Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Նամակ Նախագահ Պայտընին

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն

Նամակ Նախագահ Պայտընին

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Հայ Դատի Խորհուրդը ցեղասպանութեան 106րդ տարելիցի կապակցութեամբ նամակ յղած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ ճոզեֆ Պայտընին, կոչ ընելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս յայտարարելու եւ նախագահական հանգամանքով ճանչնալու, ինչպէս նաեւ հաստատել 1915ին սկիզբ առած, Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ Հայ ժողովուրդի հանդէպ պետական ոճրագործութիւններու միջազգային վաւերականութիւնը եւ այն ճանչնալ որպէս Ցեղասպանութիւն։ Սպիտակ Տունը փոխադարձաբար արձագանգած է, պատասխանով որ նամակը օգտակար պիտի հանդիսանայ որպէսզի բարձրացուած հարցը աւելի լաւ ներկայացուի։

ՌԱԿի Հայ Դատի Խորհուրդի Ընդհանուր Քարտուղարն է հանրային գործիչ, պատմաբան ընկեր Արա Ահարոնեան, որ կը համակարգէ միջազգային կառոյց մը, բաղկացած՝ ՌԱԿ-ի շրջանակներէն ներգրաւուած գիտակից եւ արհեստավարժ խորհրդականներէ։ Հայ Դատի Խորհուրդի հիմնական գործարոյթներերն են կազմակերպել եւ հետապնդել պահանջատիրութեան ու Հայապահպանման աշխատանքները, որոնք նպատակադրուած պիտի ըլլան համալրելու ՌԱԿի համազգային ծրագիրներու իրագործման:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ