Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայաստանի Խաղաղութիւնն Ու Սահմանը Ո՛չ Ոք Իրաւունք Ունի Խախտելու

 Գրեթէ 10 օր է Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը իրականութեան տեսքով կ՛ապրին ամենօրեայ այն  մղձաւանջը, որ տասնամեակներ շարունակ հանգիստ չի տար ոչ՛ մէկ հայու։ Հայաստանի սահմանները նորէն  սասանուած են։ Հայաստանի երկինքը դարձեալ ամպոտած է։ Հայաստանը արիւնաքամ եղող  նոր վէրք ունի ՝ 4 որդի կորսնցուցած է։

Տասնամեակներ, հարիւրամեակներ․․․ պատմութեան տարբեր շրջաններ ապրած ենք եւ կ՛ապրինք պայքարով, պայքարով, պայքարով։ Մէկ վէրքը կը բուժենք՝ նորը կը բացուի,  տուն մը կը շինենք՝ նորը  կը քանդեն, հազիւ կը փորձենք միասնական, ուժեղ, կայուն, հզօր, զարգացած երկրի ապագայի տեսլականը կերտելով ապրիլ՝ երկնքին մէջ կայծակ կ՛որոտայ ու դարձեալ ոտնձգութիւն մեր սահմանին, մեր մէկ  բուռ հողին, մեր ամբողջականութեան , մեր խաղաղութեան։

Մէկ բան ինձ կը մնայ անհասկնալի։ Արդեօ՞ք  որեւէ երկիր, պետութիւն, ազգ  դարերու պատմութենէն մինչեւ հիմա չհասկացաւ, որ հայը երբեք չի յանձնուիր, ու իր սահմանը երբեք չի յանձներ։ Հայը  կը մեռնի Հայաստանի համար։  Հայը երբեք չի նահանջեր վտանգի առջեւ։ Հայը մէկ վայրկեանի մէջ սովորական մարդէն սահման պաշտպանող գերմարդ կը դառնայ:

Հայը Հայաստան աշխարհի լեռներուն պէս անսասան է եւ ահասարսուռ։ Մի՛ խախտէք հայու սրբազան երկրին խաղաղութիւնը։ Ոչ մէկ երկիր, ոչ մէկ տէրութիւն չի՛ կրնար ծունկի բերել  Հայաստանի եւ Արցախի սահմանի ու խաղաղութեան համար կեանքը տալու պատրաստ հայու ոգին, հայու կամքը , հայու ազատ ու անկախ ապրելու իրաւունքը։

Ոչ ոք՛։

Վերջին ամիսներուն  հայերու քաղաքական հայեացքները տարբեր շերտերու բաժնուեցան եւ օրէ օր աւելի ու աւելի ակնյայտ կը դառնայ տարաձայնութիւններու մեծութիւնն  ու  աճող լարուածութիւնը՝  թէ երկրին ներսը, թէ երկրէն դուրս։

Այն ինչ տեղի ունեցաւ այս վերջին մէկ շաբաթը՝  իրական հայու կերպարն է։  Բոլորը մոռացան քաղաքական ամեն բան, ամեն տարաձայնութիւն, ամեն վիրաւորանք։ Դարձան բռունցք,  յաղթական բռունցք, թշնամիին սպառնացող բռունցք։ Հրադադարի խախտման առաջին իսկ օրը  ողջ Հայաստանը եւ սփիւռքը կանգնեցաւ ոտքի՝ իւրաքանչիւրը իր բաժին օգնութիւնը բերելու պատրաստակամութեամբ։ Մէկ մասը (քաղաքացիականներ) փորձեցին կամաւորագրուել, մէկ մասը՝ (զինուորներ) զօրացրուելէ յետոյ հրաժարեցան տուն վերադառնալ, մէկ մասը դրամական օժանդակութիւն ցոյց տուաւ բանակին, իսկ մէկ մասն ալ՝ կամ աւելի ճիշտ կ՛ըլլայ ըսել Հայաստանի գրեթէ  բոլոր գիւղերն  ու քաղաքները տասնեակ բեռնատարներով գործածուած անիւներ հաւաքեցին եւ ուղարկեցին սահման՝  խրամատները աւելի պաշտպանուած ու ապահով դարձնելու համար։ Եւ այս ամէնը ըրին մեծն ու մանուկը, այր ու կինը։ Օրհասական պահուն ամեն տարիքի ու սեռի հայ կը դառնայ մարտնչող առիւծ կամ, ինչպէս Հայաստանի մէջ կը սիրեն ըսել, արծիւ։

        Հայու հայրենասիրութիւնը անսահման է։  Ան խօսքով արտայայտուող հայրենասիրութիւն չէ, ան գործով, կեանքի գնով ապացուցուող հայրենասիրութիւն է։ Հայու ոգին անկոտրում է։ Ան հայրենասիրական երգեր երգող ոգի չէ, այլ՝ մարտնչող ոգի է։  Հայու կամքը անսասան է։

 Հայաստանի սահմանին ամրութիւնն ու երկինքի խաղաղութիւնը ոչ՛ ոք իրաւունք ունի խախտելու։ 

Եւ, ինչքան ալ ըսենք, միշտ բաւական չէ․ Հազար փառք ու պատիւ Հայոց Բանակին։ 

 

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ