երկու պատկեր, մէկը սիրալիր, միւսը սրտաճմլիկ, «Ի՜նչ հեշտագին մշուշ է այս նորէն շուրջս. / Աչքերուս մէջ, գիշերին հետ, կարծես աստղեր կը դողան», «Միտքս խեղդող մշուշ մ’ունէր, / Ձեռքէս հատ-հատ վարդերն ինկան», իսկ Զահրատը «Ոչ» բանաստեղծութեան մէջ յիշեց կեանքի փորձառութիւն մը.

Ինծի հաճոյք մը պատճառել կ’ուզե՞ս – Ոչ –
Մշուշ  կ’իջնէ  ծովուն վրայ…

Ինծի հաճոյք մը պատճառել կ’ուզե՞ս – Ոչ –

Մշուշ կ’իջնէ սրտիս վրայ…

 

Սակայն, հայկական քնարերգութեան մէջ մշուշը ամենէն շատ պատեց Վահան Տէրեանին: (Թոյլ տուէք զինք կոչեմ «մշուշապաշտ») Ահա «Մթնշաղի անուրջներ» ժողովածուէն տողիկներ. «Քո աչքերում կայ մի քնքոյշ բախտի վերյուշ, / Արբեցումի ոսկէ մշուշ», «Չի ժպտում ինձ խաղաղ հանգրուան… / Անթափանց մէգ-մշուշ է միայն», «Կրկին իմ հոգում / Ւջաւ մշուշոտ, արցունք անձրեւող / Տրտում իրիկուն», «Մեղմ լալիս եմ ցուրտ մշուշի մէջ», «Եւ զարդարեցիր քո անոյշ սուտով / Իմ տխուր կեանքի մշուշը խաւար», «Անցնում եմ արագ ես ձեր փողոցով / Եւ խենթ մշուշում ոչինչ չեմ յիշում», «Այսօր նորից պարտիզում / Շրջում էի եւ յիշում / Քեզ արթմնի երազում, / Ոսկի, ոսկի մշուշում», «Լայն դաշտերի մէջ դանդաղ մշուշում, / Լքուած լռութեան ծածկոցն է իջել», «Ւմ կեանքը մի նուրբ մշուշ է պատել»:

 

Արդեօ՞ք ունինք մշուշապատ երգեր ալ: Անկասկած: Մէկը՝ շնորհիւ Ռուբէն Հախվերդեանի.

Բայց արդէն ուշ է, յուշը մշուշ է,

Սէրը քնքոյշ էր կէս գիշերին:

 

            Յօդուածիս աւարտին մտովի վերադառնանք Մուշ, ուր սկիզբ առեր էր այս պատմութիւնը ու թոյլ տանք, որ մեր ականջի մէջ շշնջայ այդ մշուշոտ երկրի աւանդական երգը. «Մշոյ սարեր մշուշ է‚ իւր հողն ու ջուրն անոյշ է», կամ լսենք այն տարբերակը, զոր Կոմիտաս վարդապետը 1892 թուականին լսեր է Մուշեղ անունով մշեցիէ մը.

Մշոյ աշխարհ անոյշ է․

Սարն ու ձորը մշուշ է․

 

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ


ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ