Ուրբաթ, Ապրիլ 19, 2024

Շաբաթաթերթ

Վախճանեցաւ Գերաշնորհ Տ. Գիւտ Արքեպիսկոպոս Նագաշեանը

Ֆրանսահայոց Առաջնորդարդանն ու Թեմական Խորհուրդը խորապէս վշտացած եւ սուգի մէջ են տեղեկանալու՝ Գերաշնորհ Տ. Գիւտ Արքեպիսկոպոս Նագաշեանի մահուան գուժին մասին:

Ֆրանսայի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ նախկին առաջնորդ, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան Եւրոպայի երկարամեայ Հայրապետական Պատուիրակ՝ Գերաշնորհ Սրբազան Հայրը անձնուէր եւ հաւատարմօրէն երկար տարիներ ծառայած է Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին: Թող Ամենակալն Աստուած ընկալէ յանգուցեալ սրբազանին իր Թագաւորութեան մէջ եւ առողջութիւն, ոյժ եւ համբերութիւն պարգեւէ իր ընտանիքին եւ մտերիմներուն:

Առաջնորդարանի գրասենեակը ձեզ յաւելեալ տեղեկութիւններ կը փոխանցէ, երբ անոնք մատչելի ելլլան:

Աստուած հոգին լուսաւորէ մեր սիրեցեալ Սրբազան Հօր:

Ֆրանսահայոց Առաջնորդարդան ու Թեմական Խորհուրդ
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ