Ապրիլը Հայ ժողովուրդի ենթագիտակցութեան մէջ յիշատակի ամիս է։ Յիշելու, յարգելու, յիշատակը անմահացնելու, խորհելու, մտորելու ամիս է։ Միշտ։ Ապրիլին, ինչպէս գարնան բնութիւնը կ՛արթննայ, նոյնպէս հայորդիները աշխարհի չորս ծագերուն աշխոյժ եւ միակամ կը համախմբուին։ Ինչո՞ւ միայն ապրիլին պէտք է այսպէս ըլլայ։ Ինչո՞ւ նոյն հայրենասիրական եռանդն ու աւիւնը տարուայ բոլոր օրերուն չունենալ։
Ապրիլեան ոգեկոչումներ․․․Եղեռնի զոհերուն յիշատակը կ՛ոգեկոչենք աշխարհի չորս կողմը։ Սփիւռքահայ ամեն գաղթօջախ իր տեսլականին համապատասխան, բայց միշտ միակուռ, միահամուռ։
Ապրիլեան պատերազմին զոհուած հերոսներուն անթառամ յիշատակը կ՛ոգեկոչենք, փորձելով արժանին մատուցել հայրենիքը իրենց կեանքի գնով պաշտպանած հայորդիներուն։
Այս տարի ծանօթ պարագայի բերումով տարբեր ձեւով դասաւորուեցաւ ոգեկոչման միջոցառումներու սովորական ընթացքը, որ ամեն տարի ժամացոյցի պէս կը կրկնուէր նոյնութեամբ։ Այս տարի համավարակը ստիպեց այլ ճամբաներ գտնել ոգեկոչման ու յիշատակը վառ պահելու։
Դէպքերը եկան անգամ մը եւս փաստելու, որ մարդկային ներուժն անսահմանափակ է։ Ընդամէնը առիթ պէտք է։
Վերջ ի վերջոյ, այս ամենը միշտ եղած է մէկ նպատակով՝ վառ պահել Հայ ժողովուրդին անմեղ զոհերուն յիշատակը, յարգել անոնց ձգած ժառանգութիւնը, ու նոյն ոգին փոխանցել յաջորդող սերունդներուն։ Դաստիարակել անոնց, իրենց մէջ միշտ վառ պահելով անխոնջ հայրենասիրութիւնն ու հայրենիքի համար անձնուրացութիւնը։ Միասնաբար ծառայել հայրենիքին թէ՛ մտքով, թէ՛ գործով, թէ՛ հոգիով, անկախ՝ անհատին ապրած աշխարհագրական վայրէն։ Հայաստանէն կէս մոլորակ հեռու ապրող հայորդին նոյնքան հայրենասէր ու անձնուէր է, որքան հայրենաբնակ Հայը, երբեմն նոյնիսկ աւելի ուժեղ ոգեղէն մղումով, որովհետեւ միջավայրը կը ստիպէ կրկնակի ու եռակի ջանք գործադրել յորձանուտին մղումով չօտարանալու։
Ապրիլը՝ ապրելու ամիս է, յիշելու ամիս է, պահանջելու ամիս է, բայց նաեւ արարելու ամիս է։ Ապրիլը տարուայ մնացած ամիսներուն նման ամիս է։ Ապրիլ, յիշել, պահանջել ու արարել մի՛շտ․․․ սա է, որ ապրիլը կը յիշեցնէ մեզի իր գալով։
ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ