Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

ԱՀ ԱԺ Նախագահը Ընդունած Է Արցախի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Ներկայացուցիչները

ԱՀ Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան,  30 Մայիսին, ընդունած է Արցախի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ Ատենապետ Բարդուղ Գալստեանի:

ԱՀ Ազգային ժողովի նախագահը ողջունելով ՌԱԿ-ի ներկայացուցիչները, ըսած է, որ իսկապէս խանդավառող է այն, որ ՌԱԿ-ը, որպէս աւանդական կուսակցութիւն, իր գործող կառոյցը ունիԱրցախի մէջ: Ան վստահութիւն յայտնած է, որ որպէս երկարամեայ փորձ ունեցող ազգային կառոյց, Արցախի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան հետ համագործակցութիւնը մեծապէս արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ: Ան նաեւ ընդգծած է, որ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը այն քաղաքական կառոյցներէն է, որ մեծ դեր ունեցած է եւ ունի յատկապէս սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան կարեւոր գործին մէջ:

Արթուր Թովմասեան յայտնած է, որ իր հանդիպումներու շարքը կ’իմաստաւորուի մասնաւորապէս Արցախի բոլոր քաղաքական ուժերու հետ միասնականութեան եւ հանդուրժողականութեան մթնոլորտի մէջ գտնուելով: 

«Մեր նպատակն է, որ Խորհրդարանի աշխատանքները հնարաւորութեան սահմաններուն մէջ ըլլան թափանցիկ ու հանրութեան հասանելի: Իւրաքանչիւր օրէնքի նախագիծ ընդունելէ առաջ պիտի փորձենք այն տեղադրել  կայքին մէջ՝ արտախորհրդարանական ուժերու եւ անհատներու կարծիքները լսելու եւ քննարկելու նպատակով: Մարդը պէտք է արժէք դառնայ Արցախի մէջ: Մենք պէտք է ըլլանք մարդասէր, եւ այդ պիտի չըլլայ լոկ խօսքեր, այլ՝ պէտք է գործով ապացուցենք»,-մասնաւորապէս ըսած է Ա. Թովմասեանը եւ ներկայացուցած է օրակարգային հարցերը:

Արցախի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Ատենապետ Ընկ. Բարդուղ Գալստեան նախ շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան եւ համագործակցութեան տրամադրութեան համար, իր հերթին վստահեցուցած է, որ արտախորհրդարանական ուժերը ոչ պակաս սրտացաւ են Արցախի զարգացման գործին եւ պատրաստակամ են իրենց ներուժը օգտագործելու յանուն հայրենիքի զարգացման եւ շենացման:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ