Կիրակի, Հոկտեմբեր 6, 2024

Շաբաթաթերթ

Եւրոպական Միութեան Բարձր Պաշտօնատարներ Հետամուտ Են Բարելաւելու Փոխյարաբերութիւնները Թուրքիոյ Հետ

ՏԻԵԿՕ ՔՈՒՓՈԼՕ

Թարգմանութիւն՝ ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Կեդրոնանալով տնտեսական գործակցութեան, գաղթականութեան ու մարդկային իրաւունքներու օրակարգին վրայ, Եւրոպական Միութեան Յանձնաժողովի ատենապետ Ուրսուլա Վոն Տէր Լեյըն, եւ Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Չարլզ Միշելը, ձգտեցան բարելաւել Եւրոպական Միութիւն – Թուրքիա կապերը, Ապրիլ 6-ի իրենց հանդիպումի ընթացքին, Թուրքիոյ նախագահ Թայյիպ Էրտողանի հետ, Անքարայի մէջ։

Վերոյիշեալ բանագնացները, Պրիւքսէլի իրենց կեդրոնատեղիին մէջ, 2020 Մարտ 9-ին, նախապէս հանդիպում ունեցած էին արդէն նախագահ Էրտողանի հետ։ 2021, Ապրիլ 6-ի վերոյիշեալ հազուագիւտ հանդիպումին, եւրոպացի բանագնացները փորձեցին բարելաւել Եւրոպա – Թուրքիա յարաբերութիւնները, դրական այլ պայմանաւոր օրակարգով մը։

Հանդիպումէն ետք, եւրոպացի վերոյիշեալ բանագնացները լրագրողներուն յայտնեցին հետեւեալը.-

Եւրոպայի առաջարկները, եթէ արդիւնաւորուէին, կրնային խթանել առեւտուրը ու գաղթականներու հարցով գործակցութիւնը Եւրոպական Միութեան ու Թուրքիոյ միջեւ, թէեւ միաժամանակ իրենց մտահոգութիւնը յայտնելով մարդկային իրաւունքներու զարգացման նկատմամբ։

Վերոյիշեալ բանակցութիւնները կ՚ընթանան զուգահեռաբար, անցեալ ամիսէն իվեր, դրական օրակարգի վրայ Եւրոպական Միութեան գագաթի ժողովին, որ արձանագրած է Արեւելեան Միջերկրականի մէջ, լարուածութեան մեղմացում՝ Թուրքիոյ, Յունաստանի ու Կիպրոսի միջեւ, շրջանին մէջ բնական կազի արտահանման իրաւունքներու շուրջ. անցեալ տարուան վերջաւորութեան. Թուրքիա խուզարկում կատարող իր նաւերը քաշած էր վիճելի շրջանէն։

Եւրոպայի բանագնացներու մղիչ առաջարկները կը նախատեսէին բարելաւումը եւ արդիականացումը Եւրոպական Միութիւն – Թուրքիա մաքսային դրութեան։ «Եւրոպական Միութիւնը կը միտէր իրագործել նորաձեւական (innovative) ռազմավարութիւն մը Թուրքիոյ հետ՝ իր փոխյարաբերութեանց մէջ։ Այս կապակցութեամբ, եւ այլապէս, Յունիսին պիտի վերանայուէին Եւրոպա – Թուրքիա փոխյարաբերութիւնները»։

Եւրոպացի բանագնացները գովեցին աւելի քան 3.6 միլիոն գաղթականներու տեսչութիւնը Թուրքիոյ մէջ, միաժամանակ 2016-ի համաձայնագիրը ի զօրու պահելով։ Որոշ չէր, թէ յիշեալ համաձայնութիւնը պիտի երկարաձգուէ՞ր։ Սակայն, ըստ Չ. Միշէլի, Եւրոպական Միութիւնը արդէն շուտով պիտի ներկայացնէր առաջարկ մը, որ կը նախատեսէր ֆինանսական յատկացումին շարունակութիւնը՝ հիմնական ծառայութիւններու պահպանման համար, սուրիացի գաղթականներու կրթութեան եւ առողջապահութեան մարզերէն ներս, Թուրքիոյ, Յորդանանի ու Լիբանանի մէջ։

Վերոյիշեալ հանդիպումը կը պատահի, երբ Թուրքիոյ մէջ ռամկապետական սկզբունքները՝ յետադիմութեան, ու մարդկային իրաւունքները՝ տեղատուութեան մէջ են։ Թուրք օրէնսգէտները քուէարկած են Օմար Ֆարուք Կրկլը Օղլուի, քիւրտ Տեմոքրաթ Կուսակցութեան երեսփոխանական աթոռի իրաւասութեան յետակոչումին (revoke), շաբաթավերջին բանտարկելով, 2016-ին ահաբեկչական քարոզչութիւն տարածած ըլլալու ամբաստանութեամբ։

Այս զարգացումի վերջին ճնշումն էր քիւրտ տեմոքրաթական կուսակցութեան վրայ (HDP), պետական պաշտօնատարներու կողմէ, զայն ամբաստանելով՝ գործակցութիւն ունենալուն համար Քիւրտիստանի Բանուորական Կուսակցութեան (PKK) հետ. ամբաստանութիւն զոր մերժուած էր HDP-ի կողմէ։ Մարտ 17-ին, թուրք բարձր կարգի դատախազ մը, HDP-ին յղած է փակման ամբաստանագիր մը, որ սակայն Ապրիլ 1-ին մերժուած է ազգային սահմանադրական դատարանին կողմէ. թէեւ պարագան կրնայ դարձեալ վերանորոգուիլ մօտիկ ապագային։

Մինչ Թուրք դատախազութիւնը պէտք է ընդառաջէ Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանի որոշումներու կոչումին՝ անմիջապէս ազատ արձակելու HDP-ի աթոռակից, նախկին ատենապետ Սելահատտին Տեմիրթաշը, ինչպէս նաեւ՝ թուրք մարդասէր Օսման Քավալան, որոնք բանտարկուած են, ամբաստանուելով յաջորդաբար, տեռորիսթական գործունէութեամբ 2016 եւ 2017-ին։

Մարտ 20-ին, Էրտողան լոյս ընծայած է նախագահական հրամանագիր, որ Թուրքիան պիտի քաշուի Իսթանպուլի պայմանագրութենէն։ Այս մէկը Եւրոպական Դաշինք մըն էր, որ կը պաշտպանէր կիները բռնութեան դէմ, միաժամանակ հրաւիրելով միջազգային քննադատութիւններ, ու կը խթանէր կիներու բողոքները, պաշտպանելով անոնց իրաւունքները։ Ուրսուլա Լեյըն դատապարտեց Էրտողանի յիշեալ վերջին որոշումը, յայտնելով թէ այդ մասին վիճարկած էին Էրտողանի հետ, որ մարդկային իրաւունքները նախապատուութիւն պիտի ունենային Եւրոպա-Թուրքիա գործակցութեան ատեն։ Մինչդեռ վերջին դէպքերը կ՚արգելակէին անոնց ընթացքը»։ Անքարայի մէջ, Լեյլըն թղթակիցներուն յայտնեց.-

«Խորապէս մտահոգուած եմ Թուրքիոյ քաշուելով Իսթանպուլի Համաձայնութենէն, որ պիտի պաշտպանէր կիներն ու մանուկները բռնութենէ։ Այս մէկը յստակօրէն գէշ նշան է»։

Եւրոպայի վերոյիշեալ բարձր մակարդակի հանդիպումը զուգադիպեցաւ դատավարութեանը Իսթանպուլի մէջ լրագրող Մելիս Ալֆանի, որ կ՚ամպատանուէր լուսանկարի մը համար, ուր կը ցուցաբերուէր Տիարպեքիրի մէջ 2015-ի Նեւրոզի տօնակատարութիւնը, ուր կը տեսնուէին PKK-ի դրօշներ։ Ալֆան կրնայ դատապարտուիլ 7.5 տարի բանտարկութեան։ Անիկա մէկն է նուազագոյն 10 այլ լրագրողներէն, որոնք նոյնպէս, իրենց կարգին, դատավարութեան պիտի եթնարկուին յաջորդող շաբաթներուն։

Ապրիլ 2-ին, Reporters Without Borders խմբակցութիւնը, Ապրիլ 2-ին յայտարարեց, թէ Թուրքիոյ հակատեռոր օրէնքները կ՚օգտագործուին, վախցնելու լրաբերները, որպէսզի չոտնակոխեն պաշտօնական կեցուածքը քրտական հարցին կապացութեամբ։ Լրագրողներու վերոյիշեալ համախմբումը Թուրքիան դասած է 154-րդ՝ 180 երկիրներու մէջ, World Press Freedom Index-ին մէջ։

Եւրոպական գործերու Էլքանօ Թագաւորական Հիմնարկի վերլուծաբան, ու Գերմանիոյ Միջազգային Ապահովութեան Գործերու Հաստատութեան անդամ Իլքէ Թոյկուրի համաձայն, հաւանական է, որ Եւրոպական Խորհուրդը դրական օրակարգի վրայ պահէ Թուրքիոյ շրջանին մէջ մեղմացում մը։ Թէեւ, Եւրոպական Խորհրդարանը կրնայ խորհրդակցութեան առարկայ դարձնել, Անքարայի մարդկային իրաւունքներու ցուցանիշը ու ռամկապետութեան տեղատուութիւնը։

«Թէեւ Եւրոպական Խորհուրդը հետամուտ է լարուածութեան մեղմացման Արեւելեան Միջերկրականի մէջ, այս արեւելումը չի նշանակեր, որ միաժամանակ պատրաստակամ է թոյլատու գտնուելու նաեւ Թուրքիոյ անդամակցութեան պայմաններուն նկատմամբ։ Կողմերուն միջեւ գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւնները շատ կարեւոր կը դառնան, եթէ նկատի առնուի մաքսատան ընկերութեան արդիականացումը, որուն մասին Եւրոպական Միութիւնը ըսելիք ունի։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ