Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

ՌԱԿ-Ի Շնորհաւորական Գիրը` Արցախի Հանրապետութեան ԱԽ Քարտուղար Սամուէլ Պապայեանին

ԱՀ ԱԽ Քարտուղար
Տիար Սամուէլ Պապայեանին

Յարգարժան Պրն. Պապայեան,

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը ջերմօրէն կը շնորհաւորէ Ձեզ ԱՀ Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղարի բարձր պաշտօնին նշանակուելու կապակցութեամբ:

Այսօր Արցախի Հանրապետութեան անվտանգութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ սահմաններու անձեռնմխելիութեան հարցերը ամբողջ հայութեան համար կը շարունակեն մնալ առաջնային հիմնախնդիրներ, ուստի Արցախի Հանրապետութեան համար այս կարեւոր փուլին մեծապէս ուրախալի եւ գնահատելի է  ռազմական եւ պետական քաղաքական Ձեր նման փորձառու գործիչի նշանակումը այս յոյժ պատասխանատու պաշտօնին:

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը աջակցութեան իր պատրաստակամութիւնը կը յայտնէ, համոզուած ըլլալով, որ գիտակից յանձնառութեամբ եւ ամբողջական ներուժով պիտի լծուիք Արցախի մէջ անվտանգային եւ պաշտպանական բարեփոխումներու իրականացման եւ անվտանգային մարտահրաւէրները դիմակայելու աշխատանքներուն:

Կը մաղթենք Ձեզ քաջառողջութիւն եւ նորանոր ձեռքբերումներ Ձեր առաքելութեան մէջ՝ յանուն հայ ժողովուրդի եւ Արցախի անվտանգութեան:

 

Ի Դիմաց՝

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

 Ռաֆֆի Պալեան | Ատենադպիր                Մայք Խարապեան | Ատենապետ

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ