Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Անվտանգութեան խորհուրդը Օնիկ Գասպարեանի զեկոյցէն գաղտնազերծուած փաստաթուղթեր հրապարակած է

Ի պատասխան Զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի նախկին պետ՝ Օննիկ Գասպարեանի 2020 թուականի Նոյեմբեր 17-ի յայտարարութեան, Անվտանգութեան խորհուրդի գրասենեակը որոշ պնդումներու վերաբերեալ պարզաբանում ներկայացուցած է եւ հրապարակած վերջինիս առնչուող գաղտնազերծուած փաստաթուղթեր:

Ըստ այդմ՝ նշելով, որ դեռ Նոյեմբերին Օննիկ Գասպարեան յայտարարած էր, թէ Զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետի պաշտօնին նշանակուած է 2020-ի Յունիս 8-ին, եւ արդէն Յունիս 12-ին Հայաստանի վարչապետին, իսկ քանի մը օր անց նաեւ Անվտանգութեան խորհուրդին ներկայացուցած է տարածաշրջանի ռազմաքաղաքական իրադրութեան վերլուծութիւնը եւ զինուժի կարողութիւնները, ԱԽ գրասենեակը այսօր՝ Ապրիլ 15-ին յայտնած է, որ Գասպարեանի նշանակման յաջորդած ԱԽ-ի՝ Յունիս 19-ի նիստին Օննիկ Գասպարեան զեկուցողներու ցանկին վրայ չէ եղած (նիստին երկու զեկուցող եղած է)։

Անդրադառնալով Օննիկ Գասպարեանի Նոյեմբեր 17-ի յայտարարութեան՝ պատերազմի 4-րդ օրը զայն կանգնեցնելու անհրաժեշտութեան մասին, ԱԽ գրասենեակը ներկայացուցած է Անվտանգութեան խորհուրդի 2020-ի Սեպտեմբեր 30-ի նիստին Գասպարեանի զեկոյցէն արձանագրուած որոշ հատուածներ․ – «Պարոն վարչապետ, ըստ էութեան, իրադրութիւնը մարտավարական առումով անփոփոխ է, այսինքն որեւէ առաջընթաց հակառակորդը չի ունեցել … » աւելցնելով. « … Ամէն դէպքում զօրքերը իրենց խնդիրը կատարում են, առաւօտեան մի հատ փոքր հակահարուած ձեռնարկեցինք Ջաբրայիլի ուղղութեամբ, յաջողութիւններ ունեցանք … », եզրափակելով իր ելոյթը՝ վերջինս նշած է. – «Սա է իրավիճակը, շարունակում ենք մեր խնդիրը կատարել ու մինչեւ վերջ շարունակելու ենք կատարել»:

Սոյն պարզաբանման համաթեքսթով, ԱԽ գրասենեակը ներկայացուցած է նաեւ Անվտանգութեան խորհուրդի 2020-ի Օգոստոս 21-ի նիստի արձանագրութիւնը, ուր Օննիկ Գասպարեան մասնաւորապէս կ’ըսէ. « … Արեւելեան գործողութեան ուղղութիւնում ….. եւ հիւսիս-արեւելեան գործողութեան ուղղութիւնում մենք կարողանում ենք առկայ ուժերով ու միջոցներով «ոչ մի քայլ յետ» սկզբունքով յետ մղել, ձախողել հակառակորդի յարձակումը եւ ջախջախել նրա խմբաւորումները, … » աւելցնելով, որ՝ « … Խնդիրների զգալի մասի լուծումը տեսնում եմ աշխարհազօրի ստեղծման ու կայացման շրջանակներում … »:

«Սա արտայայտում է պարոն Գասպարեանի դիրքորոշումը ստեղծուած ռազմաքաղաքական իրավիճակի վերաբերեալ եւ առաւել ամբողջական է դարձնում վերջինիս մօտեցումներն այս հարցում տուեալ պահի դրութեամբ», – ըսուած է ԱԽ այսօրուայ յայտարարութեամբ:

Յիշեցնենք, որ Գասպարեան Նոյեմբեր 17-ին յայտարարած էր, որ պատերազմի 4-րդ օրը Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին ներկայացուցած է հայկական կողմի կորուստները եւ ստեղծուած իրադրութեան վերաբերեալ Զինուած ուժերու գնահատականը եւ առաջարկած երկու-երեք օրուայ ընթացքին անհրաժեշտ միջոցներ ձեռնարկել պատերազմը կանգնեցնելու համար։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ