Կիրակի, Դեկտեմբեր 22, 2024

Շաբաթաթերթ

«Միասին Ծնան եւ Միասին Մահացան»

Դոկտ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

 

Սոյն յօդուածը գրուած է 2 Նոյեմբեր 2020. այսինքն՝10 Նոյեմբերին Ատրպէյճանի,Հայստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ կնքուած եռակողմ համաձայնագիրէն առաջ։

Հ. Ճ.

 

Վահէ եւ Էտկար Առաքելեան երկու երկուորեակ եղբայրներ կ՚ուսանէին Երեւանի Առնօ Պապաճանեան երաժշտական դպրոցին մէջ։ Անոնք կը մասնագիտանային տուտուկի եւ գլարինէթի երաժշտական նուագարաններու մէջ։ Անոնք 2018-ին  զինուորագրուեցան  հայոց բանակին՝ Հայաստանի քաղաքացի ուրիշ երիտասարդներու նման։ Մնացած էր միայն երեք ամիսներ, որ երկու եղբայր զինծառայութենէ արձակուէին։ Այդ երեք ամիսներու սպասումը զիրենք պիտի տանէր յաւիտենականութեան։

 

Արցախի պատերազմը։ Արդէն եղաւ աւելի քան մէկ ամիս որ ահաւոր կռիւներ տեղի կ՚ունենան։ Մեծ է քանդումը ու տակաւին մարդկային զոհերը։ Հայկական քաջարի բանակն է որ կը դիմադրէ։ Մեր երիտասարդ տղաքը կը կռուին իրենց արժանապատուութեան համար։ Արժանապատուութիւնը հայուն կեանքին՝ ապրելու զայն նոյնինքն հայուն հողին վրայ եւ իր ազգային ու քրիստոնէական ինքնութեան մէջէն։ Այս՝ հայուն համար, սակարկելի չէ։ Ինչպէ՞ս կարելի է սակարկել հայուն պայքարը երբ ան կը տքնի արդարութիւն եւ ճշմարտութիւն իրականացնելու եւ ապրելու համար իր հողին վրայ՝ խաղաղութեամբ։

 

Այս միայն Արցախի պատերազմը չէ։ Ան պատերազմն է հայուն եւ աշխարհով մէկտեղ։ «Հայրենական պատերազմ է», ըստ հայրենի իշխանութեան։  Հայրենական այս պատերազմը հայուն համար կարելի չէ սահմանափակել աշխարհագրականօրէն։ Այդ հայուն «լինելու թէ չի լինելու» պատերազմն է։ Ինչպէս վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յստակացուց. «Մենք Տէր Զօրի ճամբորդ չենք»։

 

Մեծ է թիւը մեր նահատակ զինուորներուն։ Երիտասարդ կեանքեր եւ աւելի քան հազար քաջամարտիկ մինչեւ օրս, որոնք իրենց կեանքերը տուին այս սրբազան հայրենական պատերազմին։ Իւրաքանչիւր հայ նահատակ զինուորի նկարը որ կը տեսնեմ կ՚ապրիմ անոնց ուժը։ Ուժը որ իրական է եւ  վճռակամ։ ԹԷ հայը կարելի չէ որ Տէր Զօրի ճամբորդ ըլլայ այլեւս։ Այս իրականութեան համար անոնք պիտի նուիրէին ու զոհէին իրենց կեանքերը։

 

Կը նայիմ իւրաքանչիւր նկարին։ «Հայու աչքեր» են, որոնք կը խօսին, թէկուզ որ իրենց ֆիզիքական մարմինը անշնչացած է։ Կը խօսին հայուն կեանքին մասին։ Այն կեանքը ուր հայը պիտի շարունակէ ապրիլ եւ առանց ցաւի։ Հայը գիտէ այդ ցաւը։ Ցեղասպանութեան ցաւն է այդ։ Այդ ցաւը, որ սերունդէ սերունդ կը փոխանցուի՝ հասնելով մինչեւ մեր երիտասարդ քաջամարտիկ տղոց։

 

Վահէն եւ Էտկարը այն մեծ թիւով քաջամարտիկներէն էին, որոնք զոհուեցան այդ ցաւին համար։ Երկու երաժիշտ երիտասարդներ, որոնք կարծես ամբողջացուցին բանաստեղծին փափաքը. «Ես երգելով կ՚ուզեմ մեռնիլ»։ Անոնք մեռան՝ երաժշտութեամբ։ Երաժշտութիւնը եւ արուեստը կարելի չէր դուրս հանել իրենց կեանքերէն՝ նոյնիսկ երբ անոնք զէնքը իրենց ձեռքին կը կռուէին հայրենի հողին պաշտպանութեան համար։ Հայուն հողը՝ ինչ խօսք, նաեւ կը պաշտպանուի երգով եւ արուեստով։

 

Չեմ գիտեր, թէ ինչքան պիտի երկարի այս հայրենական պատերազմը ու  տակաւին քանի հայ երիտասարդ տղաք  պիտի նահատակուի։

 

Կը նայիմ 19-ամեայ Արտաշի նկարին։ Ան իր ծնողքին միակ զաւակն էր, որ 12 տարի ետք ծնած էր։ Ան նահատակուեցաւ Ազատանի շրջանի պայքարի ընթացքին։ Իւրաքանչիւր հայ նահատակ տղոց նկարին նայելով, կը սեղմեմ անոնց յիշատակը  սրտիս ու հոգիիս մէջ։ Եթէ արցունքներս կը խեղդեմ, բայց նաեւ կ՚ուզեմ ըսել. «Այս շատ մեծ մարդկային կորուստ է մեզի համար»։

 

Իւրաքանչիւր նահատակ տղոց ետին կայ հայ մայրը։ Ու տակաւին հայրը, կողակիցը ու մանուկ երեխաները։ Ինչ խօսք նորածիները, որոնք երբեք պիտի չի ճանչնան իրենց հայրը։ Բայց անոնց արցունքները ինչպէս պիտի չոռնան։ Իրենց ցաւը ինչպէ՞ս պիտի սփոփուի։ «Երկու հազար թուականի ծնած ամբողջ սերունդ մը չքացաւ», Քնարիկ Պետրոսեանն  է Երեւանէն, որ կը զրուցէ հետս։ «Երեւի պէտք է սպասենք ամբողջ քսան եւ աւելի տարիներ պատրաստելու համար յաջորդ սերունդը», ըսաւ ան։

 

Պատերազմին կը հետեւիմ խառն զգացումներով։ Մէկ կողմէ  յուզում, տխրութիւն, նեղութիւն եւ բարկութիւն։ Միւս կողմէ հպարտութիւն։ Յուզում, տխրութիւն եւ նեղութիւն որ հայ տղաքը կը նահատակուին եւ մեր սիրելի Արցախը կը քանդուի։ Բարկութիւն՝ թէ ինչպէ՞ս աշխարհ միայն կը դիտէ այս բոլոր անցուդարձները։ Մէկ-մէկ դուրս կուգան արտայայտութիւններ, խրատներ, օժանդակութիւն, այս կամ այն ձեւով զօրակցութիւն, բայց ոչ աւելի։

 

Կը նայիմ ներկայ աշխարհին եւ կեանքի նկատմամբ անոր համոզմունքները եւ արժէչափերը։ Տակաւին ինչ խօսք պետութիւններու աշխարհաքաղաքական եւ տնտեսական հազար ու մէկ հաշիւներուն։ Կը տեսնեմ, թէ ուր հասած են մարդոց սկզբունքները։ Աշխարհ կը դիտէ ցաւը՝ այս պարագային հայուն ցաւը, եւ կը յաւակնի մնալ իր դիտորդի կարգավիճակին մէջ։ Այս կը բարկացնէ զիս։

 

Բայց չուշանար իմ այս տրամադրութիւններուն մէջէն տեսնելու քաջալերական կայծ-խթան մը։ Այս իմաստով դիպուկ է աւստրալիացի դերասան Մէլ Կիպսընի խօսքը ուղղուած հայութեան. «Ես եւ դուք գիտենք թէ ով է Աստուած։ Գիտենք թէ Աստուծոյ կարողութիւնները անսահման են։ Հայը փաստած է իր պատմութեան ընթացքին, թէ ինչքան հանդուրժողականութիւն ունի իր բոլոր դժուարութիւնները յաղթահարելու։ Յարգանք ունիմ հայ ժողովուրդին նկատմամբ։ Քաջ մնացէք»։

 

Խառն զգացումներուս միւս երեւոյթը՝ հայուն հպարտութիւնը, թէ ինչպէս դարձեալ կը փաստենք այսօր թէ որքան մեծ է մեր հանդուրժողականութիւնը՝ պայքարելու համար մեզմէ շատ աւելի գերհզօր ուժերու դէմ՝ Ատրպէյճան, Թուրքիա, ծայրայեղականներ ու տակաւին (չ)երեւցող  այլ ուժեր։ Հայն է որ կը կռուի այս բոլորին դէմ։ Հայը՝ իր փոքր ուժով, մեծ սխրանքներ կը գործէ։

 

Մենուա Յովհաննիսեանը մէկ հայ քաջամարտիկն է որ նահատակուեցաւ Արցախի այս պատերազմին։ Անոր մայրը՝ Կարին Տոնոյեան, կ՛ըսէ  իր զաւկին ու բոլոր նահատակներուն համար. «Անոնք այլեւս երկրի վրայ չեն ապրիր, այլ երկինքի ու երկրի միջեւ, ուրկէ ամէն բան տեսանելի է եւ ուրկէ տիեզերական ճշմարտութիւնը աւելի մօտ է»։

 

Կարինի ճշմարտութիւնը հայունն է անպայման եւ որ հիմնուած է նոյնինքն արդարութեան վրայ, որ հայ տղաքը այսօր կը պահպանեն ի գին նահատակութեան։ Կարին Տոնոյեանն է. «Ես իմ ամենաթանկին տուի իմ ամենաթանկը»։

 

Պիտի վերադառնանք Վահէին եւ Էտկարին նահատակութեան եւ անոնց մօր որ կը ողբայ իր երկու երիտասարդ զաւակներուն նահատակութիւնը. «Միասին ծնան եւ միասին մահացան»։

 

Այս նահատակ կեանքերը սակարկելի չեն։ Այս հայրենական պատերազմը մեզ բոլորս դարձեալ պիտի դնէ զգաստութեան խոշոր հրամայականի դիմաց, թէ հայը այսօր եւ ասկէ ետք պարտի միասին ապրիլ։ Այսօր այս հայրենական պատերազմին մէջ համայն հայութիւնը մէկտեղուած է եւ կը պատերազմի միասին՝ տարբեր միջոցառումներով։ Արցախ, Հայաստան եւ Սփիւռք՝ աշխարհով մէկ տեղ։

 

 

 

Այս պատերազմին մէջէն կայ մէկ յստակ իրականութիւն՝ թէ հայը իր այս կեանքին մէջ ունի Աստուած, մեր երկնաւոր Հայրը։ Իսկ  երկրի վրայ ունի հայը։ Այս հայրենական պատերազմը մեզ պիտի խթանէ որ հայը իր կեանքը ապրի Աստուծմով եւ Աստուծոյ հետ եւ միասին՝ հայը հայուն հետ, իր թիւով, միտքով, կարողականութեամբ եւ ուժով։ Հայրենական այս պատերազմը ցոյց կուտայ, թէ հայը կրնայ ապրիլ միասին իր թիւով, միտքով, կարողականութեամբ եւ ուժով ու տակաւին սխրանքներ գործել։ Պէտք չէ երբեք ստորագնահատել հայկական այս մտաւոր եւ ֆիզիքական ուժը։ Մանաւանդ որ այս ուժին մէկ մասը՝ Սփիւռքը, տարածուած է աշխարհով մէկտեղ, ինչ որ իր շատ մը անպատեհութիւններուն հետ ունի նաեւ առաւելութիւններ։ Այս պիտի ըլլայ հայուն ապրելու տեսլականը։

 

Վահէ եւ Էտկար միասին ծնան եւ միասին մահացան։

 

Հայրենական այս պատերազմին, մեր հայ տղոց նահատակութիւնը ունի մէկ մեծ եւ կարեւոր պատգամ՝ թէ հայը իր կեանքը պիտի կերտէ ու ապրի զայն միասին։

 

Վահէին եւ Էտկարին պատգամը։ Բայց նաեւ բոլոր նահատակ քաջամարտիկներուն, եթէ մեր սեփական հողին վրայ արդար եւ խաղաղ կեանք մը պիտի կերտենք։

 

Հայը պարտի իր կեանքը ապրիլ միասին։

 

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ