Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024

Շաբաթաթերթ

Մահախօսական Նորա Ազատեանի Մասին

Նորա Իփէկեան Ազատեան իր մահկանացուն կնքեց 29 Ապրիլին: Ան ծնած էր Աղեքսանդրիա, Եգիպտոս, ականաւոր նկարիչներու եւ մտաւորականներու ընտանիքի մէջ: Նորայի հայրական կողմէն ծանօթ են թատերական գործիչներ Գասպար Իփէկեանը եւ Արմէն Արմէնեանը: Մայրը ՝ Շաքէ Իփէկեան, դերասանուհի ու դաշնակահար էր, յեղափոխական պետական ​​գործիչ ու մտաւորական Միհրան Տամատեանի դուստրը: Ան չափազանց հպարտ էր հայ ազգային հերոս իր մեծ հօրմով:

Նորա Ազատեան իր կրթութիւնը ստացած էր Գահիրէի ֆրանսական Լիսէին մէջ եւ վերապատրաստուած էր, որպէս նկարիչ՝ Աշոտ Զoրեանի արուեստանոցին մէջ եւ վկայուած Ֆրանսայի Փարիզի ABC գեղարուեստի դպրոցէն: Ան արուեստ դասաւանդած է Գահիրէի ֆրանսիական Լիսէին եւ Գալուստեան դպրոցին մէջ: Հանգուցեալ տիկին Նորային ուսանողները մրցանակներ շահած են ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ուսանողական գեղարուեստական ​​մրցոյթներուն, Վարշավիոյ (Լեհաստան) եւ Շանքարի (Հնդկաստան) մէջ: Իր ուսանողներու շարքերէն միջազգային համբաւ ձեռք բերած է Շանթ Աւետիսեանը, որ արուեստի ուսանող էր Նորայի արուեստանոցին մէջ:

Նորան նաեւ արուեստի միջոցաւ հայոց պատմութիւն դասաւանդած է Միշիկընի Սաութֆիլտ քաղաքին մէջ գտնուող ՀԲԸՄ Ալեքս եւ Մարի Մանուկեան դպրոցին մէջ:

Ան ազգին ծառայած է նաեւ որպէս Թէքէեան Մշակութային Միութեան Տիթրոյթի մասնաճիւղի նախագահ, ուր ան ռահվիրաներէն կը հանդիսանայ ԹՄՄ-ի «Ուսուցիչ մը հովանաւորէ ծրագիր»-ին խթանման գործին`օգնելու համար Հայաստանի ուսուցիչներուն: Նորան հմուտ դերասանուհի էր: Ան գլխաւոր դերեր խաղցած է հայազգի եւ ֆրանսացի անուանի թատերագիրներու գործերուն մէջ: Հանգուցեալը, Վահան Թէքէեանի բանաստեղծութեանց ամենահմուտ մեկնաբանողն էր, նոյնինքն բանաստեղծին կողմէ ուսուցանուած:

Նորա Ազատեան Իփէքեան արուեստի գործերու ցուցահանդէսներ ունեցած է Եգիպտոսի, Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ, ներկայացնելով տպաւորապաշտ ոճի ջրաներկ եւ իւղաներկ գործեր: Նորան նաեւ անդամը եղած է Սաութֆիլտի Սուրբ Յովհաննէս հայկական եկեղեցւոյ կերպարուեստի վարչութեան:

Կրպես դաշնակահարուհի, իր սիրած մեծերն էին՝ Շոփէնը, Պեթհովէնը եւ Պախը:

Գահիրէի, Պոսթոնի եւ Տիթրոյթի մէջ գտնուող իր տուները կը ծառայէին նաեւ որպէս արուեստի սրահներ, ուր ան կը հիւրընկալէր նկարիչներ, օփերայի երգիչներ եւ գրողներ:

Նորայի կորուստը կը սգան իր ամուսինը՝ Երուանդ Ազատեանը եւ որդին՝ Ժերալտ Փափազեանը:

Վերջին տեսութիւն՝ Երեքշաբթի, Մայիս 2021-ի երեկոյեան ժամը 6:00-էն 8:00 Սուրբ Յովհաննէս հայկական եկեղեցիին մէջ:

Յուղարկաւորութիւն՝ 5 Մայիսի 2021-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին:

Փոխան ծաղկեպսակի կը խնդրուի նուիրատուութիւն կատարել՝Tekeyan Cultural Association, “Sponsor a Teacher Program” 755 Mt. Auburn St., Watertown, MA 02472.

Առցանց նուիրատուութեանց համար՝ https://givebutter.com/tekeyan-cultural-association-inc

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ