Կիրակի, Նոյեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Աշխարհի Տարօրինակութիւններէն

Մայրերու Օրուան Տօնակատարութիւնը . . .

Կիրակի, Մայիս 10-ը մայրերու օր էր ամերիկայի տարածքին եւ հաւանաբար ալ շատ մը այլ երկիրներու մէջ։ Դժբախտաբար սակայն մարդիկ չկրցան արժանավայել կերպով տօնել մայրերու օրը, պսակաձեւ ժահրի հետեւանքով պարտադրուած տնային կալանքին պատճառաւ։

Ամերիկայի մէջ գէթ՝ սովորութիւն դարձած էր որ մարդիկ իրենց մայրերն ու կիները ճաշարան տանէին այդ օր, որպէսզի անոնք ճաշ պատրաստելու խոհանոցային տաղտուկէն ձերբազատուէին։ Բայդ դժբախտաբար բոլոր ճաշարանները փակ էին այդ օր։

Բարեբախտաբար ծաղկավաճառներուն թոյլատրուեցաւ որ այդ օր բանային իրենց դռները որպէսզի մարդիկ գոնէ ծաղկեփունջերով կարենային պատուել իրենց մայրերն ու կիները։

Ամերիկեան ասացուածքը կ՛ըսէ, «Necessity is the mother of invention.» Այսինքն՝ անհրաժեշտութիւնը մայրն է ստեղծագործութեան։ Եւ ահա այս մէկը իրականութիւն դարձաւ Պրազիլիոյ մեծագոյն քաղաք Սաու Փաուլոյի մէջ։ Հիմա թոյլ տուէք որ բացատրեմ թէ ի՞նչ եղաւ հոն։

Ռատրիկօ Քունհա արհեստավարժ յայտնի դաշնակահար մըն է պրազիլիոյ մէջ։ Մայրերու օրուան առիթով՝ ան իր դաշնամուրը զետեղած է բեռնատար ինքնաշարժի մը վրայ (տես նկարը) եւ սկսած է շրջագայիլ Սաու Փաուլոյի փողոցները, իր նուագով դրուատելու մայրերը եւ շնորհակալութիւն յայտնելու անոնց, իրենց ըրած զոհողութեանց համար։

Երբ այս լսեցի՝ մտաբերեցի ասացուածք մը որ կ՛ըսէ, «Եթէ լեռը Մուհամմէտին քով չի գար, Մուհամմէտը լեռան քով կ՛երթայ . . .» Այս պարագային՝ եթէ ընտանիքները չեն կրնար նուագահանդէսի երթալ, ուրեմն նուագահանդէսը իրենց մօտ կու գայ։

Ինծի կը մնայ շնորհաւորել Ռատրիկոն իր այս անզուգական արարքին համար եւ Սաու Փաուլոյի ժողովուրդին կողմէ երախտագիտութիւն յայտնել իրեն եւ յաջողութիւն մաղթել իր ապագայի ծրագիրներուն համար։

Կալանքի Տակ՝ Ողջագրու՞մ . . .   

«Անհրաժեշտութիւնը մայրն է ստեղծագործութեան» պիտակին պատկանող ուրիշ երեւոյթ մըն ալ դրսեւորուած է վերջերս Գալիֆորնիոյ Ռիվըրսայտ քաղաքին մէջ։

Գիտենք որ պսակաձեւ ժահրին պատճառած տնային կալանքին հետեւանքով նոյնիսկ ընտանեկան այցելութիւնները դադրած են, անսալով պետական հրահանգ / թելադրութիւններուն։

Բայց գիտենք նաեւ որ «Կամենալը՝ կարենալ է։» Ուստի վերոյիշեալ քաղաքէն հիւանդապահուհի մը՝ Լինտզի Օքրէյ անունով,  հետեւեալ միտքը յղացած է որպէսզի իր տաս տարեկան աղջիկը թէ չզրկուի մեծ մօր այցելութենէն եւ թէ ալ սխալմամբ չվարակէ զայն կամ չվարակուի անկէ՝ պսակաձեւ ժահրէն։

Դիտեցէք կցուած նկարը եւ պիտի տեսնէք թէ փոքրիկն Փէյճ ի՞նչ ձեւով կը ողջագուրուի իր մեծ մօր հետ։ Բաղնիքի յատուկ թափանցիկ վարագոյր մըն է զիրենք բաժնողը՝ որ օժտուած է դարձեալ նոյն վարագոյրի նիւթէն շինուած խողովակներով, որոնց ընդմէջէն ձեռքերը կերկարին եւ ողջագուրումը տեղի կ՛ունենայ . . .

Իսկ եթէ մեծ մայր մը եւ կամ մեծ հայր մը կը գտնուին ծերանոցի մը մէջ, զիրենք այցելողները կրնան մի միայն պատուհանին ետեւէն խօսիլ եւ ձեռքի շարժումներով բարեւել եւ համբոյրներ դրոշմել անոնց։ Սա է ընդունուած փրոթոքոլը առ այժմ։

Սակայն պատահի որ՝ Աստուած մի արասցէ, ընտանիքէն անդամ մը պսակաձեւ ժահրէն վարակուի եւ մահանայ, հիւանդանոցը անոր մարմինն անգամ չի յանձնէր ընտանիքին։ Այլ մարմինը այրելով՝ մոխիրը կը յանձնեն իրենց, հիւանդանոցի պատասխանատու մարդիկ։ Սա իսկապէս դժբախտութիւն մըն է որ յանկարծ իրականութիւն դարձաւ եւ ընդհանրացաւ ամէնուրեք։

Ինչո՞ւ կը յայտնաբերեմ այս բոլորը։ Անոր համար որ զգոյշ պէտք է ըլլալ եւ ոչ անհրաժեշտ առաքելութեամբ տունէն դուրս չելլել, որպէսզի այդ անախորժ հետեւանքներուն ենթակայ չըլլանք։ «Համբերութիւնը Ոսկի է», կ՛ըսէ հայկական ասացուածքը եւ պէտք է անսալ անոր ու վերջ . . .

 

 ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ