Կիրակի, Դեկտեմբեր 29, 2024

Շաբաթաթերթ

«Զարմացուցիչն Տիեզերաց». Զուարթնոցի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Տաճարը Ներսէս Գ. Տայեցի Շինող Կաթողիկոսը (641-661)

Ճարտարապետ Թորոս Թորամանեան (1864-1934) Շապին Գարահիսար ծնած է ուր եւ տարի մը ետք ծնաւ Զօրավար Անդրանիկ։ Փարիզի Սորպոնի Համալսարանէն վկայեալ ճարտարապետ Թորամանեան ստեղծագործած է Սոֆիայի, Վառնայի, Պելճիգայի, Ռումանիոյ, Եգիպտոսի, Իտալիոյ, Յունաստանի եւ հուսկ ուրեմն պատմական մեր Վաղարշապատ եւ Անի քաղաքներուն մէջ։

 

Բացառիկ Հատորը

            Մօտ յիսնամեակ մը առաջ, 1971 թուին, Երեւանի Գիտութիւնների Ակադեմիան բացառիկ եւ վաւերագրական մեծադիր հատոր մը ի լոյս ընծայեց՝ մեր ժամանակակից պատմիչներուն կողմէ հայ հնադարեան եկեղեցիներուն մէջ «Զարմացուցիչն Տիեզերաց» հռչակուած «Զուարթնոցը եւ Նոյնատիպ Յուշարձանները» անունով, հեղինակութեամբ Ստեփան Մնացականեանի։ Զուարթնոցի Տաճարը, Դուինի մօտիկ, արդէն հազարամեակ մը վիրաւոր եւ խոնարհած, այսօր կը վկայուի իր անջնջելի բեկորներով։ Ան ճարտարապետական գետնի վրայ «վերականգնեցաւ» 1905 թուին յայտնի ճարտարապետ Թորոս Թորամանեանի նախագիծով, յաւերժացնելով ինչպէս Տաճարի բեկորները, սիւներն ու խոյակները, նոյնպէս Թորամանեանի անունը Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ որպէս անկորնչելի արժէքներ։

            Հատորը կը բովանդակէ երկսիւնակ 260 էջ ուսումնասիրւթիւն, յաւելեալ 40 էջերու վրայ 100¬է աւելի Զուարթնոցի ԲՈԼՈՐ բեկորներուն լուսանկարներով։ Մնացականեան ճարտարապետ Թորոս Թորամանեանի մասին գրած է իր գնահատական խօսքերը, թէ «բարեբախտաբար 1904 թուականին Էջմիածին է գալիս ճարտարապետ Թորոս Թորա-մանեան եւ մասնակցելով պեղումներին կարողանում է անհետացումից փրկել մի շարք բեկորներ»։ Հատորի վերջաւորութեան գտնուող բոլոր լուսանկարները ուսանելի յաջորդականութեամբ, յատակագիծն ու փլատակ սիւները, հոյակապ արծիւներու թեւատարած խոյակները որպէս մնայուն վկաներ ահա կը խօսին 1360 տարիներէ ի վեր։

            Երբ առիթով մը հարցուցի երջանկայիշատակ Տ.Տ. Վազգէն Ա Հայրապետին թէ արդեօք Թորամանեանի վերականգնած նախագիծին համաձայն կարելի պիտի ըլլա՞ր օր մը վերակառուցանել Զուարթնոցի Տաճարը, Հայրապետին պատասխանը եղաւ «Զուարթնոցը իր բեկորներով եւ տեղադրուած իսկական վայրով կը մնայ անփոխարինելի եւ հարազատ, նոյնիսկ առանց վերակառուցուելու»։

 

Ճարտարապետ Թորոս Թորամանեան

            Անկասկած Թորոս Թորամանեանի գլուխ գործոցն է Վաղարշապատի Սուրբ Զուարթնոց Եկեղեցւոյ աւերակներուն միակ եւ վերջնական պեղումներն ու յատակագիծի վերականգնումը։ Միայն 300 տարուան կեանք ունեցած է զմայլելի, բոլորաձեւ, եռայարկ ու իր տեսակին մէջ եզակի այս Տաճարը, որ փլած է 10-րդ դարու երկրաշարժին հետեւանքով։ Տաղանդաւոր ճարտարապետ Թորամանեանի 1978 թուին Երեւանի մէջ յետ մահու հրատարակուած «Զուարթնոց» անուն արժեքաւոր գիրքը Ստեփան Մնացականեանի վերոյիշեալ հատորին հետ միասին օգտագործած եմ սոյն յօդուածին համար։

            Թորամանեան 1903¬ին Հայաստան յատուկ այցի գնաց եւ գործակցութեամբ Խաչիկ վարդապետ Դադեանի, որ տեղւոյն վրայ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի կողմէ պեղումներ կը կատարէր, ձեռնարկեց Զուարթնոց Տաճարի քննութեանց, զանոնք աւարտելով 1905 թուին Մկրտիչ Ա Խրիմեան Հայրիկ Կաթողիկոսի օրով։ Իր առաջին տեղեկագրին մէջ, տպուած «Մուրճ» ամսագրի նոյն տարւոյ հինգերրդ թիւին մէջ, Թորամանեան տուած է իր տեսութիւնը Տաճարին կառուցուածքային եւ ծաւալային համադրութեան մասին, վկայելով որ «տեղին վրայ մասամբ անաղարտ մնացած է միայն յատակագիծը, որուն միջոցաւ համոզուեցայ որ գտնուած բեկորները բաւական պիտի ըլլային ամբողջ շէնքը վերակազմելու»։

 

Պատմիչներու Վկայութիւններ        

                Միջնադարեան հայ պատմիչներ ո՛չ մէկ յուշարձան աւելի հիացումով չեն յիշատակած որքան Զուարթնոցի Տաճարը զոր կոչած են Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ, երբ տաճարը կանգուն էր մինչեւ 10¬րդ դարու առաջին քառորդը։ Սեբէոս Բագրատունեաց Եպիսկոպոս 7- րդ դարու մեր յայտնի պատմիչը «բարձր շինուածովք եւ չքնաղ զարմանալեօք՝ արժանի աստուածային պատւոյն» որակած է զայն։ Հետաքրքրական է գիտնալ որ միայն Սեբէոսն է որ Տաճարին Զուարթնոց անունը կուտայ, մինչդեռ բոլոր միւսները Վաղարշապատի Ս. Գրիգոր Եկեղեցի կոչած են զայն։ Երեք ականատես պատմիչներ, Մովսէս Կաղանկատուացի, Յովհաննէս Դրասխանակերտցի, եւ Ստեփաննոս Ասողիկ «մեծ եւ հրաշալի բազմապայծառ յարկ»«բազմապայծառ եկեղեցի», եւ կամ «բազմապայծառ եկեղեցին զանազան յօրինուածովք» կը կոչեն զայն։        

            Մխիթար Այրիվանեցի պատմիչ կը գերազանցէ բոլորը Զուարթնոցը կոչելով «զարմացուցիչն տիեզերաց», վկայակոչելով 7¬րդ դարուն Ներսէս Տայեցի Շինող Կաթողիկոսի (641-661) ձեռամբ շինուած ըլլալը։ Կաթողիկոսին ժամանակակից նոյն Սեբէոս պատմիչը աւելի հաստատ կերպով կը գրէ իր «Պատմութիւն ի Հերակլն» շատ կարեւոր գիրքին մէջ ըսելով որ Վաղարշապատի մօտ Ներսէս Կաթողիկոս շինեց զայն «ի վերայ ճանապարհին յորում ասեն ընդ առաջ եղեւ թագաւորն Տրդատ Սրբոյն Գրիգորի»։ Զուարթնոցը 1000 թուականին արդէն քանդուած էր, քանի որ Յովհաննէս Դրասխանակերտցի երբ իր գրած «Պատմութիւն»ը աւարտած է 924 թուին Զուարթնոցը տակաւին կանգուն էր։

 

Մնացականեանի Գնահատումը

            Գիտական հիմունքով իր գրած գիրքին մէջ Ս. Մնացականեան Տաճարը կ՛որակէ «մի մոնումենտ որը սերունդներին պէտք է հասցնէր հայ հանճարեղ ճարտարապետի վերասլաց գործը նրա համարձակ մտայղացումների հոյակերտ մանրամասնութիւններով»։ Մինչեւ Թորամանեանի վաղարշապատ հասնիլը պեղումներուն վրայ կը հսկէր Խաչիկ վարդապետ Դադեան, որուն օրով արձանագրութիւն մը գտնուած է «ՆԵՐՍԻՍԻՆ Է ՇԻՆԱԾ ՅԻՇԵՑԷՔ» բառերով։ Սիւներէն մէկուն վրայ եւս՝ «ՆԵՐՍԷՍԻ» եւ «ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ» բառերը քանդակուած են որոնք անտարակոյս կը ներկայացնեն օրուան Ներսէս Գ Տայեցի Կաթողիկոսը։

            Մասնաւորապէս ուշագրաւ է կ՛ըսէ Թորամանեան տաճարի բեկորներուն մէջ պատկերաքանդակ մը որուն գլխի վեղարը ցոյց կուտայ թէ եկեղեցական մըն է Զուարթնոցի հանճարեղ ճարտարապետը, մէկ ձեռքին բահ եւ միւսին բրիչ, որուն շուրջը գրուած է ՅՕՀԱՆՆԱ անունը։ Թորամանեան կը հիանայ Զուարթնոցի ճարտարապետին հանճարին եւ բազմակողմանի հմտութեան վրայ, որուն «գեղարուեստական ճաշակի մասին կը վկայեն նուրբ եւ գեղեցիկ քանդակները»։ Եւ ի վերջոյ «այնպիսի վայելուչ կերպով խորշերն ու խոյակները իրենց տեղը գտած են որ այլեւս ճարտարապետի հանճարին ու հմտութեան վրայ զարմանալէ զատ մեզի ոչինչ չի մնար ընել»։

 

Ներսէս Գ Շինող Կաթողիկոս (641-661)

            Հայաստանի տագնապալից շրջանի Կաթողիկոսը եղաւ Ներսէս Տայեցի, մէկ կողմէն Արաբներու արշաւանքը դէպի Հայաստան 640-ական թուականներուն, եւ միւս կողմէն Բիւզանդիոնի կայսեր ճնշումը Հայ Եկեղեցւոյ՝ դաւանական գետնի վրայ։  Վտանգը այն աստիճանի հասաւ որ Կաթողիկոսը ստիպուեցաւ դէմ յանդիման գալու Կոստանդ Բ Կայսեր հետ, որ 653 թուին բռնի Դուին գալով իր ներկայութեանը Հայ Եկեղեցւոյ մէջ Կաթողիկոսին ընդունել կը պարտադրէր 451 թուի Քաղկեդոնի Ժողովին դաւանանքը՝ գոնէ առժամապէս։ Կայսեր մուտք գործած եկեղեցին Զուարթնոցը չէր, այլ Դուինի Հայրապետանոցի եկեղեցին, քանի որ Զուարթնոց տակաւին կառուցման մէջ էր եւ աւարտած 659 թուին։ Բիւզանդիոն ամէն կերպ կը պարտադրէր Հայ Եկեղեցւոյ ենթակայութիւնը Յոյն Օրթոտոքս եկեղեցիին։

 

Կոպիտ եւ Բռնի Միջամտութիւն

            Յիշեալ կայսերական կոպիտ միջամտութեան ներկայ էր Բագրատունեաց եպիսկոպոս Սեբէոս պատմիչ, որուն հաւաստի տեղեկութեանց համաձայն Կաթողիկոսն ու իր հետեւորդ հայ եպիսկոպոսները, «բացի մէկէն», յոյն քահանային կողմէ Հայ Եկեղեցւոյ մէջ կատարուած յունադաւան պատարագին ներկայ ըլլալով հաղորդուեցան Կայսեր ներկայութեան, եւ իբր թէ յունադաւանութիւնը ընդունեցին։ Թէ ո՛վ էր չհաղորդուող անծանօթ եպիսկոպոսը, Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեան կ՛ըսէ թէ անպայման ինք Սեբէոսն ըլլալու էր որ, առանց անունը տրուելու յաջորդ օրն իսկ յանդիմանուեցաւ Կայսրին եւ Կաթողիկոսին կողմէ իր ըմբոստութեանը համար, եւ սակայն չզիջեցաւ յայտնելու անոնց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչէն կտակուած հայոց հաւատքը որուն ինք հաւատարիմ կը մնար, ինչպէս ինք պատմիչ Սեբէոսը կը վկայէ։

            Խեղադիւրեալ եւ անկանոն տեղեկութիւններով Յոյներ ուզեցին Զուարթնոց Տաճարը քաղկեդոնական եկեղեցի անուանել, նոյնիսկ հայոց Թէոդորոս Ռշտունի իշխանի քաղաքական հակումներու լոյսին տակ՝ հանդէպ Բիւզանդիոնի։ Թէոդորոս Ռշտունիի  հոգը պիտի չըլլար այդ։ Սակայն մեր պատմիչներու շարքը անընդհատ երբ հիասքանչ վկայութիւններով կը խօսին Զուարթնոցի մասին, այլեւս միւսները աննշան կը մնան։ Այս բոլորին վրայ Ներսէս Կաթողիկոս Կոստանդ Բ Կայսեր հրահանգով եւ Ռշտունիի դրդումով հարկադրուեցաւ վեց տարիներ հեռանալ Հայաստանէն ու բնակիլ Տայքի Իշխան իր ծննդավայրը, ապահով դարձնելով Զուարթնոց Տաճարի շինութեան աւարտը զայն վստահելով իր Տեղապահին՝ Անաստաս Ակոռեցի եպիսկոպոսին՝ զայն յոյն եկեղեցւոյ ենթարկելու հեռանկարով։

 

Վերադարձ Դուինի Հայրապետանոց

                Ներսէս Կաթողիկոս Դուին վերադարձաւ եւ վարեց իր կաթողիկոսութեան մնացեալ տարիները մինչեւ 661։ Իր վախճանումէն ետք իր փոխանորդ Տեղապահ Անաստաս Ակոռեցին դարձաւ Հայոց Կաթողիկոս։ Ներսէսի Հայաստանէն առժամեայ հեռանալը կը վկայեն ժամանակակից պատմիչները։ Յովհաննէս Դրասխանակերտցի Կաթողիկոս պատմիչը կը վկայէ թէ «Սա (Անաստաս) սենեկապետ լեալ մեծին Ներսէսի, վերակացու շինուածոյ հրաշակերտ եկեղեցւոյն գտանէր հրամանաւ Ներսէսի մինչեւ էր նա (Ներսէս) ի հալածանս ի գաւառին Տայոց»։

            Իսկ 7-րդ դարու Սեբէոս եպիսկոպոս պատմիչը կ՛աւելցնէ թէ երբ Ներսէս Կաթողիկոս Դուին վերադարձաւ, Տաճարին շինարարութիւնը իր ձեռքով աւարտեց ըսելով  «յետ վեցերորդ ամի հալածանացն դարձաւ անդրէն ի տեղիս իւր, եւ հաստատեցաւ  յԱթոռ Կաթողիկոսութեան։ Փութայր կատարել զշինուած եկեղեցւոյն զոր շինեաց ի վերայ պողոտային Վաղարշապատ քաղաքի»։ Վերադառնալէն երկու տարի ետք Հայրապետը կը վախճանէր 661 թուին, եւ Յովհաննէս Կաթողիկոսի հաստատ խօսքերով «եդաւ մարմինն ի հանգստարանի անդ զոր իւրովի իսկ յօրինեալ էր, ի հիւսիսոյ կողմանէ բազմապայծառ քաւարանին»։

 

Մնացականեանի Համադրութիւնը

            Մնացականեանի անկրկնելի գործը թէ՛ պատմական եւ թէ՛ ճարտարապետական սպառիչ տեղեկութիւններ կը բովանդակէ, միշտ յիշելով եւ օգտագործելով Թորամանեանի հիմնական տուեալները։ Հատորին մէջ կան մանրամասնութիւններ որոնք կը պակսին Թորամանեանի առաջին աշխատանքներուն մէջ, եւ սակայն երկուքը միասին կը կազմեն վերջնական խօսքը Զուարթնոց Տաճարի հրաշալիքի մասին։

            Մնացականեանի մօտ մանրամասնօրէն կ՛երեւին Թորամանեանի մանրակրկիտ հաշիւները որոնց համաձայն Տաճարին կեդրոնէն հաւասար հեռաւորութեան վրայ զետեղուած են չորս լայնանիստ եւ հաստ սիւները` կազմելով չորս կիսաբոլորակներ։ Անոնցմէ մին «գոց պատ մըն է եւ կը կազմէ Խորանը (Սեղանը), իսկ միւս երեքը սիւնազարդեր են»։ Այս ձեւով Զուարթնոցի ներքին մասը, կ՛ըսէ Թորամանեան, ստացած է «կիսաբոլորակներէ կազմուած խաչաձեւ մը՝ կեդրոնը ունենալով Մկրտութեան Աւազանը»։ Թորոս Թորամանեան ճարտարապետ Վաղարշապատ գալէն առաջ Անիի աւերակները այցելած էր Նիկողայոս Մառի հետ իր առաջին պեղումները կատարելու համար ուր զարմանքով կը դիտէր չորս կողմ եւ չէր ուզեր հաւատալ տեսածներու իրականութեան։

 

Դոկտ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ 



          

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ