Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Էրտողանի Նոր Առաջարկած «Վեցեակ»ին Մէջ՝ Վա՞խ Կայ

Տեսակէտ

ՄԵԹՐ Գ.ԱՍՊԱՐ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ

Վերջին տարիներուն, Էրտողանի գերաշխուժութեան եւ նորանոր արկածախնդրական-փորձառական փուչիկները ինքնավստահութեա՞ն հետեւանք են, թէ՞՝ բուն պատճառը՝ անդոհանքի, խուճապի կամ մեծ վախի մը խթանած շտապողականութիւնը եւ ջղագարութիւնը (ինչպէս օրինակ՝ յառաջիկայ ընտրութիւններուն AKP-ի մեծամասնական մնալու տարակոյսը, Թուրքիոյ հիմնադրութեան 100-ամեակին՝ իշխանութեան աթոռէն իր հաւանական բացակայութիւնը, կամ՝ Թուրքիոյ տարանջատումի վտանգին վերահասութիւնը…)։ Այս վախին առաջին երկու պատճառներուն վերացումին համար, Էրտողան մենատէրը՝ երկրի պետական վարչամեքենան եւ դատարաններն ու խորհրդարանը հակասահմանադրականօրէն կը գործածէ պառակտելու համար ընդդիմութիւնը եւ ապօրինի հռչակելու ընդդիմութեան մեծագոյն կուսակցութիւնը՝ HDP-ն եւ լուծարելով զայն։ Իսկ մեծ վախին տարանջատումի վտանգին պատճառին դէմ, հրապարակ նետած է փորձառական նոր փուչիկ մը, որ «վեցեակ»ի ստեղծման առաջարկն է. Թուրքիոյ, Ռուսաստանի, Իրանի, Վրաստանի, Ազրպէյճանի, Հայաստանի միջեւ՝ համակեցութեան, տնտեսական ու քաղաքական համագործակցութեան։

Ընդդիմութեան չէզոքացումը արդէն իսկ ընթացքի մէջ է. իսկ «վեցեակ»ի պատրանքը կը մնայ փորձառական փուչիկ մը։

Ա – ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԵԱՆ ՉԷԶՈՔԱՑՈՒՄԸ

Սուլթան Էրտողանի մեկուսացումը՝ ոչ միայն արտաքին ճակատի վրայ, այլ մանաւանդ ներքին (նոյնիսկ՝ AKP-ի նախկին ղեկավար կարկառուն դէմքերէն), յաւելեալ՝ տնտեսական նոր ճգնաժամը, AKP-ի կորուստները վերջին խորհրդարանական ու քաղաքապետական ընտրութիւններուն, իրեն համախոհ ու զինակից դարձուցած են միայն Տէվլէթ Պահչելիի MHP-ն, որուն հետ միասին ունին միայն 326 աթոռ, ինչ որ բաւարար չէ կազմելու խորհրդարանի 540 աթոռներու 2/3-ը՝ սահմանադրական փոփոխութիւններ կատարելու համար մինչեւ 2023 (Թուրքիոյ պետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակը), երբ Էրտողան կ՚ուզէ մնացած ըլլալ երկրի նախագահը, որպէսզի՝ շռնդալից կերպով, Աթաթուրքի հիմնած լայիք պետութիւնը հռչակէ իսլամական, սիրաշահելու համար իսլամները (ոչ միայն Կեդրոնական Ասիոյ, այլեւ՝ մասնաւորաբար Ռուսական Դաշնութեան եւ Ազրպէյճանի), ինչ որ կենսական է իր երազած փանթուրքական ծաւալապաշտական ծրագրին համար, որմէ չէ հրաժարած տակաւին եւ խլրդային աշխատանք կը տանի Կեդրոնական Ասիոյ մէջ «Թուրանի Բանակ» ստեղծելու համար։

Ուրեմն. ինչպէս փանթուրքական ծրագրի գործադրութեան համար անհրաժեշտ է ճամբէն վերացնել երկու Հայաստանները, նոյնպէս անհրաժեշտ է վերացնել ամբողջ ընդդիմադիր ճակատը, գլխաւորաբար՝ HDP-ն, որուն ծանրութեան կեդրոնը քիւրտ ժողովուրդն է, զայն ամբաստանելով որպէս PKK «ահաբեկչական» եւ անջատողական կազմակերպութեան զինակիցը…։

Իսկ HDP-ն, այն 8-րդ քրտական կուսակցութիւնն է, որ յաջորդած է նախորդ տարբեր անուններով 7 քրտական կուսակցութիւններուն (որոնք ապօրինի հռչակուած եւ լուծարուած են վերջին 27 տարիներուն երկայնքին), միշտ առաւել զօրանալով, եւ որ առաջին անգամ կրցաւ խորհրդարանի մէջ աթոռներ շահիլ վերջին ընտրութիւններուն՝ ստանալով 6 միլիոն ձայն (ձայներու 13%-ը)։ Իսկ այսօր HDP-ի ձայները կը գնահատուին 12 միլիոն (այսինքն՝ ձայներու 20%-ը)… ինչ որ կը նշանակէ, թէ HDP-ի պաշտօնական լուծարումի պարագային, պիտի կազմուի նոր քրտական կուսակցութիւն մը՝ միմիայն նորացուած անունով, բայց նոյն ձայներով։

Հետեւաբար, Էրտողանի այս խելացնոր քայլին դէմ ելոյթ ունեցան անոր բոլոր հակառակորդները (կուսակցութիւններ եւ անձնաւորութիւններ), եւ առաջին հերթին AKP-ի նախկին գլխաւոր ղեկավարները՝ Ահմէտ Տաւութօղլուն, Ապտալլա Կիւլը եւ Ալի Պապաճանը, որոնք կը գլխաւորեն երեք ընդդիմադիր կուսակցութիւններ։

Ահմէտ Տաւութօղլուն յայտարարեց. «Էրտողանի մտավախութիւնը PKK-ի ահաբեկչութիւնը չէ, այլ՝ ուրիշ բան։ Ան կ՚ապրի վախի իրավիճակ մը, որ տակաւ կ՚ընդլայնի, եւ իրեն տարակարծիք անձերը կ՚ուզէ հեռացնել քաղաքական դաշտէն։ Այս է Էրտողանի հին ֆաշական քաղաքականութիւնը, որուն զոհերէն մէկն ալ ես եմ…»։

Ալի Պապաճան ըսաւ. «Դեմոկրատիայի կիրարկումը կամ սրբագրումը չի կրնար քաղաքական հակառակորդներու ձերբակալութիւններով կատարուիլ, այլ միայն՝ անոր առաւել ամրապնդումով»։

Իսկ Ապտալլա Կիւլ. «DHP-ի պլոքի պետ Կերկերլիօղլուի երեսփոխական անձեռնմխելիութեան վերացումը եւ DHP-ի ապօրինի հռչակումը սխար ու ֆաշական արարք մըն է։ Կառավարութիւնը չի՞ տեսներ, որ այս միջոցառումները ոչ միայն անհեթեթ են, այլեւ՝ ծանրակշիռ բեռ մը իր իսկ ուսերուն վրայ…»։

Միւս կողմէ, «Ճումհուրիէթ» թերթի աշխատակից Հասան Ճեմալ գրեց. «Էրտողանի իշխանութիւնը ֆաշական է։ Այս միջոցառումները, եւ՝ AKP-ի երեսփոխաններուն յարձակումը DHP-ական երեսփոխաններուն վրայ եւ զանոնք խորհրդարանէն դուրս հանելու բարբարոսութիւնը մեզի յիշեցուց 1994 թուին տեղի ունեցած նոյն այս ֆաշական տեսարանը, երբ ոստիկանները՝ խորհրդարանէն դուրս ելլող քիւրտ երեսփոխանները (ներառեալ՝ հերոսուհի Լէյլա Զէնան) ծոծրակներէն ձերբակալելով բանտ կը տանէին։ Այս արարքները մահացու հարուած մըն են՝ քաղաքացիներու կամքին, դեմոկրատիային եւ մարդու իրաւանց։ Ինչպէ՞ս կարելի է, որ պետութիւնը ջնջէ անձեռնմխելիութիւնը եւ փակէ կուսակցութիւն մը, որ ստացած է վեց միլիոն քաղաքացիներու վստահութիւնը։ Ասիկա մեծ հարուած մըն է խորհրդարանին՝ Էրտողանի իշխանութեան օրով, որ ֆաշական է»։

Յաջորդ օրը եւս, նոյն գրողը գրած է. «Արդեօք քիւրտերուն դէմ այս զուլումը կրցա՞ւ դեմոկրատիա բերել, կամ՝ խաղաղութիւն, կայունութիւն եւ ընկերային արդարութիւն երկրին։ Էրտողանի օրով, DHP-ի փակումով, երկար ժամանակէ ի վեր երկիրը վերածուած չէ՞ քաղաքական կուսակցութիւններու մեծ բանտի մը…»։

Եւ՝ PKK-ի «Ենի Էօզկիւր Փոլիթիքա» թերթը գրեց. «Ճիշդ 27 տարիներէ ի վեր Ընդհանուր Դատախազութիւնը իլլեկալ կը հռչակէ քրտական կուսակցութիւն մը, որուն կը յաջորդէ նոյնպէս քրտական կուսակցութիւն մը, այս անգամ՝ նոր անունով մը։ Ահա հիմա՝ 8-ն անգամներ ըլլալով։ DHP-ն 8-րդն է, որ հիմնուեցաւ 2012 թուին եւ յաջողեցաւ խորհրդարան հասնիլ 2015 թուին, 7 Յունիսի ընտրութիւններուն՝ ստացած ըլլալով ձայներու ընդհանուր թիւին 13%-ը, տիրանալով 80 երեսփոխանական աթոռի։ Ապա այսօր՝ երբ HDP-ն կ՚ենթարկուի փակումի հարուածին, որպէսզի AKP-ն վերաշահի իրեն պակսող մի քանի տասնեակ աթոռները (24-30), DHP-ի Կեդրոնական Կոմիտէի նախագահը յայտարարեց, թէ՝ HDP-ի երէկի 6 միլիոն ձայները հասած են 12 միլիոնի, որ նոր անունով մը քրտական կուսակցութեան պիտի կարենայ տալ ձայներու ընդհանուր թիւին 20%-ը, հակառակ հետեւողական հալածանքներուն, որոնք առաւել եւս զօրացուցին HDP-ն։ Ապագան HDP-ին կը պատկանի. ՈՉ՝ Էրտողանին…»։

Բ – «ՎԵՑԵԱԿ»Ի ՓՈՐՁԱՌԱԿԱՆ ՓՈՒՉԻԿԸ

Սուլթան Էրտողան՝ քաջ գիտնալով, որ ապագան Էրտողանիզմին չէ, այլ՝ HDP-ին, եւ՝ Թուրքիոյ տարանջատումը ուրեմն իրական վտանգ մըն է, DHP-ի գալիք յաղթանակով, այն պատրանքը ունի թէ՝ «վեցեակ»ը կրնայ կանխարգիլել տարանջատումը, եւ՝ երաշխաւորել Թուրքիոյ տարածքային միասնութիւնը միւս 5 երկիրներու ծածկոյթին շնորհիւ…։ Սակայն, այդ 5 երկիրներէն 4-ը (Ռուսաստան, Իրան, Հայաստան եւ Վրաստան) ոչ միայն թշնամի են Էրտողանին (այլ խօսքով՝ Փանթուրքիզմի Ծրագրին), այլեւ՝ յանձնառու չեն Թուրքիոյ տարածքային միասնութեան պաշտպանութեան։ Էրտողան՝ այս իրողութեանց ալ քաջ ծանօթ է։ Այդուհանդերձ, ան կը դիմէ այս փորձառական փուչիկին։ Գոնէ մէկ-երկու տարիներ, այս փուչիկով կարենալ երկարաձգելու համար իր իշխանութիւնը, կարծելով որ իր այս արտաքնապէս խաղաղասիրական ու կառուցողական առաջարկով կրնայ գէթ շրջան մը խաբել 4 երկիրներու ղեկավարները։ Ասիկա պատրանք մըն է, ինքնախաբէութիւն մը, կամ՝ մտամոլորանք (hallucination), որ հետեւանքն է Էրտողանի մեծամտախտին, որուն հետեւանքով կ՚ենթադրէ, թէ իր այս առաջարկը աւելի բարձր մրցանիշ մըն է քան Փութինի ծրագիրը՝ Անդրկովկասի ժողովուրդներուն միջեւ համակեցութիւն ստեղծելու, քանի որ իր առաջարկած «վեցեակ»ը աւելի ընդարձակ տարածութիւն ունի…։

Կարճ խօսքով՝ Էրտողանի առաջարկը յուսահատած մեծամտամոլ բռնատէրի մը ցանկատեսութիւնն է. պատրանք մը լոկ, քմշանկար մը սոսկ…։ Որովհետեւ՝ ան այլեւս չի կրնար անդրադառնալ ու տեսնել որ մեծ հակասութիւն մը կայ իր առաջարկին եւ իր խլրդային ջանքերուն՝ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ «Թուրանի Բանակ»ի ստեղծումին միջեւ, որոնց մէկը՝ միւսը անկարելի կը դարձնէ։

Հաւկուրացած բռնատէրը չի տեսներ նաեւ, որ այսօր ժամանակավրէպ դարձած է «Թուրանի Բանակ»ը, որովհետեւ Փանթուրքիզմի Ծրագիրը ներկայ բազմաբեւեռ աշխարհակարգին մէջ, հովանաւորելու դէպի Արեւելք ծաւալելու նկրտումն ու կարողութիւնը ունեցող իմփերիալիստական պետութիւն մը չէ մնացած նահանջող Արեւմուտքին մէջ, առանց որուն՝ Ռուսաստան, Իրան, Չինաստան հակափանթուրք ճակատին հետ, տարանջատումի վախը ապրող Թուրքիան անկարող է ճակատելու։ Թուրքիոյ յառաջիկայ ընտրութիւններու արդիւնքը հարցական պիտի դարձնէ Էրտողանի մնալը իշխանութեան աթոռին վրայ՝ DHP-ի յառաջխաղացքին հետեւանքով։ (Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարը մամլոյ ասուլիս մը տուաւ, բացայայտելով Էրտողանի խլրդային ջանքերը «Թուրանի Բանակ» ստեղծելու։ Ան առաջին ազդարարութիւնը կատարեց Էրտողանին, հարցնելով թէ որո՞ւ դէմ է այս բանակը…)։

Ամենայնդէպս, Էրտողանի «վեցեակ»ի փորձառական փուչիկի առաջարկը՝ առնուազն խիստ կանխահաս ու հիմքէ զուրկ է, Էրտողանի իշխանութեան օրով, եւ ոչ մէկ աղերս ունի Անդրկովկասի երեք ժողովուրդներու համակեցութեան առաջադրանքին հետ, զոր կը հետապնդէ Փութին՝ Անդրկովկասի մէջ կայունութիւն եւ մշտատեւ խաղաղութիւն հաստատելու նպատակով, որ թելադրանքն է Ռուսաստանի ազգային ռազմական անվտանգութեան հայեցակարգին, ըստ որուն Անդրկովկասը Ռուսաստանի ազգային անվտանգութեան մէկ գօտին է։

Էրտողանի «վեցեակ»ի առաջարկը կրնար առաջադրուիլ, օրինակ՝ այն պարագային միայն, երբ Էրտողանի իշխանութիւնը վաղը փոխարինուէր DHP-ի ծրագիրը որդեգրող իշխանութեամբ մը։ DHP-ի ծրագիրը նպատակ ունի Թուրքիան վերածել անոր բնիկ բոլոր ժողովուրդներուն Դեմոկրատական Համադաշնակցութեան մը, վերջ դնելով Փոքր Ասիոյ զաւթումին՝ Կեդրոնական Ասիայէն ներխուժած օսմանցի թուրքերուն կողմէ, Փոքր Ասիոյ բնիկ ժողովուրդներուն վերադարձնելով անոնց հայրենիքներուն մէկ մասը գէթ (ծագումով իսկապէս թուրք – ոչ կրօնափոխ այլազգի – ու դեմոկրատիան ընդունած քաղաքացիներուն ալ տալով իրաւունք՝ Համադաշնակցութեան անդամակցելու)։

Նահատակ Հրանդ Տինք, երբ կը խօսէր Թուրքիոյ դեմոկրատականացումին մասին, նկատի ունէր այս Դեմոկրատական Համադաշնակցութիւնը, որ իսլամացած, քրտացած ու թրքացած հայերը կրնար վերադարձնել Հայութեան, եւ բոլոր բնիկ ժողովուրդներուն միջեւ կրնար ստեղծել խաղաղ համակեցութիւնը, զանոնք ի սպառ ազատագրելով թրքական բռնատիրութենէն…։

Առաջին ակնարկով, «Դեմոկրատական Համադաշնակցութեան» այս ծրագիրը կրնայ խորթ թուիլ մեզմէ շատ շատերուն համար։ Սակայն, անհրաժեշտ է, որ մենք փորձենք լրջօրէն եւ առարկայականօրէն քննել զայն եւ մտածել անոր գործադրութեան եղանակներու լաւագոյն մշակումին մասին, նկատի ունենալով՝ իսլամացած, քրտացած ու թրքացած հայերու պարագան, որոնք, ըստ Ալվրցեանի գնահատումին, կը կազմեն շուրջ 4 միլիոն հայեր… եւ՝ Տարագիր Արեւմտահայութեան պարագան։ Քանի որ, մենք անկարող ենք Փոքր Ասիան վերադարձնելու նախաբիւզանդական եւ նախաօսմանական իրավիճակին… աւելի քան 15-18 դար ետք. եւ նոյնիսկ՝ աւելի քան դար մը ետք, նախաեղեռնեան իրավիճակին՝ Արեւմտահայաստանի զանգուածային հայաթափումին եւ Արեւմտահայութեան զանգուածային տեղահանութեան պատճառով… երբ մենք նոյնիսկ չկարողացանք ոչ միայն ձեռնարկել, այլեւ՝ կազմակերպել Տարագիր Արեւմտահայութեան Համասփիւռքեան Քոնկրէսը, մեր քրոնիկ անմիաբանութեան պատճառով՝ մեր հին նախարարական տուներու օրերէն…։ Արդեօք որո՞նք են մեր հի՜ն անմիաբանութեան պատճառները կամ գլխաւոր պատճառը։ Արդեօ՞ք Գառնիկ Կիւզէլեանի անաւարտ եւ անտիպ «Ինչո՞ւ Բնաւեր Եղանք» խորագրով երկին մէջ կրնայինք գտնել այս մղկտող հարցումին ճիշդ պատասխանը, ճիշդ ախտաճանաչումը…։

Այս է պատմական եւ ժամանակակից դառն իրականութիւնը, որուն պատասխանատուն վստահաբար մենք եղած ենք (ուրիշներէ, օտարներէ առաջ…) մեր ուրիշներու ապաւինելու յոռի եւ անվայել ունակութեան հետեւանքով…։ Ժողովուրդ մը՝ գոյատեւելու համար, պարտի տիրութիւն ընել ինքն իր վրայ։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ