Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

ՀԲԸՄիութիւնը՝ 115 Տարեկան

Լիբանան

ՀԲԸՄիութիւնը ՝ 115 Տարեկան

ԹԱԳՈՒՀԻ ԼԵՓԵՃԵԱՆ

Հիմնադիր Պօղոս Նուպար Փաշա եւ ինը ազգայիններ, Եգիպտոսի մայրաքաղաք Գահիրէյի մէջ, Կիրակի, 15 Ապրիլ 1906-ին, Ս. Զատկուայ օրը հիմնեցին Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը (ՀԲԸՄ), «ՄԻՈՒԹԻՆԸ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆ Է» նշանաբանով: Միութեան նպատակն էր օգտակար հանդիսանալ աշխարհացրիւ մեր հայրենակիցներուն, պահպանելու իրենց ինքնութիւնն ու մշակոյթը, բազմաթիւ բարեսիրական, կրթական եւ մշակութային ծրագիրներու ընդմէջէն:

Բարեգործականի 115 տարիներու վաստակը, լուրջ պարտաւորութիւններու տակ դրած է մեր ղեկավարները՝ պարտականութեան գիտակցութեան նոյն մակարդակին վրայ շարունակելու իրենց գործունէութիւնները: Այս մտահոգութեամբ, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովը գեղեցիկ գաղափարը ունեցաւ Միութեանս Հիմնադրութեան 115 ամեակը տօնելու:

Համայն աշխարհին վրայ Քօրօնա համավարկին պարտադրած արտակարգ վիճակն ու անել դժուարին պայմանները թեթեւցնելու եւ զանոնք յաղթահարելու մտահոգութեամբ, ու նկատի ունենալով որ առցանց ձեռնարկները կրնան մասամբ մը ի մի հաւաքել մեր աշխարհացրիւ անդամները, zoom-ով առցանց ձեռնարկ մը կազմակերպուեցաւ:

Հինգշաբթի, 15 Ապրիլ 2021-ին, Պէյրութի ժամով, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, 115 Տարեկան Երիտասարդ Բարեգործականին տարեդարձին նուիրուած այս ձեռնարկը, սովորականէն տարբեր միջոցառում մը հանդիսացաւ: Գահիրէէն, Գանատայէն, Դամասկոսէն, Լաթաքիայէն, Լիբանանէն, Լոս Անճելըսէն, Հալէպէն ու Փլովտիւէն, 8-էն 12 տարեկան 130 երեխաներ, իրարու հանդիպեցան, գործակցեցան ու իրենց ունեցած տեղեկութիւնները բաժնեցին իրարու հետ:

Բացման ու բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ ՀԲԸՄիութեան Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի Վարիչ-Տնօրէնուհի Օրդ. Արին Ղազարեան: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնակից երկիրներու պատասխանատու-ներուն ու մասնակցողներուն, շեշտը դնելով այս միջոցառման կարեւորութեան եւ օգտակարութեան վրայ: Յատուկ շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլոր անոնց որոնք անսակարկ ու անխոնջ աշխատեցան որպէսզի կարենանք մեր նպատակին հասնիլ ու

յաջող ձեռնարկ մը ունենալ: Ապա ան տեղեկացուց թէ այս ձեռնարկը պիտի ձայնագրուի մեր արխիւներուն մէջ պահելու նպատակով:

Երեխաները բաժնուեցան 16 խումբերու: Իւրաքանչիւր խումբի մէջ ունենալով տարբեր երկիրներէ մասնակիցներ ու Լիբանանէն Facilitator մը, միաժամանակ՝ իւրաքանչիւր երկրէ mentor մը, ծրագրին ընթացքն ու զարգացումը հսկելու: Facilitator-ները իրենք զիրենք ծանօթացուցին, ինչպէս նաեւ մասնակից ամէն մէկ երեխայ, նշելով իրենց նախասիրած արտադպրոցական զբաղումները:

MIRO օգտագործելով, իւրաքանչիւր խումբ ստացաւ գծագրութիւն մը, որ մեղուի բեթակին մէկ մասն էր, ուր պէտք էր հարցումներուն պատասխանէին, տեղեր գծագրութիւն աւելցնէին ու ներկէին, Facilitator-ներուն տուած տեղեկութիւնները օգտագործելով:

Բոլոր երեխաները ուշի ուշով հետեւեցան իրենց տրուած ցուցմունքներուն եւ կեդրոնացած լծուեցան աշխատանքի: Ձեռնարկին աւարտին, բոլոր գծագրութիւննե-րը մէկտեղուեցան ու ստացուեցաւ մեղուի մեծ բեթակ մը, զոր կը ներկայացնէ ՀԲԸՄիութեան աշխարհատարած մասնաճիւղերու բազմազան գործունէութիւնները:

Երեխաներ երգեցին ՀԲԸՄիութեան Քայլերգը՝ «Աւետիս Հայեր», խօսք Վահան Մալէզեանի ու Երաժշտութիւն Յարութիւն Մինասեանի: Ապա, միաբերան, Բարի Տարեդարձ մաղթեցին մեր սիրելի Միութեան: Բոլոր մասնակիցներուն հետ խմբային նկար մը առնուեցաւ: Օրդ. Ղազարեան տեղեկացուց թէ իւրաքանչիւր մասնակից պիտի ստանայ յատուկ վկայագիր մը: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Օրդ. Փէքիզա Պէրպէրեանին իր պատրաստած բովանդակալից ու գեղեցիկ գծագրութեան համար, ինչէս նաեւ բոլոր աշխատակիցներուն, Facilitator-ներուն ու mentor-ներուն:

ՀԲԸՄիութեան պատմութեան ու գործունէութեանց մասին երեխաներուն ունեցած տեղեկութիւնները ալ աւելի զարգացնելու մտահոգութեամբ կազմակերպուած այս ձեռնարկը կրցաւ լաւագոյնս ծառայել իր նպատակին: Մոնթրէալի մասնաճիւղէն Օրդ. Նայիրի Ճիճի ըսաւ.- «Միասնական ոգիով ու հաւաքական աշխատանքով, ամրապինդ կը պահենք մեր Միութեան զօրութիւնը»:

Փառք ու պատիւ մեր մեծ Միութեան բոլոր Հիմադիրներուն, Նախագահներուն, Բարերարներուն, Պատասխանատուներուն, աշխարհատարած Անդամակցութեան ու Համակիրներուն:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ