Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Օտար Բարքեր

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Զանազան, Զարմանազան . . .

Գաղտնիք մը չէ որ գովազդները մեծ դեր կը խաղան արտադրութեան մը շուկայի վրայ յաջողութիւն գտնելու դժուարին գործին մէջ։ Իսկ այդ գովազդները՝ հեռատեսիլի վրայ թէ մամուլին մէջ, շատ աժան չեն։

Օրինակ մը տալու համար բաւ է յիշել թէ 2019 տարուան ընթացքին, նիհարնալու գովազդներուն համար՝ ամերիկայի մէջ ծախսուած է 78 միլիառ տոլար . . . Այդ գովազդները կ՛ընդգրկեն սնունդի յատուկ յայտագիր մը՝ (Nutrisystem) որուն պէտք է հետեւի անձը եւ որուն ուտելիքը կը հայթայթէ նոյն այդ ընկերութիւնը, մարզանքի օրական հետեւողականութիւն, դեղահատեր եւ այլն։

Վիճակագրական տեղեկութիւններ կը հաստատեն թէ ամերիկայի բնակչութեան երկու-երրորդը գէր են, որոնց համար կարեւոր է նիհարնալը (տես նկարը) եւ հետեւաբար ներկայանալի դառնալը։

Այս բոլորը հասկնալի է եւ ընդունելի, սակայն վերջերս նոր գովազդներ հրապարակ իջած են՝ որոնք կը ջատագովեն վերոյիշեալ գործընթացին ճիշդ հակառակը, այսինքն ինչպէ՞ս գիրնալ արագ եւ ապահով կերպով . . . Առ քեզի ամերիկա եւ ամերիկեան մտածելակերպ!

Օրինակ մը տալու համար վերոյիշեալ երեւոյթէն, բաւ է դիտել հետեւեալ նկարը՝ ուր մանկամարդուհի մը 23 pound, այսինքն 10.4 քիլօկրամ, վրայ դրած է։ Ապահով եւ արագ կերպով գիրնալու համար, խնդրոյ առարկայ ընկերութիւնը թելադրած է 19 տեսակի ուտելիքներ՝ որոնցմէ կարելի է յիշել հաւկիթը, բրինձը, գետնախնձորը, միսերու տեսակները, կաթն ու պանիրը։

Կ՛ապրինք դարու մը մէջ ուր մարդիկ բոլորովին շուարած են եւ չեն գիտեր ինչ ընել։ Գէրը կ՛ուզէ նիհարնալ, իսկ նիհարն ալ կ՛ուզէ գէրնալ։ Ինչո՞ւ, դժբախտաբար դժուար է կռահել։

«Տանջուող Քրիստոսը»

Այս պատմութիւնը մեզի կու գայ Իտալիոյ հիւսիսը գտնուող Վերոնա քաղաքէն։ Վերոնա քաղաքը պատմական նշանակութիւն ունի այն իմաստով որ Շէյքսփիրի «Ռոմէօ եւ Ժուլիէթ» նշանաւոր թատերախաղի հերոսներուն բնակավայրը հանդիսացած է ան։

Հետաքրքրական է գիտնալ որ բազմահարիւր զբօսաշրջիկներ ամէն տարի կ՛այցելեն Վերոնա քաղաքը, տեսնելու համար այն տունը՝ որուն պատշգամէն Ժուլիէթ իր սէրը արտայայտեց Ռոմէոյին։

Իսկ ի՞նչ է այս արտասովոր պատմութիւնը որ գրաւեց աշխարհի ուշադրութիւնը։ Հիմա թոյլ տուէք որ բացատրեմ։ Ուրեմն արուեստագէտ մը՝ Տարիօ Կամպարին անունով, դաշտը ունենալով որպէս պաստառ՝ նկարած է Յիսուսի (տես նկարը) դիմանկարը, որուն մեծութիւնն է 24,000 քառակուսի մեթր։

Տարիօ իր ստեղծագործութիւնը անուանած է «Տանջուող Քրիստոսը» որովհետեւ տակաւին շատ չանցաւ Քրիստոսի Յարութեան Զատիկէն, որմէ երկու օր առաջ՝ ան չարչարուելով խաչուեցաւ խաչափայտին վրայ։

Երբ Տարիոյին հարցուցած են թէ ինչո՞ւ կը նախընտրէ իր ստեղծագործութիւնները իրագործել հողի վրայ, ան սապէս պատասխանած է։ «Արուեստը արկածախնդրութիւն մըն է հոգիին, մտքին եւ ստեղծագործ երեւակայութեան։ Միայն մարդիկ որոնք քաջութիւնը ունին ազատ կամքով դիմակալելու այս ճամբորդութիւնը՝ նոյնիսկ վտանգելու գինով իրենց արժանապատուութիւնը, կրնան յայտնագործել այս բազմակողմանի իրականութիւնը։»

Հետաքրքրական է գիտնալ որ Տարիօ վերոյիշեալ իր արուեստին համար կը գործածէ թրաքթոր մը, գութան մը եւ թաւալող տափան (աղեղ) մը։ Իսկ իր նախկին ստեղծագործութիւններուն մաս կը կազմեն՝ ամերիկայի նահատակեալ նախագահ Ճան Քենետին, Հարաւային Ափրիկէի առաջին սեւամորթ նախագահ Նելսըն Մանտելան եւ Ֆրանսիս Պապը, ի միջի այլ նշանաւոր դէմքերու։

Սակայն միակ անպատեհութիւնը նկարչական այս երեւոյթին այն է որ պէտք է վերէն դիտես համայնապատկերները, որպէսզի կարենաս լիովին ըմբոշխնել անոնց ստեղծագործական գեղեցկութիւնը։ Թերեւս պէտք է ուղղաթիռ մը վարձել եւ վերէն սաւառնելով՝ դիտել զանոնք . . .

Առ ի գիտութիւն նշեմ որ Տարիօ Կամպարինէ առաջ Աւստրիացի արուեստագէտ մըն ալ՝ Մէնֆրէտ Քլայնհօֆըև անունով, վարդ մը գծած է դաշտի մը վրայ որ կը գտնուի Էննս քաղաքի մօտերը։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ