Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Ազգային-Յեղափոխական Առաջնորդ Միհրան Տամատեան (1864՝ Պոլիս – 1945՝ Գահիրէ)

Միհրան Տամատեան ծնած է Պոլիս, 1864-ին: Ան Սերոբէ Տամատեանի հինգերորդ զաւակն էր:

 

Նախնական ուսման համար կը յաճախէ տեղւոյն Ս. Յակոբ եւ Վիեննական Մխիթարեաններու վարժարանները, ապա՝ ծնողքը զինք կ’ուղարկեն Վենետիկի Մուրատ-Ռաֆայէլեան վարժարան: Պատանի Տամատեան կանուխէն ցոյց կու տայ իր կարողութիւնները, գրական յօդուածներ ստորագրելով վարժարանի «Բազմավէպ»-ին մէջ: Իր առաջին ոտանաւորները կը հրատարակուին 1878-ին:

Վենետիկի մէջ, աշակերտելով Ալիշանին, առաջին անգամ անկէ կ’իմանայ հայկական խնդրի էութեան մասին, եւ իր դասընկերներուն հետ միասին կը սկսին հետաքրքրուիլ այդ խնդրով:

1880-ին, երբ Տամատեան շրջանաւարտ կ’ըլլայ վարժարանէն, կը վերադառնայ Պոլիս: Պերլինի Վեհաժողովին մէջ պատահած տխուր զարգացումներուն իրազեկ դառնալով, Հայկական խնդիրը առաւել եւս կը խմորուի իր մէջ:

Պոլսոյ մէջ, Տամատեան, մինչեւ 1883, կը վարէ ուսուցչական պաշտօններ, միջանկեալ կարճ շրջան մը պաշտօնավարելով նաեւ Ատանա:

Հայոց Միացեալ Ընկերութիւնը, որուն հիմնադիրներն էին Մկրտիչ Փորթուգալեան եւ Արփիար Արփիարեան, արդէն շարք մը վարժարաններ բացած էին Արեւմտահայաստանի զանազան գաւառներու մէջ: Անոնց նպատակն էր ապահովել մտաւորական զարգացումը հայ պատանիին, միաժամանակ զայն թրծել ազատագրական ձգտումներով:

Միացեալ Ընկերութեան կարեւոր վարժարաններէն մէկն էր Մուշի Ներսիսեան դպրոցը, որուն տեսչութեան կը կոչուի Տամատեան, 1884-ին: Հոն, Տամատեան առթիւ կ’ունենայ ծանօթանալու վանեցի առաջին ուսուցիչ՝ Հայրապետ Ճանիկեանին, որ աւելի ուշ պիտի դառնար Արմենական Կուսակցութեան Մուշի մասնաճիւղի հիմնադիրը:

Տամատեանի մէջ հետզհետէ զարգացող ազատագրական գաղափարախօսութիւնը, Մուշի մէջ կը ստանայ նոր բովանդակութիւն եւ իր մէջ փափաք կ’արթննայ Ճանիկեանի հետ այցելելու Վան, ուր Միացեալի յառաջատար վարժարանը՝ Վանի Վարժապետանոցը, Փորթուգալեանի շունչին ներքոյ դարձած էր ազատագրական ոգիի հնոց մը՝ Վասպուրականի համար:

Կարճ ժամանակ անց, Տամատեան, որ Պոլիս բնակող իր եղբօրմէն մնայուն կերպով կը ստանար տեղեկութիւններ թրքահայութիւնը յուզող կարեւոր անցուդարձներու շուրջ, Մուշի մէջ կը տիրանայ փնտռուած մտաւորականի համբաւի եւ շրջանին մէջ պատահած զանազան դէպքերուն մղումով կ’որդեգրէ յեղափոխական վարքագիծ: Այսպիսով , 1886-ին, Ճանիկեանի եւ տեղւոյն առաջնորդարանի քարտուղար՝ Գեղամ Տէր Կարապետեանի հետ ան հիմը կը դնէ գաղտնի կազմակերպութեան մը:

Մշոյ այս կազմակերպութիւնը ունէր գաղտնապահութեան ուխտագիր: Անոր անդամները, բացի զիրենք անդամագրողներէն, անծանօթ պիտի ըլլային իրարու: Տեղացիներուն մօտ ստեղծուած էր մեծ խանդավառութիւն՝ կազմակերպութեան հանդէպ եւ մեծ էր թիւը անոր անդամագրուիլ փափաքողներուն: Նախաձեռնողները՝ շուարած այս ընդունելութենէն, եւ վախնալով որ դժուար պիտի ըլլայ գաղտնի պահել ծաւալուն կազմակերպութիւն մը, պահ մը կ’առկախեն նոր անդամներու ընդունումը՝ ներքնապէս կազմակերպուելու համար:

Տամատեանի բարձրացող համբաւին նախանձողներ կը դիմեն մատնութեան: 1888-ին, Տամատեան կը հարկադրուի ձգել Ներսիսեան Վարժարանը եւ վերադառնալ Պոլիս՝ ուսուցչութիւն ընելու Օրթագիւղի կաթողիկէ վարժարանին մէջ:

Իր ընտանիքին միանալէ ետք, Տամատեան կը նկատէ, թէ անցնող քանի մը տարիներուն շատ բան փոխուած էր Պոլսոյ հայութեան մէջ եւ Հայկական խնդրին լուծումը հեռացած կը թուէր իրականութիւն դառնալէ:

Վանի եւ Տարօնի միջադէպերը վատ արձագանգ սկսած էին գտնել պոլսահայութեան մօտ: Տամատեանին կը թուէր, թէ պատճառը Պատրիարքարանն ու Ազգային Վարչութիւնն էին: Ինք համոզուած էր, թէ Պոլսէն պէտք էր սկսէր յեղափոխական մեծ շարժումը եւ ճառագայթէր դէպի հայկական գաւառները:

Այդ շրջանին է, որ Տամատեան կը ծանօթանայ Համբարձում Պոյաճեանին (Մեծն Մուրատ) եւ միասին կը կազմեն գաղափարակիցներու խումբ մը, որուն կը միանան Արեւմտահայաստանէն Պոլիս հաստատուած յեղափոխական երիտասարդներ, որոնց միջոցով կարելի պիտի ըլլար կապ հաստատել խաւարի մէջ տուայտող գաւառային շրջաններուն հետ:

1889-ին, Տամատեան եւ իր գործակիցները կ’որոշեն յարիլ նորակազմ Հնչակեան Կուսակցութեան մասնաճիւղին, առաւելաբար Մուրատի պնդումներուն տեղի տալով:

1890-ին, տեղի կ’ունենայ Գում Գափուի ցոյցը, որուն հետեւանքով կը ձերբակալուին արմենական եւ հնչակեան մեծ թիւով երիտասարդներ: Տամատեան կը յաջողի ապաստանիլ Աթէնք, եւ հոն, յոյներու հետ կը շարունակէ իր յեղափոխական գործունէութիւնը:

Տարի մը չանցած, Մելքոն Խուրշիտ կեղծ անունով ճամբայ կ’ելլէ դէպի Արեւմտահայաստան: Նախ կ’անցնի Կիլիկիոյ քաղաքներէն, ուր կը ծանօթանայ տեղական կացութեան, եւ ապա կը հասնի Սասուն, ուր ապստամբութեան պարարտ հող կը գտնէ, մանաւանդ որ հոն հաւաքուած էին կարեւոր թիւով յեղափոխականներ: Կարճ ժամանակ ետք, սակայն, մատնութեան հետեւանքով, Տամատեան կը ձերբակալուի թրքական կառավարութեան կողմէ, 1893 թուականին:

Որպէս վտանգաւոր յեղափոխական կը տարուի Պոլիս: Փոխադրութեան ընթացքին կը վիրաւորուի սրունքէն: Տարի մը Պոլսոյ բանտին մէջ անցընելէ ետք, կը յաջողի փախուստ տալ եւ 1895-ին կը կազմակերպէ Պապ Ալ-Ալիի ցոյցը: Սակայն ցոյցէն օր մը առաջ, իր գործակիցներուն որոշումով, կ’ուղարկուի Պուլկարիա եւ Ռումանիա՝ հոն կուսակցական աշխատանք ծաւալելու: Այս անգամ ռումանական կառավարութիւնն է, որ զինք կը ձերբակալէ եւ ճամբայ կը հանէ դէպի Պոլիս: Շնորհիւ իր ճարպիկութեան, կը յաջողի անգամ մը եւս խոյս տալ եւ ապաստանիլ Աթէնք, վերջնականապէս հեռանալով իր ծննդավայրէն:

1896-ին, Տամատեան կը մեկնի Լոնտոն, որպէս խորհրդական անդամ Հնչակեան Կեդրոնին, եւ աշխատակից՝ «Հնչակ» թերթին: Մինչ այդ, արդէն ծայր առած էր պառակտումը կուսակցութեան ղեկավարներուն միջեւ՝ Նազարբէկեաններու ընթացքին եւ սոցիալիզմի (ընկերվարութիւն) պատճառով:

Տամատեան գերադասելով հեռու մնալ ընկերվարական գաղափարէն, կը միանայ Արփիարեանին եւ Միհրան Սվազլեանին, անոնց հետ եւ քանի մը այլ համախոհներով կը կազմէ Վերակազմեալ Հնչակեան կուսակցութիւնը, Լոնտոնի մէջ, դառնալով անդամ անոր կեդրոնին:

1898-ին, Տամատեանը կը գտնենք Աղեքսանդրիա, ուր կը ջանայ զարկ տալ վերակազմեալներու տարածումին:

1900-ին, ամուսնանալով, կ’որոշէ հաստատուիլ Եգիպտոս եւ մաքսատան մէջ կը սկսի գործել որպէս հաշուակալ:

Վերակազմեալներու միջեւ ծայր առած անհամաձայնութիւններ պատճառ կը դառնան, որ շրջան մը հեռանայ կուսակցական գործունէութենէ՝ ազգային ծառայութեան իր բաժինը բերելով յօդուածագրութեամբ:

1904-ին, Տամատեան կը ստանձնէ քարիւղի Մանթաշէֆի ընկերութեան Աղեքսանդրիոյ համարակալի պաշտօնը, զոր պիտի վարէր մինչեւ 1917 թուական: 1908-ին, թրքական կեղծ Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, խումբ մը գաղափարակիցներու հետ, Հոկտեմբեր 31-ին, Տամատեան կը հիմնէ Հայ Սահմանադրական Ռամկավար Կուսակցութիւնը, որուն շուրջ ի մի եկած էին Արմենական Կուսակցութեան եւ Վերակազմեալ Հնչակեան Կուսակցութեան չափաւորական թեւի անդամներ: Արմատական Վերակազմեալները պիտի որդեգրէին Ազատական անունը: Սահմանադրականներու հիմնադիրներուն մէջ էին նաեւ Վահան Թէքէեանը, Վահան Մալէզեանը եւ ուրիշ ականաւոր մտաւորականներ:

Տիրապետելով եօթ լեզուներու՝ Տամատեան պաշտօնի բերմամբ յաճախ կը ճամբորդէր Միջին Արեւելքի քաղաքները, ի շարս որոնց՝ Հալէպ եւ Պէյրութ: Կարելի եղածին չափով ան միշտ բաժին կը հանէր իր ժամանակէն՝ ազգային հարցերու: Ան նաեւ կ’այցելէ Կիլիկիոյ զանազան շրջանները, հիմը դնելով ռամկավար ակումբներու:

1915-ին, Տամատեան կը դառնայ հիմնադիրներէն մին ռամկավար «Արեւ» պաշտօնաթերթին, որ լոյս կը տեսնէ մինչեւ օրս: 1916-ին, Եգիպտոսի մէջ հիմը կը դրուի Հայ Ազգային Միութեան՝ Տամատեանի մասնակցութեամբ: Միութեան նպատակն էր կազմակերպել հայկական կամաւորական շարժում մը: Այս առընչութեամբ ան կը մեկնի Փարիզ, կը տեսակցի Ազգային Պատուիրակութեան նախագահ՝ Պօղոս Նուպարի հետ: Ապա, Հնչակեան Սապահ Գիւլեանի ու դաշնակցական Հանըմեանի հետ կ’ուղղուին Միացեալ Նահանգներ, ուր կը կազմէ Հայ Ազգային Միութիւն մը, միշտ կամաւորական շարժումին նպաստելու նպատակով:

1917-ին, Տամատեան կ’ուղարկուի Իտալիա, իբրեւ Ազգային Պատուիրակութեան ներկայացուցիչ՝ իտալական կառավարութեան մօտ:

1918-ին, երբ կեանքի կը կոչուի Ամբողջական Հայաստանի պատուիրակութիւնը, Տամատեան կը նշանակուի Կիլիկիոյ լիազօր ներկայացուցիչ, իբրեւ այդ շրջանին քաջածանօթ անձ: Այդ պաշտօնով ան կ’անցնի Կիլիկիա, առաքելութիւն ունենալով կազմակերպելու ընդհանուր ապստամբութիւն մը, որուն պիտի օժանդակէին նաեւ Դաշնակից պետութիւնները: Տամատեան կը յաջողի քով քովի բերել հայերը, յոյները, ասորիներն ու արաբները եւ 1920-ի Օգոստոս 4-ին, շնորհիւ իր ջանքերուն, Կիլիկիան կը հռչակուի անկախ, Տամատեանի վարչապետութեամբ: Բայց այդ երազն ու խանդավառութիւնը, նոյնիսկ օրուան մը կեանք չեն ունենար, որովհետեւ Ֆրանսական կառավարութեան խարդաւանքները կասեցուցած էին Զօրավար Անդրանիկի եւ Արմենակ Եկարեանի Կիլիկիա մուտքը եւ անդամալուծած՝ հայ կամաւորները:

Տամատեան տարի մը կը մնայ արգելափակուած եւ 1921-ին կը վերադառնայ Եգիպտոս: Նոյն տարուան Հոկտեմբեր 1-ին, Պոլսոյ մէջ կը գումարուի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան հիմնադիր ժողովը: Տամատեան կ’ընտրուի կուսակցութեան կեդրոնի անդամ եւ ապա՝ նախագահ:

1922-ին, Մանթաշէֆի ընկերութիւնը զինք կ’ուղարկէ Պէյրութ, վարելու ընկերութեան տնօրէնի պաշտօնը: Հոն կը մնայ շուրջ ութ տարի: Իր Լիբանան կեցութեան շրջանին Պէյրութի մէջ կը հաստատէ ծխախոտի արտադրութեան գործարան մը եւ կը դառնայ ազգային կեանքին մղում տուող ուժ: Հոն է, որ մասնակից կը դառնայ ՀԲԸՄ-ի Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան եւ կը յղանայ առաջին ռամկավար ազատական օրաթերթին հիմնադրման ծրագիրը, որ աւելի ուշ, 1937-ին պիտի իրականանար «Զարթօնք» օրաթերթին լոյս աշխարհ գալով:

1936-ին, Տամատեանի առողջական վիճակը կը ծանրանայ եւ վիրահատութեան մը պատճառով, կը կորսնցնէ 43 տարիներ առաջ վիրաւորուած աջ սրունքը:

Տամատեան կը վերադառնայ Գահիրէ, ուր կ’անցնէ իր կեանքի վերջին տարիները: Անոր ազգային վերջին իրագործումը կ’ըլլայ մասնակցութիւնը՝ Հայ Ազգային Հիմնադրամի ստեղծումին:

1945-ին, Գահիրէի մէջ, իր մահկանացուն կը կնքէ այս անզուգական ղեկավարը, որ մեր ազգային ազատագրական շարժումին նուիրուած՝ մտաւորական եւ յեղափոխական գործիչներու ամենափայլուն ներկայացուցիչներէն մէկն է:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ