Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայրենի Յուշեր (3)

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

            Այդ չարաշուք գիշերէն ետք Շիրազին առաջին անգամ հանդիպեցայ փողոցը, Աբովեանի վրայ, պանդոկէս քանի մը քայլ անդին, ուր նշմարեցի համախմբում մը, մասնաւորաբար երիտասարդներու, որոնք շրջապատած էին  առիւծի բաշերով, յաղթանդամ ու  գեղեցիկ տղամարդ մը, որ, ուրեմն,  ինքն էր: Ես կը գտնուէի հանդիպակաց մայթին վրայ, այսինքն՝ մօտաւորապէս 10-12մ անդին այդ խումբէն: Շիրազ դժուար ոտքի կը պահէր ինքզինք, վասնզի հարբած էր, մինչ տղաքը այլազան  հարցումներ կը տեղացնէին անոր գլխուն:

            Բաւական դիտեցի՝ առանց մօտենալու, մինչեւ որ  զինք օղակող շղթան լուծուեցաւ, եւ ան  ձերբազատեցաւ  իր ընթացքը կաշկանդողներու հարցումներէն ու ձեռքէն…խոշոր լուտանք մը արձակելով Գերմանիոյ Վիլհելմ կայսեր հասցէին ու հեռացաւ տատանելով:  

            Այնուհետեւ կը պատահէր, որ պանդոկին պատշգամէն տեսնէի անոր մուտքը  ճիշդ մեր տակը գտնուող փոքրիկ ճաշարանը, ուրկէ դուրս կու  գար հազիւ վայրկեան մը անց: Այս ակնթարթային այցելութիւնները սկսան հետաքրքրել զիս եւ օր մըն ալ հարցուցի այնտեղ ծառայող տղեկին անոնց իմաստը:

            –Գաւաթ մը կոնեակ կը խմէ մէկ ումպով ու կ’ելլէ,– լուսաբանեց  ան: – Տնօրէնը ձրի կու տայ կոնեակը, որովհետեւ «շատ է սիրում Շիրազին»:

  *   *   *

            Յաջորդ հանդիպումը պատահեցաւ այսպէս.

            Սուրիահայ ընկերոջ մը հետ կ’ընթրէի Արմէնիայի ճաշարանը, երբ քանի մը սեղան անդին տեսայ Շիրազը՝ երեք ուրիշ տղամարդոց հետ: Վերջը իմացայ, որ անոնցմէ մէկը Աւետիք Իսահակեանի ճարտարապետ զաւակն է: Սպասեակէն ապսպրեցի, որ շիշ մը կոնեակ տանի անոնց սեղանը: Ինչ որ իսկոյն կատարուեցաւ, եւ ահա  տեսայ Շիրազը, որ ոտքի ելաւ, ձեռքը կուրծքին տանելով  եւ ամբողջ հասակովը շատ ցուցականօրէն խոնարհելով հեռուանց շնորհակալութիւն յայտնեց՝  աւելցնելով, որ այլեւս «չի խմում…»: Ա՛ռ քեզի զուգադիպութիւն. մեր կոնեակի՞ն կը սպասէր  խմիչքը ձգելու համար:

            Հինգ վայրկեան չէր անցած, երբ մեր սեղանին թառեցաւ շամփայնի պատկառելի շիշ մը՝ «ի փոխադարձութիւն Շիրազի կողմից»,– ինչպէս  յայտնեց սպասեակը: Այս անգամ հերթը իմս էր…խոնարհելու: 

            Իսկ երրորդ հանդիպումս տեղի ունեցաւ Արմէնիայի դիմացը, մեծ գրախանութին առջեւ, ընդարձակ մայթին վրայ, ուր կը գտնուէինք սփիւռքահայ ուսուցիչներու ստուար  խումբով մը, երբ մէկ ալ Շիրազ ինկաւ մեր ցանցին մէջ: Ճանչցողները ուրախութեան ճիչերով դիմաւորեցին անակնկալը, եւ գրեթէ ամբողջ խումբը շրջապատեց զինք: Ոմանք խելքերնին պիտի թռցնէին, իսկ Շիրազ նուազ խանդավառ չէր  սփիւռքահայ այսքան մեծաթիւ ուսուցիչներու ներկայութեամբ: Ամէն ոք բան մը ունէր ըսելիք,  եւ ան փորձեց պատասխանել բոլորին, ապա սկսաւ մեծ ախորժակով  շափ-շուփ  համբուրել կազմի բոլոր կիները:

            Խումբին մէջ կը գտնուէր եթովպահայուհի մը, յառաջացած տարիքով, կարճահասակ, շատ թուխ մաշկով, որ ըստ սովորութեանը ծեփած էր շպարի հաստ խաւով մը, որուն վրայ ակօսներ բացած էր կէսօրուան կիզիչ քրտինքը…Ուրեմն երբ մեքենաբար անոր թեւերէն ալ բռնեց՝ շուրթերը մօտեցնելու համար այտին, յանկարծ խրտչած կանգ առաւ.

            –Այս ի՛նչ տգեղ կին է,– ըսելով…

            Լսողները պահ մը արձանացան:

            Բարեբախտաբր  մէկը իսկոյն միջամտեց.

            –Բայց հոգին գեղեցիկ է, պարո՛ն Շիրազ…

            Անըմբռնելի հոգեփոխութեամբ մը յանկարծ դէմքէն անհետացաւ տհաճութեան արտայայտութիւնը եւ գորովագին համբուրեց զայն քանի մը անգամ՝զարմացնելով բոլորս:

                                                                     *   *   *

            Օրերը կ’անցնէին, եւ ակնկալած մտերմութիւնս չէր  հաստատուեր:

            Այս անգամ կէսօր մըն էր եւ նոյն Արմէնիայի մէջ կը ճաշէինք ես եւ ֆրանսահայ երկու ուսուցչուհիներ: Ասոնցմէ մէկը՝  60-ի շուրջ,  սպիտակ ու  միշտ շպարուած դէմքով, կարճահասակ, մեղմաբարոյ, բամբակի պէս փափուկ  օր. Աղաւնին էր:  Միւսը՝ Սոնան, քսանը նոր աւարտած, շէնշող ու թովիչ երիտասարդուհի մըն էր, սլացիկ ու բարեձեւ հասակով, թրթռուն ձայնով, որ անուշ մեղեդիի մը պէս հնչէր: Չեմ յիշեր ի՛նչ հարց ունեցած էր Պոլիս, եւ ծնողքը ապահովութեան  համար  Փարիզ ղրկած էին  զինք:

            Երկուքն ալ «Դպրոցասէր»-ի ուսոցչուհի էին:

            Ճաշը գրեթէ աւարտած էինք, երբ պատահաբար յայտնեցի, որ  Շիրազի տունը միայն քայլ մը անդին է, քովնտի փողոցին մէջ: Եւ ահա Սոնան էր, որ որսաց  առիթը  եւ սկսաւ թախանձագին խնդրել-աղաչել, որ անպայման  հանդիպում մը ունենանք հետը: Առաջինը օր. Աղաւնին հարցուց անակնկալի եկած.

            –Ինչպէ՞ս…

            –Հեռաձայնենք եւ հրաւիրենք,– պնդեց  Սոնա,– փորձե՛նք:

            Հեռաձայնեցի:           

            Բացատրեցի կացութիւնը՝ շեշտելով, որ  երկու փարիզահայուհիներ անհամբեր են իրեն հանդիպելու:  Եւ իրօք ալ  Շիրազ դիւրաւ ընդունեց հրաւէրը՝ «գալիս եմ» ըսելով:

            Ժամադրուեցանք գետնայարկը գտնուող պաղպաղականոցը, որ այն ատեն «մարոժնի» կը կոչէին տեղացիները:

            Ուրեմն կը սպասէինք, որ Շիրազ գար, ու ապա  ապսպրէինք, երբ օր. Աղաւնի զուգարան գնաց՝ «կարգի դնելու ինքզինք»: Տակաւին չէր վերադարձած, երբ Շիրազ մուտք գործեց:  Ոտքի ընդունեցի զինք ու ներկայացուցի Սոնային: Աչքերը փայլատակեցին  պահ մը՝ ի տես անոր շքեղ ու թովիչ կերպարանքին, եւ երկար համբուրեց զայն: Ապա, մինչ կը պատրաստուէր նստելու անոր կից,  հրաւիրեցի  քովս՝ հասկցնելով, որ Սոնային քովի աթոռը  «կը պատկանի օր. Աղաւնիին»:

            Չեմ գիտեր ինչու, այս անունը շատ խոր տպաւորեց զինք, թեւ ու թռիչք տուաւ երեւակայութեանը եւ…ախորժակին, քանի մը անգամ կրկնեց «Աղաւնիկ»՝  գլուխը շարժելով եւ անհամբերութեան անըմբռնելի  նշաններ ցոյց տալով:

            Մինչեւ անգամ հարցուց. «Ո՞ւր մնաց օր. Աղաւնիկը»:

            Նկատեցի, որ ան կու գար:

            –Ահա ինքն է, գալիս է,– աւետեցի:

            Շիրազ նայեցաւ ցոյց տուած ուղղութեամբս, սակայն  կրկնեց  հարցումը՝ ո՞ւր է: Չէր ուզեր տեսնել  դէպի մեզի յառաջացող օր. Աղաւնին,  որովհետեւ աչքերը   կ’ակնկալէին ու կը  փնտռէին  ուրիշ Սոնա մը՝ նոյնքան փարթամ, շքեղ  ու  զգլխիչ:

            Քիչ մը աւելի կեդրոնացուցի ուշադրութիւնը օր. Աղաւնիին վրայ, որ յուշիկ քայլերով  ու ժպտադէմ կը հասնէր,  ու անգամ մըն ալ շեշտեցի. «Ահա ի՛նքն է»,– ու  անդրադարձաւ…

            Հետաքրքրութիւնը յանկարծ մարեցաւ, աչքերուն կրակը անհետացաւ, ինքնիր վրայ փուլ եկաւ…

            –Ախր սա աղաւնիկ չէ,  ագռաւնի՛կ է,– փախցուց բերնէն՝ ակնթարթային պատրաստաբանութեամբ մը, որ շուարումի մատնեց զիս, մինչ օր. Աղաւնի, աշխարհէն անտեղեակ,  արդէն հասած էր՝  ծեքծեքուն լայն ժպիտով մը ձեռքը   երկարելով Շիրազին:

            Շունչ մը առի, երբ Շիրազ այս անգամ եւս  փրկեց կացութիւնը՝ օր. Աղաւնիի նոր շպարուած այտերուն դրոշմելով    իր շափ-շուփ          համբոյրները:

*    *    *         

            Այդ յաջողութենէն քաջալերուած՝ առանձին հանդիպումներ ալ առաջարկեցի Շիրազին, որ սիրայօժար ընդունեց, քանի  որ ,– ինչպէս երեւան եկաւ,–  փաստօրէն  գրեթէ ընելիք մը չունէր ան կեանքի մէջ, քիչ մը ամէն խորհրդային գրողի պէս, որ ունի կայուն թոշակ մը, որով  իշխանութիւնը պատանդ կը վերցնէր գրողին խիղճն ու գրիչը. լաւագոյն պարագային ատենը մէյ մը  լոյս կը տեսնէր անոր մէկ գործը՝ յաւելեալ եկամուտ մը ապահովելով գրողին,   ու  ան կը գոհանար  նման գորշ կեանքով մը:

            Այստեղ իրենց դերակատարութիւնը ունէին տակաւին հազար ու մէկ մեքենայութիւններ, որոնք պատճառ կը դառնային, որ  հեղինակ մը յաջողէր շուտ-շուտ լոյս ընծայել իր գործը, մինչ ուրիշ մը ստիպուած ըլլար երկար տարիներ սպասել նման բախտի  ու մինչ այդ տապկուիլ  իր համեստ թոշակով՝ վարելով  տաղտկալի, երբեմն կիսաքաղց կեանք մը եւ միշտ երազելով  «ազատ աշխարհի առաւելութլիւնները»:

            Երեւոյթները ցոյց կու տային, որ այդ մրցակցութեան մէջ ընդհանրապէս կորսնցնող էր Շիրազ.   եւ խեղճ էր ան: Կրնար ամբոխներ  խանդավառել ու խենթացնել, սակայն անդին տունը սառնարան մը չունէր եւ չէր կրնար դարմանել տալ քայքայուած ակռաները,   որոնք  թէ՛  կը դժուարացնէին սննդառութիւնը ու կ’աղաւաղէին առոգանութիւնը,   թէ՛ կ’այլանդակէին իր գեղեցիկ կերպարը: Միւս կողմէ՝  չիրականացաւ նաեւ անոր՝ գոնէ մէկ անգամ արտասահման  երթալու  ակնկալութիւնն ալ՝ հակառակ բազմաթիւ հրաւէրներու, ու այդ դառնութեամբ ալ մեռաւ, մինչ անդին, օրինակ,  իր երբեմնի կինը՝ Սիլվա Կապուտիկեանը, միջոցը կը գտնէր տարին անգամ մը դուրս գալու խորհրդային դրախտէն եւ  վերադառնալու՝ լեցուն ճամպրուկներով ու ոսկիով ծանրաբեռնուած թեւերով ու պարանոցով:            Տակաւին ան կը յաջողէր գրեթէ ամէն տարի իր մէկ գործը հրատարակել կամ վերահրատարակել տալ, չհաշուած այն  պատկառելի թոշակը, որ կը ստանար  իբրեւ Համամիութենական խորհրդարանի պատգամաւորուհի, եւ ուրիշ վճարովի պաշտօններ ալ, որ կը կատարէր  Հայաստանի մէջ:

            Յայտնօրէն՝ Շիրազը խորհրդային ագարակի մի՛այն «հաւասարներէն» էր, իսկ կինը՝ «աւելի հաւասարներէն»:

 

 

 

 Վկայութիւն մը.– «Երեկոյեան հաւաքւում էինք հայրիկի մահճակալի շուրջը եւ պատմում մեր յօրինած հեքիաթը, եւ վա՜յ, եթե յանկարծ ռուսերէն կամ օտար մի բառ օգտագործէինք` հայրիկը շատ էր բարկանում: Նա մեզ հոգեւոր արժէքներով է մեծացրել. մենք ունեւոր չէինք, չքաւորութիւն կար ընտանիքում, բայց հայրիկն այնպէս էր անում, որ չզգայինք դա, նա ներշնչում էր արուեստի մարդ լինելու կարեւորութիւնը: Մեր տան մեջ, օրինակ, սառնարան է յայտնուել հայրիկի մահից յետոյ: Սառնարանն ի՞նչ էր` ամէն մարդ ունէր, մենք չունէինք: Հայրիկին ուշ սկսեցին տպագրել, միշտ պահանջի մեջ էինք…» (Վանանդ, Շիրազի զաւակներէն մէկը):

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ