Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Նոր Հրատարակութիւններ

Պատրաստեց` ԳԷՈՐԳ ԵԱԶԸՃԵԱՆ

– Աքչամ Թաներ, «Հայկական ցեղասպանութեան համառօտ պատմութիւնը», «Արաս» հրատարակչութիւն, Սթամպուլ, ապրիլ 2021, 192 էջ (13 x 19,5 սմ.) (թրքերէն):

– Իսկահատեան Յարութիւն (պատրաստեց), «Վկայարան Հայկական ցեղասպանութեան – Թ. գիրք», հեղինակային հրատարակութիւն, Երեւան, 2021, 316 էջ (16,9 x 24,1 սմ.) (Հայոց ցեղասպանութեան մասին լոյս տեսած կամ այդպիսի հատուածներ պարունակող գիրքերու բովանդակութեան ամփոփումներ, քանի մը առնչակից նիւթեր, յուշագիրքերու կողքերու լուսանկարներ, անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկեր):

– Լեռ Կամսար, «Մարդը գործին մէջէն», խմբագիր՝ Յարութիւն Քիւրքճեան, «Արաս» հրատարակչութիւն, Սթամպուլ, մարտ 2021, 480 էջ (15 x 21 սմ.) (հատընտիր էջեր մեծ երգիծաբանի գրութիւններէն):

– (Խումբ մը պատմաբան հեղինակներ), «Սեւրի պայմանագիրն ու ԱՄՆ նախագահ Ու. Ուիլսոնի իրաւարար վճիռը – Քննական հայեացք 100-ամեայ հեռաւորութիւնից», «Վէմ» մատենաշար թիւ 2, խմբագիր՝ Գէորգ Խուդինեան, Երեւան, 2020, 252 էջ (յօդուածներու ժողովածու):

– «Հայերի փրկութեան գործը Մերձաւոր Արեւելքում 1915-1923 թթ. – Միջազգային գիտաժողովի նիւթերի ժողովածու», Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ հիմնադրամի հրատարակչութիւն, խմբագիրներ՝ Յարութիւն Մարութեան եւ Նարինէ Մարգարեան, «Ոսկան Երեւանցի» տպագրատուն, Երեւան, 2020, 440 էջ + 16 էջ ներդիր (16,7 x 24 սմ.) (ՀՑԹՀ-ի մէջ 8-9 նոյեմբեր 2019-ին տեղի ունեցած միջազգային գիտաժողովի զեկուցումներու ժողովածու, հայերէն, անգլերէն եւ ռուսերէն ամփոփումներ, տեղեկութիւններ զեկուցողներու մասին, անձերու, վայրերու, դէպքերու եւ փաստաթուղթերու բազմաթիւ սեւ-ճերմակ լուսանկարներ): Հրատարակութեան երաշխաւորած է ՀՑԹՀ հիմնադրամի գիտական խորհուրդը, տպագրուած է Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան նիւթական միջոցներով:

– «Մուշեղ Իշխան – Միջազգային գիտաժողովի զեկոյցներ», կազմողներ՝ Ռուզան Առաքելեան եւ Նաիրա Նահապետեան, խմբագիր՝ Դաւիթ Գասպարեան, անգլերէն շարադրանքներու խմբագիր՝ Մարինէ Կիրակոսեան, հրատարակիչ՝ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւն, «Տիգրան Մեծ» հրատարակչութեան տպարան, Երեւան, ապրիլ 2021, 240 էջ (14,5 x 20 սմ.) («Համազգային»ի եւ Երեւանի պետական համալսարանի նախաձեռնութեամբ 8 հոկտեմբեր 2019-ին Ե. Պ. Հ.ի մէջ տեղի ունեցած միջազգային գիտաժողովին նիւթերը): Հրատարակուած է «Մուշեղ Իշխան» միջազգային գիտաժողովի կազմկոմիտէի երաշխաւորութեամբ:

– Մուրատեան Խաչիկ, «Դիմադրութեան ցանցը – Հայկական ցեղասպանութիւնը եւ մարդասիրութիւնը օսմանեան Սուրիոյ մէջ, 1915-1918», Միչիկընի նահանգային համալսարանի հրատարակչութիւն, Ա. Մ. Ն., 1 յունուար 2021, 262 էջ (անգլերէն):

– Սադոյեան Վիքթորիա, «Ընդհանրութիւնները «Սասունցի Դաւիթ» պոէմի եւ սերպական դիւցազնավէպի միջեւ. Թեմայի ուսուցումը աւագ դպրոցում», հեղինակային հրատարակութիւն, Երեւան, 2021, 68 էջ (14,5 x 20,5 սմ.): Գրքոյկը լոյս տեսած է Խաչատուր Աբովեանի անուան Հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի Հայ հին եւ միջնադարեան գրականութեան եւ նրա դասաւանդման մեթոտիքայի ամպիոնի երաշխաւորութեամբ:

– Սավելսպերկ Եոաքիմ, «Իմանալ ցեղասպանութեան մասին – Հայկական տանջուածութիւնն ու նամակային պայքարները», Գալիֆորնիոյ համալսարանի հրատարակչութիւն, Ա. Մ. Ն., 2021 (15,1 x 22,6 սմ.) (անգլերէն):

– Օհանեան Վահան ծայրագոյն վարդապետ եւ Քեթիպեան Արա (կազմողներ եւ խմբագիրներ), «Հայոց ցեղասպանութիւնը. Նախերգանքը եւ յետագան ինչպէս տեղեկագրուած է Ա. Մ. Ն.ի մամուլին մէջ – Տը Ուաշինկթըն Փոսթ», Ա. եւ Բ. հատորներ, Մխիթարեան հրատարակչութիւն, Երեւան, 2021 («Տը Ուաշինկթըն Փոսթ» թերթի 1890-1922 ժամանակաշրջանի թիւերուն մէջ հայոց եղեռնին մասին լոյս տեսած հազարաւոր հրապարակումներու շարադրանքները) (անգլերէն): 

Ճշդում.- Այս շարքի նախորդ ցանկի վերջաւորութեան, Ումիթ Քուրթի նոր հրատարակուած գիրքի մատենագիտական տուեալներուն մէջ սխալ մը թոյլ տրուած է. Հարվըրտի համալսարանի հրատարակչութեան վայր նշուած է Նիւ Եորքը: Ճիշդն է՝ Ա. Մ. Ն.ի Մեսեչուսէցի նահանգի Գեմպրիճ քաղաքը:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ