Քորոնա ժահրի համավարակը գլուխն ի վար շրջեց բոլորիս կեանքին սովորական ընթացքը։ Ընդամէնը մի քանի ամսուայ մէջ արժեզրկուեցան վերջին տասնամեակներուն ընթացքին մեր կեանքին մէջ կարեւոր տեղ զբաղեցնող շարք մը երեւոյթներ։ Հասարակութիւնը մեր աչքերուն առջեւ սկսաւ ժամանցասէր սպառողէն կերպարանափոխուիլ զգուշաւոր տնակեացի։ Ճամբորդութեան եւ զուարճանքի, առօրեայ ժամանցի, յարմարաւէտութեան սովոր, հասարակական վայրերուն մէջ իր կեանքը անցնող հասարակութիւնը յանկարծ յայտնուեց «տնային կալանքի մէջ»։ Յետաձգուեցան սովորական կեանքի բոլոր առօրեայ ծրագիրները։ Մարդիկ կարճ ժամանակի մէջ գլխի վար շրջեցին իրենց կենցաղը։ Առաջնագիծի վրայ յայտնուեցան երկու խոշորագոյն ոլորտներ՝ հեռավար աշխատանքն ու հեռավար կրթութիւնը։ Կերպարանափոխուելով տնային աշխատողներու եւ տնային ուսանողներու, պարզ դարձաւ, որ համավարակէն ետք վերադարձը դէպի նախկին կեանքը այլեւս նոյնը պիտի չըլլայ:
Գալիք օրերուն համար դժուարին ժամանակներ կը սպասուին որուն ի դէմ ապահովագրուած չեն անոնցմէ ոչ ոք՝ ոչ աղքատ, ոչ ալ հարուստ երկրները։ Դեռ ապրիլի կէսերուն արդէն համաշխարհային տնտեսական վերլուծաբանները սկսան մռայլ կանխատեսումներ ընել համաշխարհային տնտեսութեան վերաբերեալ եւ անոնց վերլուծութիւնները բաւականին մութ ամպեր կը պարունակեն: Փակ են միջազգային օդուղիներէն շատերը, փակ են նաեւ միջպետական ճանապարհային հաղորդակցութիւնները: Կը յետաձգուին կամ կը չեղարկուին փառատօները, ֆութպոլային առաջնութիւնները, մարզական միջոցառումները, համերգները եւ մշակութային միջոցառումները։ Փակ են թանգարանները, թատրոնները , ժամանցի վայրերը, առեւտուրի եւ զբօսաշրջութեան կեդրոնները։ Աւելի ու աւելի շատ միջոցառումներ եւ ձեռնարկումներ տեղի կ՛ունենան համացանցային հարթակին վրայ: Նոյնիսկ բժշկական խորհրդատուութիւնն ու բուժօգնութիւնը այսօր տեղի կ՛ունենայ առանց անմիջական մարդկային շփման։ Աճող տնտեսական ճգնաժամի ախտանիշները կը շարունակեն աւելի եւս մեծնալ։ Համաշխարհային սակարաններուն մէջ կ՛արժէզրկուին տոմսերը: Կը բարձրանայ ոսկիի գինը, կը խզուին միջազգային տնտեսական կապերը։
Վերջին շաբաթներուն Միացեալ Նահանգները եւ եւրոպական շարք մը երկիրներ, ինչպէս նաեւ Հայաստանը, սկսան փուլ առ փուլ թոյլցնել քառանթինի ռեժիմը։ Մարդիկ կը փորձեն քիչ – քիչ կազմակերպել իրենց աշխատանքն ու գործունէութիւնը՝ տան սահմաններէն դուրս, սակայն նախկին կեանքին վերադարձի մասին խօսիլն անգամ երեւակայան ոլորտէն է առայժմ։
Մենք փակուեցանք մեր տուներուն՝ մեզի համար սովորական իրականութեան մէջ, բայց դուրս պիտի գանք տանէն բոլորովին այլ, նոր ու անծանօթ իրականութիւն։ Աշխարհը այլեւս նոյնը չէ, եւ երբեք նոյնը պիտի չըլլայ։
ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ