Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Caucasus Heritage Watch-ն ահազանգած է Արցախի մէջ Վանքասար հայկական եկեղեցւոյ հնարաւոր վտանգի մասին

Կովկասեան ժառանգութեան պաշտպանութեան կազմակերպութիւնը (Caucasus Heritage Watch) ահազանգած է Արցախի Մարտակերտի շրջանին մէջ՝ Վանքասար կոչուող ժայռի գագաթներէն ամենաբարձրի վրայ գտնուող 7-րդ դարու Վանքասար հայկական եկեղեցւոյ հնարաւոր վտանգի մասին։ Այս մասին կազմակերպութիւնը տեղեկացուցած է իր թուիթըրեան էջին։

Նշուած է, որ արբանեակային լուսանկարները ցոյց կու տան եկեղեցւոյ մօտակայքը գտնուող ծանր թեխնիկա եւ եկեղեցւոյ հարեւանութեամբ՝ ճանապարհի եզրին տեղակայուած շինութիւն։

Կազմակերպութիւնը դիմած է ատրպէյճանական իշխանութիւններուն՝ պահանջելով բացատրել՝ ի՞նչ նպատակով տեխնիկան եւ շինութիւնը կը գտնուին եկեղեցւոյ մօտակայքը։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ