Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Ապրիլեան Սրբադասուած Նահատակներու Յիշատակի 106-Ամեակի Ոգեկոչում

Լոս Անճելըսի հայութիւնը համագործակցութեան եւ միասնականութեան գեղեցկագոյն մթնոլորտի մէջ, այլազան ձեռնարկներով նշեց 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութեան զոհ եղած, 1915-ի սրբադասուած մեր նահատակներու անմեռ յիշատակը։

Այս տարի պսակաձեւ ժահրի համաճարակի արգելափակումները մասամբ մեղմացած ըլլալով, մեր հաւաքները եւ պաշտամունքները աւելի մեծ զանգուածներով տեղի ունեցան։

Ուրբաթ, Ապրիլ 23-ին երեկոյեան ժամը 7-ին, Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ Սուրբ Նահատակներու հոգիներուն խաղաղութեան համար, Սուրբ Պատարագ մը տեղի ունեցաւ մասնակցութեամբ համայնքիս չորս հոգերու պետերու։

Պատարագիչն էր Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, իսկ յաւուր պատշաճի քարոզ մը տուաւ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանը, իսկ հոգեւոր կարճ խօսքերով ելոյթ ունեցան Կաթողիկէ Համայնքի Առաջնորդ՝ Գերապայծառ Միքայէլ Եպս. Մուրատեան եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու Միութեան Հովիւ՝ Վեր. Պերճ Ճամպազեան։

Հոգեւոր պետերուն հոգեշահ քարոզները եւ այդ օրուայ Ս. Պատարագը կարծէք տարբեր ներգործութիւն մը ունեցան ներկայ հաւատացեալներուն հոգիներէն ներս, մտքով եւ հոգիով հաղորդուած ըլլալով մեր մարտիրոսացած հայրերուն եւ մայրերուն հետ։

Նախորդ տարիներուն նման, այս տարի ալ Ապրիլ 23-ին տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի Քաղաքապետարանի բացօդեայ տաղաւարին մէջ հոծ բազմութեան մը ներկայութեամբ, երեկոյեան ժամը 6։00-ին տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն մը, ի յիշատակ մեր անճիտուած նահատակներու յիշատակին։ Այդ գիշեր հայ եւ ոչ հայ քաղաքական գործիչներ ելոյթներ ունեցան։

Ձեռնարկը կազմակերպուած էր համայնքին մէջ գործող Հայ Միացեալ Երիտասարդ Միութեան կողմէ։

Նմանապէս նոյն այս Երիտասարդաց Միութեան կողմէ Շաբաթ, Ապրիլ 24-ին առաւօտեան ժամը 10։00-ին Հոլիվուտի մէջ տեղի ունեցաւ արդարութեան քայլարշաւ մը հազարաւոր երիտասարդութեան մասնակցութեամբ։ Հոն եւս հայ եւ օտար քաղաքական գործիչներ իրենց մասնակցութիւնը բերին։ Իսկ Շաբաթ կէսօրին ժամը 12։00-ին Լոս Անճելըսի թրքական հիւպատոսարանի առաջ 8500 Wilshire Blvd. բողոքի բազմամարդ ցոյց մը տեղի ունեցաւ։ Հայրենակիցներու հոծ բազմութիւն մը ներկայ էր այդ ցոյցին, հոն եւս հայ եւ օտար քաղաքական գործիչներ ելոյթ ունեցան։

Այս ձեռնարկը կազմակերպուած էր Հ.Յ.Դաշնակցութեան երիտասարդական միաւորին կողմէ։

Իսկ Շաբաթ 24 Ապրիլին, Կլենտէյլի քաղաքապետարանի հեռատեսիլի կայանը ամբողջ օրը 24 ժամ տրամադրած էր Հայոց Ցեղասպանութեան։ Այդ յայտագրին մէջ ելոյթ ունեցան հայ աւանդական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, համայնքի ղեկավարներ, նմանապէս համայնքիս մէջ վեց 24 ժամեայ հեռատեսիլի կայաններ, ամբողջութեամբ նուիրուած էին Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակը ոգեկոչելով։

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ