Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

  Հաճընցի Վերապատուելի Տիգրան Համբարձում Րէճէպեան

 

Հաճընցի Վերապատուելի 

Տիգրան Համբարձում Րէճէպեան

ԶԱՐՄԻՆԷ ԿԱՆԱՉԵԱՆ ԱՍՄԻՆԵԱՆ

 

«Իմ 80 Տարուան Կեանքիս Յուշերը». այսպէս կոչած է իր գիրքը` վերապատուելի Տիգրան Րէճէպեան (Արարատ տպարան, 1950, Լոս Անճելըս, Գալիֆորնիա):

Քանի մը տարի առաջ հայրս ցոյց տուաւ գիրք մը, որուն մէջ յոբելեարին ձօնած իր բանաստեղծութիւնը կար: Վերապատուելին հօրս քերայրն է:

Վերապատուելի Րէճէպեանի 80 տարուան կեանքին յուշերը` արժէքաւոր գիրք մըն է: Հեղինակը գիրքը ձօնած է իր հօր` Համբարձում աղա Րէճէպեանին, եւ եղբօր՝ Տոքթ. Յակոբ Րէճէպեանին, որոնք կրթութեան բոլոր ծախսերը հոգացած են:

Հայրը: Համբարձում Աղա Րէճէպեան- Ծնած է Հաճըն, 1845-ին: Նախնական ուսումը ստացած է տեղւոյն բարձրագոյն վարժարանէն. հայերէնին, մանաւանդ թրքերէնին տիրապետած է յաջողապէս:

Հազիւ 18 տարեկան մեկնած է Մերսին եւ հոն հետեւած` վաճառականութեան:

20 տարեկանին Հաճըն վերադառնալով, ամուսնացած է եւ ունեցած` հինգ զաւակ. Տոքթ. Յակոբ, վերապատուելի Տիգրան, դեղագործ Նազարէթ, Միսաք եւ Յովսէփ:

Հաճնոյ մէջ զբաղած է վաճառականութեամբ, վարած է կառավարական պաշտօններ, երկար տարիներ՝ տեղակալներու մօտ խորհրդատու անդամ, քաղաքապետ, 16 տարի բողոքականներու ազգապետ: Ան պարգեւատրուած է թուրք կառավարութեան կողմէ:  

Հաճընցին կը յարգէր եւ կը սիրէր զինք, իր մաքուր, իսկական հայու նկարագրին եւ զոհողութեան համար: Համբարձում Աղա Րէճէպեան քաջ էր եւ անվախ:

Րէճէպեան ընտանիքը զերծ չմնաց տարագրութենէն: Համբարձում Աղա իր սիրելիներուն հետ, մեծ աքսորի ցուպն իր ձեռին, քալեց անապատի խորերը եւ ի վերջոյ Ռագգա գիւղակին մէջ 1918-ին կը մահանայ, 73 տարեկանին:

Գիրքին Ա. մասը կ՛ամփոփէ իր 70-րդ տարեդարձին (1940) առթիւ գրուած ոտանաւորներն ու գրուածքները, որոնցմէ կը կատարենք մէջբերումներ:

– Վերապատուելիի հօրեղբօր տղուն` Ճորճ Ա. Րէճէպեանի խօսքէն հատուած մը. «Սիրելի եղբայրս, դուք հինգ եղբայր էիք, որոնցմէ երկուքը սպաննուեցան անգութ թուրքին կողմէ, իսկ միւս երկուքը հիւանդութեան պատճառով կեանքէն հեռացան: Դուն մնացիր իբրեւ հիմնաքար: Դուն ազգասէր, հայրենասէր, հիւրասէր, եղբայրասէր, բարեկամասէր ես եւ նաեւ անկեղծ սիրտ մը ունիս:

Ալթուն Կանաչեան Րէճէպեան` (հօրս հօրաքոյրը) վերապատուելիին տիկինը, այսպէս արտայայտուած է իր խօսքին մէջ. «Պատուելին ճշմարիտ, օրինաւոր, մարմնապէս եւ մտովին, սրտով ու հոգիով մաքուր անձ մըն է: Անոր հետ ապրեցայ 28 երկար տարի: Տեսանք դժուարութիւններ, հանդիպեցանք փոթորիկներու, սպանդի եւ տեղահանութեան, այս բոլորը Էնվէրի եւ Թալաաթի հրամանով:

Աստուծոյ հազար փառք, որ այսօր առիթը ունինք պատուելիին 70-ամեակը տօնելու»:

Գիրքին մէջ տեղ գտած են նաեւ անգլերէն բանաստեղծութիւններ, որոնց հայերէնի թարգմանութիւնները կատարած են իր բարեկամները:

Լաւագոյն թարգմանիչներէն եղած է իր 34 տարուան բարեկամ, բարեսիրտ  վերապատուելի Փափազեան: Ան ամերիկացի նշանաւոր բանաստեղծներէն  Հէնրի Վատսվըրդ Լօնկ Ֆէլոյի «A Psalm Of Life» բանաստեղծութիւնը թարգմանած` գիրքին մէջ զետեղած է: Անոնք 1905-1907 թուականներուն Կիլիկիոյ բողոքականութեան կեդրոնը եղող Այնթապի երեք մեծ եկեղեցիներուն մէջ միասին գործած են:

 

Վեր. Համբարձում Աշճեանի մասին

Ան յարգելի անձնաւորութիւն մըն է. անկեղծ, քաջ, ազգասէր, ազնիւ եւ ճշմարիտ քրիստոնեայ մը: Անոր խիզախութեան մասին վերապատուելին շատ կարեւոր դէպք մը կը յիշէ:

Ատանայի կոտորածէն (1909) քիչ մը վերջ, Ատանայի բողոքական հովիւ եղած ատեն, այս վեհանձն մարդը Ճեմալ փաշային 400 երեւելիներու տուած ճաշկերոյթին ժամանակ իր պատմական եւ պատուական ճառը կը կարդայ: Իր կեանքը վտանգի մէջ դնելով եւ իր ազգին համար զոհուելու պատրաստ ըլլալով, այդ ճառին մէջ Ատանայի կոտորածին բոլոր յանցանքը թուրք կառավարութեան վրայ կը ձգէ: Պոլսոյ բոլոր թերթերը կը հրատարակեն անոր ճառը:

Խիզախ վերապատուելին երկու անգամ աքսորուած է, հինգ անգամ բանտարկուած եւ անգամ մըն ալ` Պատերազմական Ատեանին յանձնուած (Նոյնիսկ ուզած են կախաղան հանել):

Վեր. Րէճէպեան իրեն ղրկուած թարգմանութիւնները, յօդուածները,  բանաստեղծութիւնները հաւաքած եւ զետեղած է իր 70 եւ 77-ամեակներուն նուիրուած գիրքին մէջ:

Գիրքէն  քաղուած Վեր. Րէճէպեանի ինքնակենսագրութենէն գլխաւոր կէտեր.

1870 Սեպտ. 12-ին ծնած եմ:

1893 Սեպտ. 12-ին Նիւ Եորք հասայ առաջին անգամ:

1898 Սեպտ. 12-ին ամերիկեան քաղաքացի եղայ:

1949 Սեպտ. 12-ին այս գիրքին յառաջաբանս գրեցի:

 Նախնական ուսումը ստացած է Հաճընի մէջ: Յետոյ շրջանաւարտ եղած է Այնթապի Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճէն (1892) B.A. (Պսակաւոր Արուեստից) տիտղոսով:

Հայերէնին մէջ եղած է պերճախօս եւ հրապարակախօս եւ առաջին մրցանակը շահած է:

1892-ին Գոլէճէն վկայական առած օրը արտասանած ճառին նիւթը եղած է «ճշդապահութիւն»ը։ Այդ օրէն մինչեւ կեանքի վերջը վերապատուելին ճշդապահ եղած է:                                                                                                                                                    

15 Սեպտեմբեր 1892-էն մինչեւ 15 Յունիս 1893 Մարաշի Աստուածաբանական ճեմարանը յաճախած է եւ այդտեղ եղած է նաեւ գրադարանի տեսուչ:

12 Սեպտեմբեր 1893-ին Նիւ Եորք նահանգին մէջ գտնուող Օպըրնի Աստուածաբանական ճեմարանը յաճախած է, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1896-ին: Չորս տարի Ամերիկայի տարբեր քաղաքներու մէջ դասախօսութիւններ տուած է եւ քարոզած…

1900 Նոյեմբերէն նորէն վերադարձած է քարոզչութեան եւ հովուութեան պաշտօնով զբաղած Հաճընի, Այնթապի եւ Մարաշի մեծ բողոքական եկեղեցիներու մէջ: Երկու տարի եղած է Տարսոնի Ճենանեան որբանոցին տնօրէնը եւ երկու տարի ալ Հաճընի Ակադեմիային նախագահը եւ գանձապահը:

1914-ին կրկին Ամերիկա մեկնած է եւ 15 տարի քարոզած Ամերիկեան Երիցական եկեղեցիներուն մէջ: Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան անդամ եղած է եւ վարած` Հաճընի մասնաճիւղին ատենապետութիւնը:

Ան գրած է. «Բոլոր կեանքիս մէջ դրամի ետեւէ եղած չեմ, եղած եմ առատաձեռն: Նշանակէտս եղած է մաքուր եւ անկեղծ նկարագիր մը ունենալ եւ միշտ զուարթ կեանք մը ապրելու աշխատած եմ` Տէրոջը օգնութեամբ: Խղճմտանքիս միշտ հնազանդ եղած եմ, ագահութիւնը եւ կեղծաւորութիւնը կ՛ատեմ:

Աստուած զիս առաջնորդեց, որ Երուասաղէմ այցելեմ: 1914-ին, Համաշխարհային պատերազմին ատեն, նորէն Ամերիկա եկայ, եթէ ոչ տարբեր պատճառներով, թուրք կառավարութիւնը զիս պիտի կախէր: 1939-ին, Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմի ժամանակ, նորէն Ամերիկա էի»:

 

Վերապատուելիին ներկայացուցած կեանքի սկզբունքները եղած են`

1- Աստուծոյ Հաւատք

2- Քրիստոսի նմանիլ կամ հետեւիլ կեանքով

3- Սուրբ Գիրքին սէր

4- Արդարութիւն

5- Պարտաճանաչութիւն, Անկեղծութիւն, Ազգասիրութիւն

 

Կեանքի մէջ երջանկութեան համար ներկայացուցած կանոններն են`

1- Աշխատիլ. գործը գլխաւոր սնունդն է մարմնին եւ մտքին

2- Բարեկամներ ունենալ պէտք է: Բարեկամն ու բարեկամութիւնը,

    ճշմարիտ, անկեղծ, սրտանց եւ հաւատարիմ ըլլալու է:

3- Հոգ մի ըներ եւ լաւատես եղիր:                                                                                               

4- Երջանկութեան վրայ խորհէ: Խորհուրդներդ եւ մտածումներդ երջանիկ

    եւ ուրախ թող ըլլան: 

5- Ինքնավստահութիւն ունեցիր:                                                                              

6- Ծառայութեան կեանք մը ունեցիր:        

7- Աստուծոյ հաւատք ունեցիր. սիրէ Աստուած, սիրէ մարդկութիւնը:

 

Ամուսնացած զոյգերու ընտանեկան կեանքին երջանկութեան 

համար ներկայացուցած կարեւոր կանոններն են`   

1- Գիտնալ սիրել ու զոհուիլ եւ չքննադատել զիրար:

2- Անկեղծ գնահատել եւ գովեստ տալ:

3- Քաղաքավար ըլլալ իրարու հետ:

4- Հաճելի բաներ ընել:

5- Համաձայն ըլլալ եւ սխալները ընդունիլ:

 

Կեանքի մէջ յաջողութեան համար մեծ գաղտնիքներ են`

1- Աղէկ նկարագիր մը ունենալ պէտք է:

2- Անձնաքննութիւն, քաղաքավարութիւն եւ կենցաղագիտութիւն պէտք է:

3- Աշխատասիրութիւն եւ խնայողութիւն պէտք է:

4- Ինքնազսպութիւն պէտք է:

5- Արժանապատուութիւն պէտք է:

6- Կեդրոնացում պէտք է:

 

Ժողովրդական ըլլալու համար օրէնքներ են` 

1- Մի՛ մոռնար, որ ազնիւ մէկը ըլլալու ես եւ ուրիշները քննադատելու չես:

2- Մի՛ մոռնար, որ կենցաղագիտութիւն եւ ժպիտ ունենալու ես:

3- Ուրիշներուն օգտակար ըլլալու ես:

4- Հաճելի, քաղաքավար, մտախոհ եւ խոհեմ ըլլալու ես:

5- Արժանապատուութիւն եւ ծանրութիւն ունենալու ես:                                 

6- Մի՛ մոռնար, որ համագործակցութիւն ունենալու ես:

 

Առաջնորդ ըլլալու համար կարեւոր պայմաններ են` 

1- Յիշէ որ ծառայութիւն ընելու ես:

2- Յիշէ որ զօրաւոր կամք եւ ինքնավստահութիւն ունենալ պէտք է:

3- Յիշէ որ խոհեմ ըլալ եւ համոզումի քաջութիւն ունենալ պէտք է:

4- Արժանապատուութիւն եւ ծանրութիւն ունենալ պէտք է:

5- Հրապուրիչ եւ գրաւիչ անձնականութիւն մը ունենալ պէտք է:

6- Յիշէ որ կարողութեան տէր ըլլալ պէտք է:

7- Յիշէ որ տեսիլք ունենալ պէտք է եւ դիւանագիտութիւն:

 

Հարստութեան համար 2 կարեւոր դիտողութիւններ եւ 2 գլխաւոր պայմաններ են` 

Ա. Բաներ կան, որ դրամէն աւելի կարեւոր են:

Բ. Դրամ ունի, բայց նորէն աղքատ է ան մարդը եթէ ուրիշ կարեւոր բաները չունի:

Հարստութեան գլխաւոր 2 պայմաններն են` 

Աշխատասիրութիւն եւ Խնայողութիւն:

 

Գիրքին Բ. Մաս

Հետեւեալ ոտանաւորը հայրս` Պօղոս Կանաչեան, գրած եւ նուիրած է վերապատուելի Րէճէպեանին՝ (1948թ.) իր քերայրին 77-ամեակին առիթով:

 

Թուրքերու Դէմ Պայքարած

Մաղթանքներս իմ սրտագին,

իմ սիրելի Քերայր անգին,

Եօթանասուն եօթը ամեակին,

Զոր շնորհեց Աստուած բարին:

Դու Րէճէպեան գերդաստանի,

Զաւակը մեծ հայրենասէրի,

Պայքարած ես դէմ թուրքերու,

Բարձրահամբաւ քաջ հաճընցի:

Եղած ես դուն կղերական,

Հովիւ բարի ժողովրդեան,

Նաեւ գործիչ քաղաքական,

Ազգիս սիրուած անգին խորան:

Թէեւ հիմա հեռու քեզմէ,

Կը գրեմ քեզ օտար երկրէ,

Աստուած երկար կեանք պարգեւէ,

Իր պսակին արժանացնէ:

 

1948թ. հաճընցի հայրենակից՝ «Նոր Հաճըն» եւ «Շարժում» թերթերու խմբագիր Աբրահամ Էօլմէսէքեանի խօսքէն հատուածներ:

Ան կը գրէ. «Րէճէպեան գերդաստանը ազգին տուած է օգտակար զաւակներ: Բժիշկ, տնօրէն, դեղագործ եւ գործակատար: Մեր յոբելեարը հոգեւոր եւ ազգային գործիչ էր, նաեւ պերճախօս-հռետոր: 1903-1905 վարած է Թարսուսի Ճենանեան որբանոցի տնօրէնութիւնը: 1910-ին, Ատանայի կոտորածին ատեն ջարդուած հաճընցի քարոզիչներուն եւ Կիլիկիոյ դաշտին մէջ կոտորուող ժողովուրդի յիշատակին 1200 հոգինոց ժողովին ան ազդեցիկ ճառ կը խօսի եւ վերջին տողը կ՛ըլլայ. «Սիրելի ժողովուրդ, նախ Աստուծոյ փարեցէք եւ յետոյ զէնքին»:

Իր ժամանակի առաջնորդները կ՛ըսէին. «Կիլիկիոյ բողոքական պատուելիներուն մէջ միակ քաջը, ազգասէրը, մայրենի եկեղեցին սիրողը եւ յեղափոխականը Վեր. Րէճէպեանն է: Երբ հօրը կ՛առեւանգեն` կը յայտնէ, որ եթէ հայրը չգտնուի, Հաճընի բոլոր թուրքերը ջարդել կու տայ»:

1913-1914 թուականներուն վերապատուելին Հնչակեան կուսակցութեան Հաճնոյ մասնաճիւղի ատենապետն էր: Թուրք կառավարութիւնը վերապատուելիին եկեղեցւոյ մէջ յեղափոխական ճառը, փաշային վրայ պոռալը, ժանտարմաներուն վրայ ատրճանակով յարձակիլը եւ կուսակցութեան ատենապետ ըլլալը նկատի ունենալով, կ՛որոշեն կախաղան հանել քանի մը հաճընցիներու հետ: Այս մասին կը յայտնէ Կարապետ Կիզիրեան եւ վերապատուելին կը փախչի Ամերիկա, սակայն Կիզիրեան կը նահատակուի:  Յետոյ արդէն կը սկսի հալածանքը: 1936-ին կը քաշուի գործէ եւ երէցկինին հետ խոր ծերութեան մէջ խաղաղ կեանք մը կ՛անցընէ:

Գիրքին մէջ գրուածքներ կան, որ նուիրուած են իր տոքթոր եղբօրը` Յակոբի յիշատակին: Գրողներէն են` Տոքթ. Ա. Նագաշեան, Գ. Պ. Գուշեան  եւ Փրոֆ. Գր. Հ. Գալուստեան, որոնք վկայած են անոր մասին, թէ ան եղած էր մաքրամիտ ու մաքրասիրտ, անկեղծ, զուարթ եւ հաճոյակատար անձ մը, իր անունին կցուած ածական մը ունեցած է՝ «Լաւ մարդ է»: Իսկական հայ էր, ծառայասէր ու կարօտեալին հասնող, անշշուկ բարեգործ, ազատատենչ, հայրենասէր, անձնուէր դաստիարակ, ճարտար վիրաբոյժ…:

Վեր. Սամուէլ Մ. Րէճէպեան գրած է. «Տոքթ. Յակոբի մահով Րէճէպեան գերդաստանի ամենափայլուն աստղը մարեցաւ եւ Հաճնոյ հոյակապ դէմքէրէն մին անհետացաւ:

Հաճըն քաղաքը անով պարծենալու շատ պատճառներ ունեցաւ: Ան Հաճըն, Ատանա, Թարսուս եւ Մերսին քաղաքներու մէջ առաջնակարգ բժիշկ մը կը նկատուէր եւ մինչեւ իսկ Ամերիկայի մէջ ալ մեծ եւ բարի համբաւ ունէր: Նախախնամական դեր մը կատարեց Գոնիայի Ճենանեան Գոլէճի համար (պահեց գոլէճը): Գոնիայի հայութեան եւ աւետարանական համայնքին շատ օգտակար եղաւ»:

Վեր. Րէճէպեանի գիրքը տեղեկութիւններ կու տայ նաեւ Հաճընի մասին: Գիրքը իր աւարտին հասցնելով ան կը զգայ, թէ իր «Իմ 80 Տարուան Կեանքիս Յուշերը» գիրքը իր վերջին գրութիւնը պիտի ըլլայ, եւ կեանքին ամենավերջին յօդուածը: Ան համոզուած ըլլալով, որ կեանքը աւելի երկար ապրիլ չ՛արժեր, կը նախընտրէր մտնել յաւիտենական երջանկութեան կեանքը:

Վեր. Րէճէպեան կ՛անդրադառնայ մեծ յաղթութիւններու: 

Կը գրէ. «Յաղթութիւն շահողը թէ՛ սրտի գոհունակութիւն մը ունի եւ թէ՛ ուրիշներէն մրցանակներ եւ գովեստներ կը շահի»:

Հետեւեալ յաղթութիւնները կը յիշէ.

– Յաղթութիւն է փոթորիկի մէջ հանդարտ կենալ ու համբերել:

– Պօղոս առաքեալ կ՛ըսէ. «Յաղթութիւն է մեզի պատահած բոլոր բաները Տէրոջը կողմանէ ղրկուած ընդունիլ: (Հրովմ. 8.28):  

– Յաղթութիւն է լոյս չերեւցած պահուն յուսալ եւ ուրիշի յաջողութեան վրայ ուրախանալ:

– Սողոմոն Իմաստուն կ՛ըսէ. «Յաղթութիւն է քաղաք առնելէն աւելի ոգին զսպել»:     

(Առակ. 16.32): 

 

Կեանքի ասպարէզին մէջ յաղթութիւն շահելու համար, մարդ

      1. Աստուածավախ եւ կրօնասէր ըլլալու է:

       2.  Իր անձին յաղթող ըլլալու է:

       3.  Գաղափարականի տէր, ծրագրի կամ մեթոտի մարդ ըլլալու է:

       4. Անձնաքննութիւն ընելու է: 

        5. Արժանապատուութիւն ճանչնալու է:

       6. Նպատակի տէր անձ մը ըլլալու է:

       7.  Փառասիրութիւն (ambition) ունենալու է:

       8.   Յառաջադէմ ըլլալու է եւ ինքնավստահութիւն ունենալու է:

      9. Առողջ մարմին, գործունեայ եւ արթուն միտք ունենալու է:

      10. Քաջ, անվախ, անկախ եւ ինքնիշխան ըլլալու է:

      11. Կեանքի մէջ սկզբունքներ ունենալու է:                                                                  

      12. Անձնականութիւն եւ ժողովրդականութիւն ունենալու է:

     Մ.Մ. Գասպարեանի Ներբողագիրը` որպէս վերջաբան.

        «Արժանապատիւ հնչակեան ընկեր

 

Հաճի Տիգրան Պատուելի Հայրիկին 

      Քաջ եւ հնչակեան գաղափարակից պատուելի Րէճէպեանի սոյն կենսագրականը, որ իր հմտալից խրատականներով, իր կեանքին արժէքաւոր անցեալի ազատամարտ դրուագներով, բարոյատիպ կեանքով, եւ առաւելապէս դիւցազն Հաճընի եւ անոր անվեհեր հերոսներուն մտքի, սրտի ու գրչի մշակներուն դրուատիքներով` իր 80-ամեայ տարեդարձին նուիրուած` Յուշարձան մըն է: Մեծ հրճուանքով կարդացի այն կէտը, որ պատուելի Րէճէպեան թուրք գազան բռնակալութեան դէմ ըմբոստ եւ ազատասէր իր հոգիով յիշեցուց ինձ ա՛յն Հայ բարձր հայրենասէր կրօնաւորները, որոնց անունը կը փայլի վսեմ պատմութեան մէջ: Այս գիրքը առաւել իմաստ ունի անով, որ հոն յիշուած են շարք մը արժէքաւոր անձերուն մշակութային գործունէութիւնները, այս անձերուն ալ տեղ տալով` իր այս գիրքին մէջ` բացառիկ հանգամանք մը եւ աննախընթաց մըն է որ կ՛աւելցնէ արժանիքը այս գիրքին:

Պատիւ Պատ. Րէճէպեանի եւ իր իմաստալից կեանքին, յարգանք անոր 80-ամեայ յոբելեանին:

 

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ