Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայաստանի Ապագան Երիտասարդներն Են

Հայաստանի ապագան  այսօրուայ  երիտասարդներն են։ Անոնք են մեր վաղուայ օրը կերտողները, տէրը մեր երկրին, օրէնքի եւ իրաւունքի։

Աշխոյժ, տեղեկացուած, ուսեալ եւ գիտակից  երիտասարդներն են վաղուայ մեր հայրենիքը։ Սրտացաւ, ուշադիր  երիտասարդը վաղուայ հոգատար քաղաքացին է, ուսումնասէր երիտասարդը՝ վաղուայ կառուցողը։ Աշխոյժ երիտասարդը վաղուայ շարժիչ ուժն է, ռազմատենչ երիտասարդը՝ վաղուայ մեր  կուռ սահմանը։ 

          Կարծիք կայ, որ երկար կեանք ապրած մարդն է միայն հմուտ եւ իմաստուն, հետեւաբար՝ միակ ու բացարձակ ճշմարտութիւնը տարիներու կենսափորձն է։ Արդեօ՞ք․․․

          Պրպտող, պեղող ու գտնող երիտասարդը արդեօ՞ք  մտքի պակաս ուժ ունի։ Սորուող, նորոգող ու նորարարութիւններով հարստացնող երիտասարդը արդե՞օք պակաս եռանդ ու հմտութիւն ունի։ Հոգացող, սրտացաւ ու կեանքով լեցուն երիտասարդը արդեօ՞ք պակաս կարող ուժ է։ Ո՞վ եւ ե՞րբ որոշեց, որ հայրենիքին կամ մեր ժողովուրդին հոգ տանող, անոնց համար մտահոգուող, անոնց ապագան գիտցողը   շատ տասնամեակներ ապրած մարդիկ կրնան ըլլալ միայն։ Յարգանք ու խոնարհում մեր երէցներուն առջեւ, անոնց կենսափորձին հանդէպ, անոնց իմաստուն խորհուրդներուն համար։ Իրենք են, որ երիտասարդներուն ուժ եւ եռանդ պիտի հաղորդեն, հմտութիւն ու կարողութիւն փոխանցեն, ոգեւորեն, որպէսզի վաղուայ մեր հայրենակերտ բազուկը այսօր սկսի զօրեղանալ։       

Ուրախ սրտով  կը նկատեմ, որ մեր մշակութային եւ քաղաքական կեանքին մէջ բազմաթիւ ժրաջան եւ  հոգատար երիտասարդներ կան, սակայն աւելի քան հաւատացած եւ վստահ եմ, որ մեր ներուժը աւելի մեծ է, մեր երիտասարդները աւելի ուժեղ են, անոնց  եռանդը աւելի է, քան  օգտագործուածը:  Անոնց թիւը աւելի մեծ է, քան մենք կը նշմարենք։ Քիչ մը աւելի ոգեւորում ու շահադրդում մեր երէցներուն կողմէ եւ պիտի տեսնենք, որ ազգային կեանքով հետաքրքրուած մեր երիտասարդներուն թիւը բազմակի անգամ պիտի աճի ու աւելնայ, իսկ անոնց ապագայ կերտող  ուժը՝ պիտի բազմապատկուի։

Ուժ, եռանդ ու կարողութիւն  վաղուայ  մեր  զինուորներուն, քաղաքագէտներուն, բժիշկներուն, գիտնականներուն, ուսուցիչներուն, նախարարներուն, քաղաքական գործիչներուն,  վարչապետներուն, եւ նախագահներուն․․․

 

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

 

 

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ