Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայկական Տեղեկատուական Ոլորտը Վերաիմաստաւորելու Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեց Խմբագիրներու Տարածաշրջանային 3-րդ Ժողովը

Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի եւ Հարաւային Ամերիկայի մէջ գործող խմբագիրներու տարածաշրջանային երրորդ առցանց ժողովը տեղի ունեցաւ 11 Դեկտեմբեր 2020-ի երեկոյեան, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 18:00-ին։

Համակարգող խորհուրդի անդամներուն առընթեր ժողովին մասնակցեցան Միացեալ Նահանգներէն «Ասպարէզ»-ի, «Նոր Օր»-ի, «Պայքար»-ի, «Արմինիըն Միրըր Սփեքթէյթըր»-ի եւ «Հայրենիք»- ի , Քանատայէն «Հորիզոն»-ի, իսկ Արժանթինէն «Արմենիա»-ի եւ «Սարդարապատ»-ի գլխաւոր խմբագիրներն ու տնօրէնները։

 

Իւրաքանչիւր մամլոյ ներկայացուցիչ զեկուցեց իր ղեկավարած թերթի վերջին շրջանին տարած աշխատանքներուն, համավարակի պատճառով ստեղծուած զանազան դժուարութիւններուն եւ արցախեան պատերազմի օրերուն լրատուութիւնը կազմակերպելու պայմաններուն մասին։

Յատուկ ընդգծուեցաւ պատերազմի օրերուն պաշտօնական լրահոսի գետնի վրայ արձանագրուած իրադարձութիւններուն անհամապատասխանելիութիւնը, ինչ որ բաւական դժուարացուցած է մամուլի գործը։

Նշուեցաւ, որ տարածաշրջանային ժողովներու աւարտէն ետք կը մտածուի միացեալ հարթակով քննարկել ընդհանրապէս հայկական տեղեկատուական քաղաքականութիւնը եւ վերջին իրադարձութիւնները՝ նկատի ունենալով այս ոլորտը վերակազմակերպելու հրամայականին ընդառաջ կազմակերպել համահայկական քննարկումներ։

Առցանց ժողովին հնչեցին ինչպէս միացեալ հարթակի ձեւաւորման, այնպէս նաեւ համահայկական նշանակութիւն ունեցող թղթածրարներու մասին միացեալ հրատարակութիւններ իրականացնելու մասին առաջարկներ։

Տարածաշրջանային առցանց չորրորդ ժողովը տեղի պիտի ունենայ 21 դեկտեմբերին, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 18:00-ին։ Պիտի մասնակցին Ռուսիոյ, Ուքրանիոյ եւ Վրաստանի մէջ լոյս տեսնող մամուլի խմբագիրներն ու տնօրէնները։

Հայկական Լրատուամիջոցներու 

Համահայկական Համաժողովները Համակարգող Մարմին 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ